Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Երբոր կարգը իրեն եկաւ բան մը պատմելու, բարեկամս Էլմասեան, հարուստ ու գեղեցիկ երիտասարդ մը, որուն սիրային արկածները շատ զրուցուած են Բերայի մէջ, այսպէս խօսեցաւ:

 

Գեղջուկ աղուորութիւն մըն էր այն յոյն սպասուհիին աղուորութիւնը որ անցեալ տարի մեր տունն էր:

  Մեր փողոցին մէջ, ուր սպասուհիները կը վխտան, մէկ հատիկ էր ինքը. բոլոր խոհարարներուն, ծառաներուն ու նպարավաճառի տղոց երազած աննման աղջիկը:

Անցորդները կը կենային զինքը դիտելու համար, երբոր շաբաթ առտուները, մերկոտն ու վար ծռած, դրան սեմի քարերը մաքրելու կ՚զբաղէր՝ ինչպէս որ սովորութիւն էր մեր տանը մէջ:

Այս շինականի ոտքերը պզտիկութեամբ կամ փափկութեամբ չէին կրնար պարծենալ հարկաւ. բայց իրենց աշխատասէր բրտութեանը մէջ աղուոր գիծերու ու վարդ գարշապարի մը շնորհը ունէին:

Այս դիրքով՝ արձակուած ոսկի մազերուն հարուստ խուրձը, հրդեհի մը պէս, իր պարանոցին ճերմակութիւնը կ՚այրէր ու երկու կողմէն վար կը թափէր:

Խաժ աչքերը, հակառակ իր գեղացիի ամօթխած նայուածքին, կամ թերեւս ատոր համար, թովիչ բան մը ունէին երբոր յառէին վրադ, սաստիկ, զգլխիչ բուրումի մը պէս որ կը փակչի քեզի եւ ուրկէ չես կրնար եւ չես ուզեր փախչիլ:

Ամենքը կարծեցին որ կրցայ իր շնորհները վայելել. սխալեցան:

Զմարաղտան չհաճեցաւ երեսս նայիլ. սակաւախօս աղջիկ մըն էր, ինչպէս կ՚ըլլան անոնք որոնց ոյժը իրենց լռութեանը մէջն է:

Օր մը սակայն վրայ հասայ երբոր կէս գիշերին, դրան մօտ կը սիրաբանէր մէկու մը հետ. ուզեցի իմ բախտաւոր ոսոխս ճանչնալ. այնպէս մը շարժեցայ որ չկրցաւ անիկա խոյս տալ, առանց դէմ դէմի գալու ինծի հետ. իմ ախոյեանս պարզապէս անկիւնի մսավաճառին մանչն էր. քսան տարեկան անշահ տղայ մը, աղտոտ, իւղոտ, միսի, ճարպի հոտերով ծեփուած գանելիք մը:

Ինծի տեսնելուն՝ Զմարաղտան պահուըտեցաւ, բայց միտքս դրի այս ախտավարակ հաճոյքին գաղտնիքը հասկնալ. գիտէք որ կանացի հոգեբանութիւնը իմ մեծագոյն զուարճալիքս է. անծանօթ, անմատչելի բեւեռն է ան, որ Հիւսիսինէն ալ աւելի յամառութեամբ կը պահէ իր թաքուն հրաշալիքները:

Յաջորդ օրը կանչեցի Զմարաղտան իմ սենեակս. կարծեց որ բան մը պիտի ապսպրեմ ու վազեց եկաւ. այն ատեն նստեցուցի զինքը դէմս, բռնի, աթոռի մը վրայ, յանցաւորի մը պէս՝ որուն դատաւորը կ՚ենթադրէի ինքզինքս այդ վայրկեանին:

Ապշութեամբ երեսս կը նայէր ու քիչ մըն ալ կ՚ըմբռնէր որ առջի գիշերուան հանդիպումը իմ հանդիսաւոր ձեւերուս հետ կապակցութիւն մը ունենալու էր: