Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թղթախաղերուս էն տաք մէկ վայրկեանին էր երբոր լուրը բերին. ամենքնիս իսկոյն ձգեցինք ելանք խաղը, սա անհաւատալի բանը աչքով տեսնելու համար:

Փայտէ թառին վրայ ոլորուած շղթային ծայրէն, որ այսպէս կարճըցած հիմա` մինչեւ գետին չէր հասներ ալ, կապիկը կախուած էր ուղղաձիգ եւ անշարժ. իր աջ թաթիկովը ույժով մը կը սեղմէր դեռ, կարծես թէ կը փայփայէր շղթան որ իր սրտայօժար մահուան գործիքը եղած էր. աչուըները գոց էին ու բոլոր դէմքին վրայ, յարափոփոխ ու ծաղրածու դէմքին վրայ, չեմ գիտեր ի՛նչ ծանր ու լուրջ բան մը որ այս մեռելի մանկական երեսին` ազատագրութեան մը` վերջնական փրկութեան ու հանգիստի մը վեհութիւնը կուտար:

Ի՞նչպէս, ե՞րբ պատահեր էր ասիկա. պարզ դիպուա՞ծ արդեօք. եւ կապիկը, այնքան փորձ ու ճարտար, կարելի՞ էր որ մէկանց այնքան ապիկար եղած ըլլար` իր շղթային ոլորումներուն մէջ շնչահեղձ մնալու չափ:

Ծառաները, որոնք սակայն ամենէն աղէկ կը ճանչնային այս կապիկը, հաւաստեցին թէ անիկա կամովին սպաննած էր ինքզինքը, մարդոց շատերէն աւելի մեծ արհամարհանք մը ցուցանելով կեանքին:

Ու ես, զարմացած, դեռ կարծես կը դիտեմ սա շղթային ծայրէն կախուած փոքրիկ մարմինը, իր վար ծռած գլխովը, ու սա փոքրիկ թաթը որ վար չիյնալու համար շղթան բռներ է:

Ժամերով պիտի կենայի ասանկ, թէ որ թութակը յանկարծ իր խնդալէ մարելու մօտ մարդու քահքահովը, որ կեանքն ու մահը չի զանազաներ, չգար զիս սթափեցնել: