Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵԾԵՐԸ ՈՒ ՊԶՏԻԿՆԵՐԸ ՄԵՐ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Ա.

Մեծի Պզտիկի կռիւը՝ դարերու կռիւն է. մրցումի եռանդը՝ քաղաքակրթութեան արդիւնաւոր ճակատագիրն է. մեր ազգային գործերու ընթացքէն տժգոհութիւն յայտնելն՝ անոնց բարելաւութեան եւ աւելի խղճամիտ մատակարարութեան ծառայած է ամեն ատեն։

Մեր մէջ սարսափը ընդհանուր է ամեն ընկերական գոյութենէ անբաժան եղող այս օգտական անհամաձայնութեանց հանդէպ։

Մեծերը, որովհետեւ Մեծեր ունինք մենք ալ, չեն ներեր Պզտիկներուն մեծնալու յաւակնութիւնին. Լիլիբիւթի-Պռօպտինկնակի վէճը կարի սաստիկ է մեր խեղ՝ հասարակութեան մէջ։

Պզտիկներն ալ անհանդուրժելի են իրենց պահանջկոտ մեծամտութեամբ ու մարդու չի հաւնելու ամբարտաւանութեամբը. գէթ այսպէս կը խորհին Մեծերը։

Յետոյ, այս Մեծի Պզտիկի կռիւին վրայ կ’աւելնայ հին մարդու ու նոր մարդու մշտնջենական պայքարը։

Մին՝ իր ալեւոր փորձառութեան վրայ կը յենու. միւսը՝ իր ուսման, եռանդին. առաջինը՝ Եկեղեցին ունի. երկրորդը՝ Վարժարանը. մէկը՝ ետին կը նայի միշտ. միւսը՝ առաջ, միշտ առաջ եւ աւելի առաջ։

Ո՞րինն է իրաւունքը։

Բ.

Բայց նախ եւ առաջ իրա՞ւ է արդեօք որ մին միայն Եկեղեցին ունի եւ միւսն՝ Վարժարանը. մեր Մեծերը հոգածու չե՞ն մեր կրթական գործունէութեանը. Կեդրոնական վարժարանը, Արմաշի Դպրեվանքը, Բերայի դրոցը… - չեմ գիտեր աղէկ մը թէ Բերա դրոց ունի՞ թէ ոչ։ Միթէ իր նիւթական բարւօք վիճակը, որով կը պարծենան ոմանք, ճիշդ տասը տարի շարունակ այդ թաղին արժանի վարժարանի մը ծախքը զեղչելով ձեռք բերուած արդիւնք մը չէ՞։

Եւ ահա հոս է որ հիները կը տարբերին նորերէն. երիտասարդ թաղական մը, ո՛չ, փուլ մը չի պիտի խնայէր վարժարանէն, ամեն պարագայի մէջ չի պիտի պարծենար իր այս խնայողութեան վրայ, փող ու թմբուկ չի պիտի զարնէր փողոցներու մէջ եւ ականջնիս խուլցնէր։

Բերայի կալուածները գոց գիտենք, այնքան յեղյեղեցին մեզի անոնց տեղը, շէնքը, եկամուտը։

Բայց ափսոս որ Բերայի հայ երիտասարդները չենք տեսած դեռ. այդ թաղի վարժարանէն ելած մէկու մը անունը չի հասաւ ականջնիս։

Պոլսոյ յետին թաղը իր շրջանաւարտներու սերունդը ունի. ո՞ւր է Բերայինը։

Գ.

