Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Իր թեկնածուներուն մէջ զարտուղութիւն մը եղաւ բանաստեղծը իր առատ ու դպրոցականի մը երկուքի ճեղքուած, սանտրուած մազերովը։ Երիտասարդը իր իտէալի հակամէտ տրամադրութեամբը բոլորովին վերացական հեշտութեամբ մը կը համակուէր իր քովը. եւ այս դրական կինը երազացնոր հրեշտակի մը կերպերը կ՚զգենուր. իր սրահին մէջ անկիւն մը, գլուխ գլխի, անոր ուսին վրայ հակելով իր ժպտուն դէմքը, կարմիր լուսագելին տակէն արձակուող մեղմ նշոյլներուն մէջ, Տիկին Յովսէփեան բանաստեղծին կ՚ունկնդրէր։

Անդին կը փսփսային հիւրերը, դժգոհ այս բացառիկ շնորհէն զոր նորեկը կը վայելէր, բայց կ՚ստիպուէին տեղի տալ, գիտնալով որ տիկնոջ այս հովուերգութիւնը չէր կրնար շարունակիլ։

Յետոյ այս ուսուցիչ սիրահարին անունը կը տարածուէր բերնէ բերան, տունէ տուն. կը քննադատէին, կը գովէին, կը խնդային. ի՜նչ բաղդաւոր էր այս երգիչը իր քնացուցիչ քերթուածներովը. յայտնի էր որ Տիկին Յովսէփեանին ճակատագիրն էր թմրեցուցիչներու մէջ տարուբերիլը. այս դիտողութիւնը կը ծափահարուէր այն տուներուն մէջ որոնց տիրուհիները չէին երբեք հանդուրժեր անոր գերազանցութեանը։

Նարդիկ թող կուտար որ ըսէին. ներքին գոհունակութիւն մը կ՚ունենար լսելով իր հանած աղմուկին արձագանգը. այո՛, բանաստեղծ մը կը սիրէր որ գեղեցիկ երիտասարդ մը ըլլալու առաւելութիւնը ունէր. ճշմարիտ ու անկեղծ սէր մը փնտռած ու գտած էր։

Երիտասարդը միայն շուարած կը մնար իր անակնկալ յաջողութեան առջեւ. իր ձեռքն էր ամեն գոհացում ստանալ. զօրապետներ կան որոնք իրենց տարած յաղթութեան օգուտը քաղել չեն գիտեր, ուսուցիչը անոնցմէ էր։

Երջանիկ էր հիմա Տիկին Յովսէփեանի սրահին մէջ. այս ճոխութիւնը, փակ վարագոյրները, աթոռներու կակուղ կերպասը, ամեն ինչ մեղկութեան ու երանութեան կոչում կ՚ընէին իրեն. եւ այս ամենուն մէջ հեշտաբոյր հոտ մը, տիրուհիին հոտը կուգար իր ատեն ատեն սպասելու համար անցուցած ժամանակը մոռցնելու. յետոյ դռնէն կ՚երեւար Տիկինը՝ միշտ թարմ, միշտ նոր հրապոյրով. դերերը կը փոխուէին. ուսուցիչը աշակերտ կը դառնար։ Ու յանկարծ քմահաճոյք մը կ՚ունենար, երիտասարդը իր ճաշակովը հագուեցնելու կ՚ելլէր, հրահանգներ կուտար զգեստներուն համար, փողկապի ու շապիկի համար Քէօնի վաճառատունը կը յանձնարարէր, եւ ութ օր վերջը երիտասարդը կուգար իր նոր հագուստներով, զորս վայելչապէս կը կրէր, եւ որոնց համար, ատենով Քռէտի Լիօնէի քով ձգած ստակէն՝ շունչ ու կեանք սպասելով հաւաքած դրամէն՝ մաս մը ետ առնելու ստիպուած էր։

Երբեմն Տիկինը թատրոն կ՚երթար եւ կը փափաքէր որ հոն գտնուէր ինքն ալ. կը հնազանդէր. ու այսպէս քիչ քիչ կը պարտաւորուէր յանձնառու ըլլալ այն անվերջ ծախքերուն որոնք այս կերպ կեանքի մը պէտք են. իր գաւառացիի խնայող սովորութիւնը կը բողոքէր այս ընթացքին դէմ. դրամի ու կնոջ սէրը կը մաքառէին իր մտքին մէջ. կամաց կամաց թողած էր իր բոլոր դասերը. սիրոյ ժամադրութիւններուն պատճառաւ ոչ մէկ տեղ կրցած էր կանոնաւորապէս շարունակել իր պաշտօնը. հոգը չէր. Տիկին Յովսէփեանի մէկ ժպիտը. մէկ ձեռքի սեղմումը կը փոխարինէր այս կորուստը. բայց Քռէտի Լիօնէի ստակը կը հատնէր ծաղկեփունջերու ու պզտիկ նուէրներու յատկանալով, վասն զի հիմա գիտէր այս աշխարհիկ սովորութիւնները. միայն թէ այս ամենուն եզրակացութիւնը կ՚ուշանար եւ Տիկին Յովսէփեան կը ձանձրանար։