Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՏԵԱ՛, ՏԷ՛Ր, ԶԱՅՆՈՍԻԿ

Դատաստանական Խորհրդոյ անդամները թող չահաբեկուին այս վերնագրէն որ անշուշտ գերագոյն խնդիրքը եղաւ այն ողորմելի ծերունին որուն անձնասպանութեան սրտայոյզ մանրամասնութիւնները հաղորդեց Հայրենիք։

Այս նոր գոցուած գերեզմանին վրայ, այս արիւնաշաղախ մարմնոյն քով, իրաւունք ունինք կարծեմ քիչ մը խորհրդածելու մեր արդարութիւնը ի գործ դնելու անօրինակ եղանակին վրայ։

Ի՞նչ է նախ այն հաւատաքննական դրութիւնը որով փոխանորդ դնելու իրաւունքը կը զլացուի դատավարող կողմանց։ Վա՞խ կայ դատաւորները իրենց դարաւոր տգիտութեան մէջ շփոթին փաստաբանաց ներկայութենէն։

Քրիստոնեայ ազգաց եւ ոչ մէկ օրէնսդրութեան մէջ այս արգելքը կայ. ոչ ոք անպաշտպան թողուլ մտաբերուած է՝ որոյ պատիւը, ընտանեկան կեանքը, զաւակաց ապագան խնդրոյ տակ է։

Եւ ո՞վ մեծագոյն էտք ունի փաստաբանին ներկայութեանը քանի թէ այն դատական ատեանը որ բոլոր աշխարհիս մէջ մէկ հատիկ կը հանդիսանայ ոչ հիմնական եւ ոչ գէթ դատավարական օրէնք մը չունենալու ձեռքը։

Եթէ ճշմարիտ է որ ամեն ազգի քաղաքակրթութեան չափը՝ իր օրինաց յառաջադիմական յատկութեամբը կը ճշդուի, ամեն օրէնքէ զուրկ ազգ մը քաղաքակրթութեան սանդուխին ո՞ր ոտքին վրայ կ’իյնայ արդեօք։

Իսկ երբ օրէնք չի կայ, գոնէ անհրաժեշտ պայման մը չէ՞ մեր Դատական Ատեաններու համար որ զայն կազմող օրէնսգէտներ, հմուտ օրէնսգէտներ, եւ միայն օրէնսգէտներ ըլլան։

Սխալ է այն համոզումը որով դատաւորին առաջին հանգամանքը անոր ուղղամտութիւնը կը համարուի։ Տգէտ դատաւորը անպարկեշտ դատաւորէն չի տարբերեր եւ Իսլամական օրէնսդրութիւնը որ ամենէն հոյակապներէն մին է, երկուքն ալ հաւասարապէս գեհենի արժանի կը տեսնէ Քատըյի Նար անուանելով զանոնք։

Չի բաւեր խղճի տէր ըլլալ արդար դատաստան մը ընելու համար եւ մեր ազգային օրէնքը Դատաստանական Խորհրդոյ անդամակցութեան առաջին պայման կը դնէ օրինաց հմտութիւնն։ Աշխարհիս ամեն կողմը բարապան ըլլալու համար անգամ՝ մասնաւոր չափով մը, օրինաց տեղեակ ըլլալը անհրաժեշտ է։

Չենք փափաքիր անձնականութեան վէճ ու խնդիր յարուցանել քննելով հոս թէ ո՞ր չափով Դատաստանական Խորհրդոյ կազմութիւնը այս անհրաժեշտ պայմանը կ’իրագործէ, բայց երբ կը խորհիմ որ տասնեակ տարիներ օրինաց հետ զբաղելէ յետոյ անբաւական եմ դատաւորական սրբազան ու պատասխանատուութիւնով լեցուն պաշտօնին, կը պարտաւորիմ անկեղծ ըլլալու համար յայտնել հոս թէ ուղիղ ընթերցանութիւն մը չի գիտցողներն, որքան ալ ձիւնաթոյր ու սպիտակափառ մազ ու մօրուք ոնենան, դատաւոր լինելու արժանիքը չեն կրցած ունենալ։

Գաղափար մը ունենալու համար Դատաստանական Խորհրդոյ պաշտօնավարութեան վրայ, կը բաւէ անոր մէկ վճռագիրն ընթեռնուլ։

Նամակ մը աւելի շնորհքով կը խմբագրուի, մաղազայի ֆաթուրա մը աւելի կանոնաւոր կը շարադրուի քան թէ մեր ազգային դատական վճռագրերն։ Եւ արդարութեան գէթ արտաքին ձեւերն անգամ չունեցող այդ թուղթն է որ կ’երթայ, կը շրջի Տէրութեան պաշտօնատուներն ամեն տաղ ծիծաղ՝ եթէ ոչ արդար կշտամբանք յարուցանելով եւ աշխարհի ծանուցանելով մեր նախապատմական վիճակը։

Իսկ երբ դատաւորին տգիտութեանկ կը միանայ այս կամ այն պաշտպանելու յանձնարարութիւնները, խաթրը, որոնք մեր ազգային բոլոր գործոց մէջ չեն պակսիր, այն ատեն չարիքը կատարեալ է։

Պատժական օրէնքը յատուկ պատիժներով կ’արգիլէ այս միջամտութիւնները, բայց ո՛չ յանձնարարութիւն ընողն եւ ոչ ընդունողն տեղեկութիւն ունին այս արգելքէն։

Այսպէս ահա տուները կը կործանին մեր մէջ, ընտանիքները կը քայքայուին, յուսահատները անձնասպանութեան կը դիմեն, իրենց դիակը, արիւնագանգ բողոք, նետելով հասարակաց դատաստանին առջեւ։