Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[ՆՈՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՄԸ]

Պէշիկթաշ, 13 Մարտ, 79

Խմբագիր,

Մայիսի երկուշաբթի աւուր թերթին մէջ Եւդոկիայէն՝ գրուելէն մէկ օր մ’առաջ տպուած նամակ մը տեսանք որուն մէջ Ճգնաւորեան եւ Փասպանեան անուն երկու անձինք կը գան մեզ յայտարարել թէ, իրենք կամ լաւ եւս Եւդոկիացիներն՝ ամենայն լրջամտութեամբ եւ Պ. Չէրազի գրական արժանիքն եւ հայրենասիրական ոգին ճանչնալէն յետոյ զինքը երեսփոխան ընտրած են։

Անցեալներն մեր ըրած արդարացի եւ ճշմարիտ դիտողութենէն վերջը, ուրիշներ այնքան հանդուգն եւ յամառ չպիտի ըլլային եւ չպիտի գային, նորէն ըրած ձախող ընտրութիւննին արդարեցնել ուզելով, հրապարակաւ ապացուցանել Սահմանադրական ամենապարզ օրինաց մէջ անգամ ունեցած յետին ծայր տգիտութիւննին։

Սահմանադրութեան մէկ յօդուածը կը տրամադրէ թէ 30 տարին չլրացած մէկը չկրնար երեսփոխան ընտրուիլ։

Ահա այդ լրջմտութեամբ խորհող Եւդոկիացիները, Սահմանադրութեան այս հանրածանօթ օրէնքը չգիտնալով, Պ. Չէրազի տարիքին վրայ ալ քիչ մը չեն խորհեր։

Այս ընտրողութիւնը Եւդոկիացւոց գիտութեան եւ ծանօթութեան մէկ հրաշալի արդիւնքն է։ Տգիտութիւնը երբեք ամօթ չէ, եւ մենք այդ դիտողութիւնն ընելով՝ մեր ցաւը կը յայտնէինք գաւառացի ազգայնոց անուս անուս վիճակին վրայ, որ թոյլ կը տայ զանոնք կանոնաւոր մարդամեքենայներ դարձնել. բայց մարդ բաւական գոռոզ, բաւական յանձնապաստան ըլլալու է որ իւր գթալի վիճակին մէջ անգամ հպարտութիւն ձեռքէ չձգելով ճշմարտութեան դէմ մաքառի։

Արդէն Եվդոկիկացւոց գրած նամակին սիրուն եւ ճարտար ոճը՝ գրողներուն ալ կարողութիւնը կը յայտնէ, եւ մենք այդպիսեաց մեր երուածոց վրայ գնահատութեանց բաւական կը համարիմք պատասխանել թէ «կօշկակարն իւր կօշիկէն վեր ելլալու չէ»։

Կը խնդրեմ որ բարեհաճիք ձեր մօտակայ թերթերէն միոյ մէջ հրատարակել։

Որով մնամ եւլն

ԱՐՏԱՒԱԶԴ