Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՐԱՎԵՐՋԻԿ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Այս է ճակատագիրն. ով որ դարավերջիկ ըլլալէ ծայրայեղ զգուշաւորութիւն մը ցոյց տայ, նա է որ ամենէն աւելի դարավերջիկ պիտի հանդիսանայ, դարավերջիկ՝ դաստիարակութեան վրայ նոր վարդապետութեամբ մը, որուն ծայրայեղութիւնն՝ Արեւելքի հանրածանօթ խմբագրապետին յօդուածին մէջ, անոր ճարտար գրիչին շնորհիւ, կը մեղմանայ, կը հալի ու պարկեշտ երեւոյթով մը կը ներկայանայ։

Ինքը՝ դեռ երիտասարդ, գրագէտ մ’է, բայց ի յօդուածէն դատելով, կարծես զղջացած է ըլլալուն։ Դառնութիւն մը կ’ելնէ, կը բուրէ, կը շոգիանայ իր ամեն մէկ տողէն որ ընթերցողը կը համակէ։

Ահարկու տրամաբանութեամբ մը զինուած, զոր ոչ ոք իրեն չափ քաջ գիտէ գործածել, գրական ու դրական մարդերը իրարու հետ կը բաղդատէ, ցնորքը՝ իրականութեան հետ, առնելիքը՝ պատրաստ դրամի հետ, եւ չի վարանիր առանց երկրորդը առաջնոյն նախապատիւ համարելու։

Արեւելքի խմբագրապետը՝ բանաստեղծութիւններէն յափրացած, ոտանաւորներէ վերջնականապէս զզուած կ’երեւայ։ Իր եզրակացութիւնները հոգւոյն այս տրամադրութեանը կը պատշաճին եւ կը կարծէ թէ ժամանակ է որ Հոմերոսն, Վիրգիլիոսն, Միլթօնն տեղի տան Ընդհանուր Ապրանաց որ ամեն տեղ չի գտնուիր, Սնտուկին զոր լեցնելն այնքան դժուար է եւ Վճարելի փոխանակագիրներուն որք անհատնում են եւ որոց ծայրը սնանկութիւնը կ’երեւայ շատ անգամ։

Տրամաբանութիւնը ուղիղ է, եզրակացութիւնը անողոք ու բոլորովին դարավերջիկ։

Միայն թէ կրկնատումարի մեծանուն ջատագովը չի բացատրեր մեզ թէ այս յեղաշրջման շնորհիւ, որպիսի բարւոքում մը պէտք է ակնկալել ազգային հայեցակէտով։

Մեր շրջանաւարտները «Պարտի ու Պահանջէ»ի մէջ տարուբերելով շարունակ, պարտականութիւն եւ իրաւունքնին պիտի՞ սորվին միանգամայն։

Եւ հրապարակը ողողուելով ամեն տարեվերջի 50ի մօտ եղող տումարակալներով, աշխատութեան այս անընդհատ եւ չափազանց մատուցումը ո՞ւր պիտի յանգի։ Վաճառականութեան նոր ճի՞ւղ մը պիտի հաստատուի արդեօք այս պարոններուն Եւրոպայէն բերած կաշեկազմ եւ պղնձեայ անկիւններով զարդարուած տումարներ հասցնելու։

Եւ երբ ամբողջ սերունդ մը հասնի այսպէս, ի՞նչ պիտի ըլլայ նոյն իսկ Արեւելքի վիճակը. Առեւտրական Սենեակին Օրագրին հետ պիտի ձուլուի ու վերնա՞յ մէջտեղէն։

Կատակը մէկդի. դաստիարակութեան տրուելիք ուղղութեան վրայ է խնդիրը, կ’արժէ որ առանց նախապաշարումի ու քիչ մը բարձրէն քննենք զայն։

Վաճառականի գրագիր հասցնելու իղձը իմ մանկութենէս մինչեւ հիմա տիրող ախտ մը ճանցած եմ միշտ Պոլսոյ մէջ։

Ի՜նչ է այս կոյր փափաքը ու յաւիտեան ամուլ մնալու դատապարտուած այս ջանքը։

Պէտք է մէկ բառով ըսենք որ վաճառականութիւնը ինքնին Պոլսոյ Հայոց համար մեռած ու վերջացած ասպարէզ մ’է ալ։ Վաճառական ազգի հանգամանքը չունինք մենք. փերեզակներ եղած ենք եւ պիտի մնանք յաւիտեան. վաճառականութիւնը յանդգնութեան (speculation) վրայ կը յենու եւ մենք աշխարհիս ամենէն փոքր վնասի չի հանդուրժող մարդիկն ենք։ Զուրկ այս էական եւ հիմնական յատկութենէն, Հայոց վաճառականութեան ենթադրեալ յարմարութիւնը առասպել մ’է միայն։ Եթէ մենք յիրաւի օժտեալ լինէինք այդ յատկութեամբ, ասկէ 50 տարի առաջ վայելած սեղանաւորական դիրքերնիս կը պահէինք։ Ի՞նչ մնաց հիմա այդ սեղանաւորներէն եթէ ոչ վաշխառուներու վոհմակ մը զոր լաւագոյն է բնաւ չի յիշատակել։ Մեր Պոլսոյ մի քանի Հայ վաճառականներու յաջողութիւնը՝ ոչ թէ բնական յարմարութեան, ոչ թէ արուեստին գիտութեան, այլ տեղական առժամանակեայ հանգամանաց արդիւնք է, վաղանցիկ ու անհաստատ այդ հանգամանաց պէս։ Տէրութեանց պաշտօնատանց պիտոյք հայթայթելն վաճառականութիւն չէ եւ Հայ վաճառականաց մեծագոյններուն գործը այս է միայն։

Գերմանիոյ, Աւստրիոյ ուղեւոր վաճառականներն Պոլսոյ հրապարակը գրաւեցին, Հայ վաճառականները փճացան ու փճանալու վրայ են, ու 20 տարիէն Պոլսոյ մէջ մէկ Հայ վաճառական մը չի պիտի գտնուի։ Վաճառականութեան առաջին պայմանը շարժուն եւ ուղեւորող ըլլալն է. խանութին մէջ ծնող, ապրող, մեռնող առուտուրը՝ վաճառականութիւն չէ։ Պոլսոյ Հայ վաճառականները հեռաւորագոյն վայր ըլլալով Անգլիոյ Մանչէսթրը միայն գիտեն. այն Հայը որ ատկէ զատ վաճառաշահ քաղաք մը պիտի կարենայ փնտռել ու գտնել համայն Եւրոպիոյ մէջ, Հայ վաճառականներուն Քոլոմպօսը պիտի ըլլայ, Այս է Պոլսոյ Հայ վաճառականութեան ողորմելի վիճակը։

Դատաստանը չի պիտի ամբողջացնենք՝ փնտռելով մի առ մի թէ վաճառական միւս հանգամանքները՝ որք են ուղղութիւն, պարկեշտութիւն, ճշդութիւն որքան գոյութիւն ունին մեր մէջ։

Ծայրայեղ չի պիտի ըլլանք, մեր ազգին վրայ գէշ գրող մի քանի մատենագիրներու չափ այս առաքինութեանց բոլորովին պակասութեանը վրայ պնդելու համար, բայց մեծապէս թերի ըլլալն եւ Եւրոպիոյ վաճառականաց հետ բաղդատութեան մատնելու աստիճանի չըլլալը չենք կրնար ծածկել։

Բաւ է այսքան ցոյց տալու համար որ Պոլսոյ Հայոց ապագայ սերնդեան համար վաճառականութիւնը չի կրնար ասարէզ առաջարկուիլ։

Բայց թէ որ նոյն իսկ այս ասպարէզը բաց ըլլար այսուհետեւ, պատճառ մ’է այս որ մեր դպրոցները վաճառատանց նախասենեակները դառնան։

Ո՛չ, դպրոց չեն երթար տղաք, որպէսզի ստակ շահելու ճամբան սորվին. ո՛չ, այդ շահամոլ ոգին չի պիտի առաջնորդէ երբեք Հայ մանկտւոյն. տղան պիտի երթայ հոն, նախ, մարդոյ եւ քաղաքացւոյ գիտելիքը սորվելու։

Ծաղրելի՞ ենք արդեօք (կամ լաւ ես ըսելով մեր ազգը այն աստիճան բարոյական անկման մէ՞ջ է որ ծաղրելի ըլլանք) երբ մարդու եւ քաղաքացւոյ գիտելիքը՝ գձուձ արծաթասիրութեան նախադասենք։

Ուսումը կը սորվուի բարոյական եւ մտաւորական զարգացման համար, եւ ոչ դրամ շաելու։

Դաստիարակութիւնը ու կրթութիւնը արհեստի հետ պէտք չէ շփոթել. մին կրնայ ծառայել միւսին, բայց նպատակները տարբեր, բոլորովին տարբեր պիտի մնան։

Մենք ալ փափաքող ենք որ անհրաժաշտ դաստիարակութեան մը տարերքը, մարդկային բարոյական ինքնաճանաչութիւնը ձեռք բերելէ վերջը, բայց անկէ վերջը միայն ապրուստի համար, արհեստներ ուսանին մեր տղայք։

Կենաց պայքարներու մէջ այդ պատանիք շատ եւ շատ առիթ պիտի ունենան դրամին անբարոյականացոցիչ ազդեցութիւնը կրելու. մեր վարժարաներկ զերծ մնան թող նոյն իսկ անոր հեռաւոր արձագանգէն։

Իսկ դրական մարդ դառնալու համար, ճարելու համար աւուր հացն եւ գրաւելու համար ընկերական դիրք մը, վաճառականութիւնն յետինն է այն բազմաթիւ աշխատութեան միջոցներու եւ արհեստներուն մէջ որք ամեն օրինաւոր փափաք կրնան գոհացնել։

Նախնական կրթութեան մը տարերքը ստանալէ յետոյ պէտք է ըստ կարի հետեւին բարձրագոյն գիտութեանց. քաղաքակրթութեան սանդուխին ամենէն ստորնագոյն աստիճաններուն վրայ վտնուող մեր ազգը՝ ուսման պարտի հետամտել շարունակ. անհատական պահանջումներն ու իրաւունքները պէտք է տեղի տան հանրութեան շահուց եւ հանրութեան շահն կը պահանջէ որ իր զաւակները ջանան ոչ թէ մեծագոյն դրամը շահելու այլ մեծագոյն մտաւորական զարգացումը ձեռք բերելու։ Ազգը շատ աւելի պարտաւոր է ազգային խմբագրաց որք օրն ի բուն իրենց միտքն ու հոգին կ’սպառեն նիւթապէս ապերախտ ու դժնդակ աշխատութեան մը մէջ, քան թէ այն կարծեցեալ բարերարներուն առատաձեռնութեանց զոր մուրացկանի մը ողորմութիւն տալու պէս դարավերջիկ յոխորտանօք կը նետեն Ազգին երեսին եւ որոյ փոխարէն յաւիտենական խնկարկութիւններ կ’ակնկալեն։

Այս տարրական ճշմարտութիւնները կարծեմք թէ ներելի է մեր մեծատուններուն խորհրդածութեանց յանձնարարել։

Իսկ Ազգին համար՝ այդ մեծատուններէն տեսնուած օգուտը այնչափ մեծ չէ որպէսզի մեր բոլոր կրթական հաստատութիւնները իրենց տոմարակալ, գրագիր կամ սպասաւոր հասցնելու յարմար վիճակի մը վերածենք։

Բժշկական, երկրաչափական, իրաւագիտական, երկրագործական կայսերական վարժարանք ցորչափ բաց են այ պատանիներու առջեւ, բնաւ մեր միտքը չի պիտի գայ ցոյց տալ անոնց անկեալ վաճառականութեան մը անկելանոցը որ գրագիտութիւն կը կոչուի։

Ազատ ասարէզները, արեստները որքա՞ն ատենէ ի վեր անբաւական եղան մեր շրջանաւարտներուն, որպէսզի այդ յուսահատական միջոցը ներկայացունենք ապագայ սերնդեան։

Իսկ մեր դպրոցներուն գրական ուղղութեան դառնալով, չափազանց բան մը պահանջած չենք ըլլար, կարծեմք, երբ ըսենք թէ Ազգ. վարժարանաց մէջ մայրենի լեզուն ու գրագիտութիւնը պէտք է գեր ի վեր մնան ամեն ուսումէ եւ գիտութենէ. հոգ չէ որ նիւթական շահերու տեսակէտով արդիւնաւոր չըլլայ մեր մէջ գրագէտի կեանքը. հոգ չէ որ լի ըլլայ ամեն դառնութիւններով. ազգային կեանքէ եկած այդ դառնութիւններն ալ իրենց հրապոյրը ու քաղցրութիւնը ունին եւ ի հաշիւ պիտի առնուին։