Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մարտիրոս աղա անկէ վերջը իր բարերարը նկատեց ննջեցեալը. թող չտուաւ որ մէկը գէշ ըսէ անոր վրայ. միթէ այս մեծ հարստութիւնը անոր չէ՞ր պարտեր. ո՛չ, ապերախտ մարդ չէր. յետոյ այդ աւանդը իւրացնելու համար խորհեցաւ ամիսներով. նախ ըսաւ որ իրաւունք չունէր ուրիշին ինչքը գողնալու. վերջը ինքնիրեն հարցուց թէ ինչո՞ւ Աստուած իրեն յանձնել տուաւ այդ աւանդը եւ ոչ ուրիշի մը. այս հարցումը իր տարակոյսները վանեց. Աստուած այս առիթը կը ներկայացնէր իրեն հարստանալու համար, եւ ինք` իբրեւ խելացի մարդ` առիթէն օգուտ կը քաղէր, մինչդեռ անխելք մը այդ բանը չպիտի մտածէր. այսպէս բացատրեց Աստուծոյ կամքը եւ ճշմարիտ գոհունակութեամբ մը աւելցուց.

Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի:

Անդին` ննջեցեալին ազգականները կարօտութեան, չքաւորութեան մէջ կը մնային. անոր այրին Մարտիրոս աղային կը դիմէր պզտիկ օգնութիւն մը հայցելու համար, իբրեւ իր ամուսնին սրտակից բարեկամէն:

Մարտիրոս աղա չզլացաւ այդ օգնութիւնը, բայց այս դիմումը իր տարակոյսները նորէն արթնցուց. պահ մը խորհեցաւ որ ըրածը ճշմարիտ գողութիւն մըն էր. բայց ո՞ր մեղքը թողութիւն չստանար եթէ մարդս մեղայի գայ. ու այս յոյսով, սարաֆը թախանձագին ներում մը խնդրեց.

Մեղա՜յ Տէր:

Պահ մըն ալ ըսաւ որ ազգականներուն դրամը տայ բայց ազգին դրամը պահէ. ի՞նչ է վերջապէս ազգին դրամը. չէ՞ մի որ ուրիշ մը պիտի ուտէր:

Այս վարանումներով կը պահէր, այսինքն կը գործածէր ստակը որ իր ճարպիկ ձեռքերուն մէջ արդիւնաբեր կը դառնար, բարեբախտ դէպքերով կը կրկնապատկուէր, այնքան որ այս յաջողութիւնը իր գողութեան արդարացումը կ՚ըլլար եւ իր զղջման ընդունելի եղած ըլլալուն ապացոյց, զղջում մը զոր սովոր էր ա՛լ յայտնելու ամեն առթիւ, խորունկ հաւատքի ձայնով մը.

Մեղա՜յ Տէր: