Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Քոյր Էմիլիէն, զիս խնամող մարապետը, քաջասիրտ հիւանդապահի համբաւը ունի. բժիշկները մէկհատիկ հռչակած են զինքը. ամենէն սարսափելի վիրահատութեանց ներկայ է ան, առանց խռովելու կատարելով իր պարտքը արեան ճահիճներու, միսերու, ջիղերու յօշոտմանց մէջ: Ցաւագին աղաղակներու, պաղատանքներու դիցուհին է ան կարծես: Հիւանդ չկայ որուն կսկիծի, անէծքի հեծեծանքը ունկնդրած չըլլայ: Ամեն տեղ է անիկա, ուրկէ հեծեծանք մը կուգայ. բայց գլխաւորաբար էրիկ մարդոց մօտն է իր պաշտօնը, պահապան հրեշտակի պաշտօն զոր անվրդով արիութեամբ մը կը վարէ:

Այս անվհատ տոկունութիւնը ի՞նչպէս մտած է այս էապէս տկար ու աւշային կազմուածքին մէջ, որուն` երեսին թափանցիկ ու անգոյն ճերմակութիւնը, սպիտակ գլխարկէն երբեմն դուրս սպրդող մազերուն դեղին ոսկին` յայտարար նշաններն են:

Ապաքինութիւնս կանոնաւոր կերպով առաջ կ՚երթար եւ իրեն հետ երկար խօսակցութիւններու պատեհութիւնը կուտար ինծի: Կը թուէր թէ ինքն ալ կ՚ախորժէր քիչ մը իմ յախուռն վճիռներէս, որոնց մէջ եթէ դատողութիւնը միշտ ուղիղ չէր, գէթ համոզումի անկեղծութիւնը կար, եւ ճշմարտազանցութիւններուս ներողամիտ լռութեամբ մը կ՚ունկնդրէր: Երբեմն ընկերական խնդիրներու, հոգեկան փորձութիւններու, մարդոց ապագային վրայ կը ճառէի, եւ այն ատեն լուրջ խօսակից մը կը գտնէի դէմս: Ուսեալ ու զարգացած մտքի տէր կին մըն էր, եւ այդ պահուն մարապետի կարգը ու սարքը կը թօթափէր մէկդի, իր կարծիքը ազատ ու համարձակ յայտնելու համար:

Խօսակցութեան մէջ յայտնեց որ Միւնիխցի ազնուական ընտանիքի մը զաւակ էր. նկարել ու երգել ալ գիտէր, խնամուած դաստիարակութեան մը ուրիշ բոլոր առաւելութիւններէն զատ: Ու զարմանքս կ՚աւելնար գտնելով զինքը հոս` Պոլսոյ հիւանդանոցի մը մէջ` սպասաւորելու, վէրքերը կապելու, ցավեր դարմանելու ապերախտ աշխատութեան մը մէջ, երբ իրեն պէս շնորհագեղ էակ մը ամեն կերպ երջանիկ օրերու արդար ակնկալութիւնը կրնար ունենալ. ու ճշմարիտ դիւցազնութեան մը հմայքը կ՚աւելնար իր հազար տեսակ հրապոյրներուն վրայ:

Ինքզինքս պզտիկ ու շատ պզտիկ կ՚զգայի անոր քով. հիմա իմ մեծաբանութիւններս կը չափաւորէի, եւ խորունկէն, սրտէս բղխող մեծարանքով մը կ՚ողջունէի իր մուտքը իմ սենեակէս: Իր ճերմակ ձիւնաթոյր գլխանոցը լուսաւոր պսակ մը կ՚երեւար աչքիս, եւ մտքովս կը տեսնէի անոր տակ ոսկի մազերուն ճաճանչները:

Հիմա բոլոր մտածմանս առարկան ան էր: Հեռուէն` նրբանցքներուն մէջ քալելուն` իր թեթեւ ոտնաձայնը կը ճանչնայի: Սենեակէս ներս մտնելուն դող կ՚ելլէի բոլոր մարմնովս ու երջանիկ էի միանգամայն:

Առջի խօսուն կատակասէր տղան չէի ալ, այլ թոթովախօս մանուկ մը եւ երբեմն ցնորակոծ սաւառնումներով բանաստեղծ մը, երկու ծայրայեղութիւններ որոնց, իրօք, ճիշդ մէջտեղն է իմ տափակ նկարագիրս:

Իմ խնդիրքիս վրայ` գիրքեր կը բերէր ինծի կարդալու համար. մէկ հատը Շոբէնհաուէրի հատոր մըն էր, եւ այդ հատորին մէջէն սա պարբերութիւնը ցոյց տուաւ ինծի.

 

Աշխատիլ եւ տառապիլ՝ ապրելու համար: Ապրիլ` աշխատելու եւ տառապելու համար:

 

Ա՞յս էր բովանդակ կեանքը:

Սենեակս ձգել երթալուն, լոյսը ու օդը կը պակսէր հոնկէ: Ընդարմացած, մրափի մը մէջ կը թաղուէի. կեանքս կը դադրէր կարծես իր բացակայութեամբը. եւ ժամերով իրեն վերադառնալուն կ՚սպասէի, հատնումով մը, ուրիշ ո եւ է կամք ու իղձ չունենալով աշխարհիս վրայ: Պատուհանէս, որ Մարմարայի բոլոր տեսքը կը վայելէր, նայուածքս աննպատակ ու անտարբեր կը սեւեռէր դուրսի աշխարհին վրայ. իմ բոլոր ուզածս, սիրածս հիւանդի սենեակս էր, իր ճերմակ` գրեթէ աղքատիկ պատերովը, իր թափուր մերկութեանը մէջ: Այս կնոջ մօտ ապրիլ. այս էր բոլոր կեանքիս ըղձանքը:

Բժիշկները իմ առողջացած ըլլալս կը հաստատէին. իրօք աղէկցեր էի, եթէ հոգիիս քայքայումը չսկսէր, նոր հիւանդութիւն մը զոր Քոյր Էմիլիէն իր թափանցող նայուածքովը պայծառ կերպով կը տեսնէր:

Տղաս, կ՚ըսէր քովս գալով, պէտք է դուրս ելլել, քիչ մը օդ առնել, պտըտիլ:

Ես` յամառութեամբ կը փակուէի սենեակիս մէջ, չուզելով մէկուն երեսը նայիլ, խօսքի բռնուիլ ասոր կամ անոր հետ, ժամանակս վատնել զուր տեղը, երբոր կրնայի զայն իմ միակ երազիս յատկացնել:

Ներսիդիէս հիմա կը խոստովանէի թէ յիմարի պէս կը սիրէի այս կինը որ հիւանդապահս էր, որուն ազգը, տարիքը, կրօնաւորուհիի կոչումը, ամեն բան վերջապէս կ՚արգիլէին զիս ո եւ է յոյս ունենալէ սրտիս մէջ: Այս անկարելիութիւնը ա՛լ աւելի կը սաստկացնէր սէրս: Անջրպետին խորութեանը չափ` հոն նետուելու փափաքս` կ՚աւելնար, վիհերու ձգողութեանը, անոնց տուած գլխու պտոյտին պէս: