Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գիտէք որ էրիկս դրական մարդ է. պէ՞տք է արդեօք բացատրել թէ ի՛նչ է դրական մարդը. մեր վաճառատան տոմարակալը եւ բոլոր պաշտօնեաները անոր տաղանդին վրայ կը հիանան եւ չափազանցութիւն մը չէ աս։ Ամուսնութեանս թուականին պարզ խանութպան մըն էր. հիմա արդէն առաջնակարգ հայ վաճառականներէն է։ Կատարեալ ամուսին մըն է այնչափ որչափ որ դրական մարդու մը կը վայլէ ըլլալ. տարին չորս գլխարկ եւ վեց շրջազգեստ կը շինէ ինծի. մանր մունր արդուզարդի ծախքերն ալ յօժարութեամբ կը վճարէ։ Վերջապէս նիւթական բարեկեցութեան մը ամեն պէտքերուս գոհացում կուտայ եւ այսպիսով իր ամուսնի պարտականութիւնները լիովին կատարած ըլլալու համոզումը ունի։ Պէտք է աւելցնել որ կը սիրէ զիս. վասն զի կը թուի թէ իր արուի իտէալին պատշաճ մարմնական առաւելութիւնները ունիմ։ Ասոր մէջն ալ դրական ու հաշուի մարդն է նորէն. Պարտիի ու Պահանջի գլուխները հաւասարեցնելու ճարտար մարդը։ Ամուսնական կեանքին համար անբաւական յատկութիւն մըն է աս՝ եւ չնչին անհամաձայնութիւններ որոնց պատճառը չըմբռներ, անպակաս են մեր մէջը։ Արտաքուստ բարեկիրթ ձեւեր ունի. իրօք բուռն եւ զայրացկոտ է. նախանձն ալ մեծ բաժին ունի իր ցասումներուն մէջ։

Ես երեւակայութեամբ ապրող կին մը չեմ. բայց կը կարծեմ որ մարդուս համար ուտել խմելէ, հագուիլ շքուելէ աւելի բան մը կայ միշտ. ամուսնութիւնը միայն մարմնական մերձեցում մը չեմ նկատեր, այլ հոգիներու եւ զգացումներու միութիւն մը։ Հոս էր որ զիրար հասկնալու կարող եղած չենք եւ ասկէ ծագում առած են այն վէճերը որ մեզ իրարմէ բաժնող անջրպետը խորունկցուցած են հետզհետէ. առանց սակայն զիս շեղեցնելու էրկանս հանդէպ ունեցած էական պարտաւորութենէս՝ որ մարմնական յանձնառութենէ մը աւելի խղճմտանքի յանձնառութիւն է։