Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ամառ օր մը, Պէշիկթաշի առջեւ փոթորիկի բռնուեցաւ. յանկարծուստ պայթող մրրիկ մըն էր, սեւ թաթառի մը պէս խոյանալով իր վրայ։ Միս մինակ էր ծովուն բացը. իր անձին չմտածեց այնքան որքան իր խեղճ նաւակին. շփոթեցաւ, կորսուեցաւ. ու երբ ողողող աղի ջուրերէն դուրս հանեցին զինքը, իր պրկուած ձեռքին մէջ թի մը կար, վերջին բեկորը իր ընկղմած նաւակին։ Երբոր խելքը գլուխը եկաւ, չհաւտաց, փնտռելու ելաւ, անկարելի էր որ անհետ կորած ըլլար իր նաւակը. տեղ մըն էր պահուած ուր պիտի երթար գտնէր զայն, մաքուր, փայլուն կազմածքովը, ժպտուն հարսի մը պէս։

Յետոյ հարկ եղաւ համոզուիլ. բայց անկէ վերջը երեսը չխնդաց. իր կսկիծը ճշմարիտ սուգի մը համեմատութիւնները առաւ. ետ ձգեց հարսնիքը, ու ատեն մը չաշխատեցաւ։

Յաջորդ ամառ նոր մը շինել տալու ձեռնարկեց ու շինուածին չհաւնեցաւ. ետ ձգեց՝ ուրիշ մը ապսպրելու համար ու անկէ ալ գոհ չեղաւ. իր նաւակին ճիշդ նմանը կը պահանջէր, չափը կուտար, ձեւը կը բացատրէր. բայց ո՛չ. էն վարպետները այդ անանուն փափկութիւնը անգամ մըն ալ չյաջողեցան տալ։ Ու իր հաւաքած դրամները այսպէսով վատնեց. քիչ մըն ալ գինետունները սկսաւ երթալ, օղիին, այս լուռ խօսակցին, իր ուզածը, իր բացատրել չկրցած խնդիրքը հասկցնելու։