Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Քիչ քիչ ճշմարիտ գայթակղութեան մը համեմատութիւնները առաւ այս տարփանքը: Կապիկը կը նախանձէր եւ սուր ակռաները կը կճրտեցնէր Մարիղօին մօտեցող ու խօսող էրիկ մարդոց դէմ: Իր փոքրիկ բանտին վիզին փակչող նուրբ բայց անփշրելի շղթային արտօնածին չափ` ցասմնակոծ ատելութիւն մը կը յայտնէր իր բոլոր ոսոխներուն դէմ եւ վախ կ՚ազդէր: Այնքան որ յոյն սպասուհին, իր կանացի բնազդովը, այս կաշկանդուած անասունին վրայ առաջ բերած տպաւորութենէն կ՚ամչնար, կը պահուըտէր, եւ միւս ծառաները կը տանէին կերակուրը, որուն, կապիկը սրդողած հիմա, հազիւ կը դպցնէր իր շրթունքը. եւ այսպէս օրերով իր զրկանքը այնքան յօժարութեամբ յանձն կ՚առնէր որ տէրը անոր անօթութենէ մեռնելէն կը վախնար:

Իր խօլ խաղերը, իր յիմար ոստումները դադրեր էին. ժամերով անկիւն մը սմքած կը կենար ան որ հանգիստ ու դադար չէր գիտեր: Միայն` երբոր աղջիկը դիպուածով անցնէր իր վանդակին քովէն, անսահման բերկրանքի խանդով մը կը ցատկէր տեղէն, կը քաշէր շղթան, կը դառնար, կ՚ելեւէջէր իր փոքրիկ տնակին մէջ:

Օր մըն ալ Մարիղօն ձգեց գնաց բոլորովին եւ փոքրիկ կենդանին ալ ի զուր սպասեց տեսնել` իր կապուած, գամուած անկիւնէն` զգացուած էակը, վայելքի պատկերը որուն իրաւունք ունենալ կը կարծէր: