Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ֆուրթունան իմ դրացիս էր Գանտիլլի բնակած տարիս. հին ու փտած մակոյկը որուն մէջ կը թիավարէր օրն ի բուն, գիշերները մեր քովի ծովեզերքը կը պահէր։

Մարդ ու մարդասանք չունէր. ընկեցիկ մէկն էր գեղին մէջ. ամառը՝ բաց օդին ու ձմեռը՝ հաստ պատի մը կողին մէջ բացուած պատուհանաձեւ խորշը կը քնանար ամեն իրիկուն, երբ գինետունէն, օրուան վաստակը վճարելէ ետքը, դուրս ընէին զինքը. առանց տրտնջալու, խանութպանին անվիճելի իրաւունքը ճանչցողի մը պէս կը հնազանդէր, դիմացինը ամչցնելով գրեթէ իրեն դէմ ցոյց տրուած խստութեանը համար, ու պատէ պատ, քարէ քար զարնուելով, իր տեղը, իր ողորմելի խշտեակը կը գտնէր միշտ։

Օղին իր միակ մոլութիւնն էր, իր միակ ըմբռնումը կեանքի, իր միակ իմաստասիրութիւնը. որքա՞ն ատենէ ի վեր կը խմէր այս մարդը. ոչ ոք պիտի կրնար ճշդիւ զուրցել. բայց իր կարմրած ու թմթրկած այտերէն, իր միշտ կիսափակ ու նուաղած աչքերէն, իր երերուն ու օրօրուող քալուածքէն դատելով, որուն մէջ յաւիտենական գինովը ու ծովի վրայ մեծցող նաւաստին իրար կ՚ամբողջացնէին, նոր բան մը ըլլալու չէր։ Հագուստ չունէր. իր գրգլեակը մարած, նուաղած, մեռած երանգներու խառնուրդ մըն էր, աղքատութեան ծիրանի գօտին, զոր Նեւտոն չէր գտած դեռ։ Անհամար կարկտաններու հակառակ՝ արմուկները դուրսն էին միշտ, եւ չգոցուող կուրծքէն, լանջը՝ ուռած, կախուած գորշ մսակոյտ մը՝ աչքի կը զարնէր, արգահատանք կը հրաւիրէր այս մարդուն վրայ։