Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ատենով էն վայելչասէր նաւավարն էր, մէկը անոնցմէ որոնք անգիտակից արուեստագէտի մը ճաշակը ցոյց կուտան իրենց ռամիկ գործին մէջն ալ. անարատ պիւրինճիկ շապիկով, կապոյտ թաւիշէ պզտիկ բաճկոնակով, ձիւնսպիտակ մաքուր շալվարով կը պտըտէր միշտ. իր նաւակը, նուրբ հիւծախտաւոր տոհմիկ աղջկան մը նրբութեամբ, սրընթաց նետի մը աշխոյժը ունէր. կը դողար, կը գուրգուրար այս նաւակին վրայ, կը շոյէր կը սիրէր զայն զաւկի մը պէս. յաճախորդները կը գանգատէին այն չափազանց զգուշութենէն, զոր իրենցմէ նաւավարը կը պահանջէր, կոխած կամ նստած ատեննին. ինքզինքը կ՚արդարացնէր. գիտէր որ մէյ մըն ալ ասանկ ձեւաւոր նաւակ մը չպիտի կրնար շինել տալ։ Ո՛չ. ասիկա մասնաւոր շնորհք մը ունէր, անբացատրելի բան մը. իր տեսակին կատարելութիւնն էր. օր չէր ըլլար որ տախտակները չսրբէր, արոյրէ կազմածքը չմաքրէր, չփայլեցնէր ոսկիի պէս։

Գէշ օդերուն, անձրեւին, ծովը չէր իջեցներ. ագահի մը՝ հարստութեան համար ունեցած սէրը ու տառապանքը ունէր ինքն ալ։

Այն ատեն երիտասարդ մըն էր. նշանուած էր ու պիտի ամուսնանար. երեւակայեցէք նաւավար Էտմօն Տանթէս մը։