Կեդրոնական վարժարանը, այն որուն վրայէն այնքան դիւրաւ վերցաւ Ներսէս Վարժապետեանի անունը, նոր հաստատութիւն մը չէ. իր ծախուց մեծագոյն, ամենամեծագոյն մասը եթէ ոչ ամբողջությոնը 1425 ոսկին՝ 1500 ոսկւոյ տարեկան պիւտճէի մը վրայ, կը հայթայթուի Ղալաթիոյ եկեղեցւոյն հասոյթներէն. եւ Արմաշի Դպրեւանքը կը մատակարարուի մեծ մասամբ Քարակէօրիւկի եկեղեցւոյն դրամներովը։

Այս երկու վարժապաններն, ուրեմն, հիներու մեծագործութիւններն են անշուշտ, բայց ո՛չ անոնց որք հիմա ասպարէզին վրայ կ’երեւան հնչեցնելով, ուժգին հնչեցնելով իրենց ոսկւոյ դէզերն, ոչ ալ այն հիներուն որք իրենց պատկառելի ալիքը, իրենց անձնուէր, մաքուր անցեալը ցոյց կուտան նորերուն երեսին։

Անիրաւ չենք, ուրեմն, երբոր ըսենք որ մեր Մեծերը իրենց Եկեղեցին ունին միայն, բայց Վարժարան ունեցած չեն դեռ. մաղթենք որ այսուհետեւ ունենան գոնէ։

Դ.

Նորերը՝ Միացեալ Ընկերութիւնը ունին. այսինքն ՎԱԹՍՈՒՆ վարժարան, գաւառներու մէջ ուր անոնց պէտքն անհրաժեշտ է։ Մեր Մեծերը տեղեկութիւն ունի՞ն այս Ընկերութեան գոյութեան վրայ, ոտք կոխա՞ծ են երբեք այն համեստ գրասենեակներն որք, Ղալաթիոյ եկեղեցւոյն մէկ անկիւնը, գաւառներու կրթական միակ լուրջ գործունէութիւնը կը պարունակեն։

Եւ սակայն ամեն ժողովներն, մանաժողովներն, յանձնաժողովներն՝ Մեծերէ, միայն Մեծերէ բաղկացած, այդ խղճուկ, մոռացեալ գրասենեակներուն մօտը, շատ մօտը կը գումարուին, նիստ կ’ընեն ամեն օր։

Գէթ իրենց ներկայութեամբը, լեզուի խրախուսանքովը քաջալերա՞ծ են երբեք այն համեստ գործիչները որոնք մուրացկանութիւնը յօժարակամ ընդունած, ինչպէս պատիւ մը պիտի ընդունէին, առանց աղմուկի մը շարունակեն միակ յարատեւ ջանքը ու աշխատութիւնը որով Ապագային առջեւ մեր այս անցուցած տարիները պիտի կարենան արդարանալ։

Ու երբ տարին անգամ մը այդ բոլոր Մեծերը միացած՝ բարեհաճին հինգ հազար ոսկի տարեկան պիւտճէ մը ունեցող հաստատութեան մը երկու երեք հարիւր ոսկի շնորհել, կը կարծեն, յիւրաւի կը կարծեն իրենց միամտութեան մէջ որ յաւէտ երախտապարտ կը թողուն մեր գաւառի անտէր ու որբ զաւակները, կը կարծեն որ դեռ Մեծ կրնան երեւիլ աշխարհի առջեւ։

Ե.

Համաձայնին թող, ուրեմն, Մեծերն ու Պզտիկներն. երկուքն ալ իրենց պարտականութիւնները ունին։ Զիրար հարուածելով չէ որ անշուշտ պիտի կարենան ծառայել հասարակութեան շահերուն. բայց Մեծերուն կ’իյնայ չափաւորութեան օրինակը տալ. պէտք է նեղ ընեն իրենց քիչ մը, ուրիշներուն տեղ ընելու համար։

Այնքան յետամնաց ենք քաղաքակրթութեան ճամբուն մէջ որ ո եւ է ոյժ, որքան ալ փոքր ու աննշան ըլլայ ինքնին, արհամարհելու չենք. եւ երիտասարդութիւնը, այն որ Պզտիկներ կը կոչուի շատերուն բերնին մէջ, ամեն երկիրներու մէջ, հանրութեան կենսատու սիրտն է։

Մե՞նք ենք միայն որ մեր սրտերը պիտի պզտիկցնենք միշտ։