Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՆՉՈ՜Ւ ԷՐԻԿ ՄԱՐԴԻԿ ՉԵՆ ԱՄՈՒՍՆԱՆԱՐ ՇԱՏ ՈՒՍԵԱԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Պատճառը շատ արզ է ըստ իս։

Իշխել կամ իշխուիլ ինչ որ մեր հարք կ’ըսէին ատենով. «Կա՛մ քաջ լերուք եւ կամ քաջաց հնազանդ» - մարդկային ճակատագրի անխուսափելի երկսայրաբանութիւնն եղած է ամեն ժամանակ, ընտանիքի մէջ ինչպես այլուր։ Է՛ ուրեք, ինչպէս կ’ըսէ Եղիշէ, որ ծառայութիւնը յաղթող ելած է, բայց բազում այն է որ իշխանութեան գաղափարը յաղթանակած է միւսին դէմ։

Այր ու կին սեռական ահագին տարբերութեամբը կը զատուին իրարմէ. բնութիւնը՝ տարբեր ստեղծած է զիրենք եւ հարկ անհրաժեշտ է որ մէկ կամ միւս գերակշիռ ըլլայ իր ազդեցութեամբը եւ ամենօրեայ ընկերութեան գոյութենէն անբաժան եղող վէճերն ու կռիւները իր հեղինակոթեամբը կտրէ նետէ։

Թէ որ այր ու կին զարգացման միեւնոյն աստիճանին վրայ գտնուին, ամեն առթիւ երրորդի մը վճռոյն ապաստանիլ հարկ կ’ըլլայ ընտանեկան անհամաձայնութիւններու համար. եւ ի՞նչ կայ ադկէ աւելի վտանգաւոր. վասն զի երրորդը թէ որ կին մ’է, ամուսնոյն պիտի տայ իրաւունքը. եւ թէ որ այր մարդ մ’է՝ կնոջ. այս երրորդը այնքան անհրաժեշտ պիտի դառնայ, այնքան կոչում պիտի ըլլոի իրեն որ ընտանիքին մասը պիտի ըլլայ։

Պիտի առարկէք անշուշտ որ զարգացման հաւասարութիւնը՝ գաղափարի ներդաշնակութիւնը յառաջ կը բերէ. յետոյ պիտի ըսէք ինձ որ ոսեալ ընկերուհի մը աւելի սէր ու համակրութիւն չազդե՞ր միթէ։

Ուսեալ կին մը՝ կին ըլլալէ կը դադրի իմ աչքիս. արհեստաւոր մ’է մտքի որոճումներու մէջ ընկղմած, գիտութեան կամ գրագիտութեան հետամուտ, որ կանացի պչրանքը մերժած է առնական խոհունութիւնը, լրջութիւնը առնելու համար, որ իր մազերը շտկելուն խնամք չի տանիր, շրջազգեստին վայելուչ հանգրիճումին չի մտածեր, ու փողոց ելած պահուն իր ոտքին սիրուն պճեղը ցոյց տալ չանցըներ մտքէն. այլ Թանի, Լա Նուվէլ Ռըվիւի թղթատարական մեծակոյտ ծրարներ ունի թեւին տակ. Ֆլամանին, Թռիքօթէօզին կամ Միռին խանոթները կ’արհամարհէ՝ Վայսին փոշելից ու նեխահոտ անցքերուն մէջ կենալու, երազելու համար մինչեւ իրիկուն սիրելի հեղինակի մը առջեւ, հեռաւոր ու անձկայրեաց սիրուհիի մը պէս։ Տանը մէջ՝ ատեն չունի գձուձ ու ստորին աշխատութիւններով զբաղելո. խոհարարն ու սպասուհին զիրար հասկցող արարածներ կը հոգան ամեն բան, մինչդեռ Տիկինը, օրուան գրական շարժումին հետեւող, Արեւելքի շաբաթօրեայ յաւելուածին անհամութենէն կը զայրանայ, Եղիային կը համակրի կամ Արփիարը տեսնել կ’ուզէ անգամ մը։

Իր մանկիկին բերնէն շողիքները կը ծաւալին կրծկալին վրայ, քիթը կը վազէ ու Տիկինը չի զիջանիր մաքրելու անոր դէմքը. կ’ամչնայ իր զաւակէն ու տատային կը յանձնէ զայն։ Իգական ընկերութիւններէն չախորժիր, ոչ ոք կը գտնէ այնտեղ իր մտածութեանց բարձրութիւնը, իր խօսակցութեան հմտութիւնը ըմբռնելու կարող. երեւակայեցէք որ Էտկառ Քինէն կամ Էմէ Մառդէնը չեն ճանչնար այդ կանայք։ Էրկանը հետ ունեցած խօսակցութեանց մէջ միշտ տարակարծիք է անկէ. արձակն ու ոտանաւորը, իրականն ու վերացականը, գիտութիւնն ու գեղարուեստը իրենց համար ոչ թէ համաձայնելու՝ այլ զիրար ատելու պատճառներ կ’ըլլան։

Յետոյ կարգը կուգայ հեղինակներուն, եւ զարմանք որ Տիկինը իգական սեռին հակառակորդներուն կողմն է։ Շոբէնհաուոէր կը կարդայ, Ռուսօյի սիրահարութեանց վրայ կը ծիծաղի, դրական իմաստասիրութեան խօսքեր կ’ընէ։

 

* * *

Ես այն կինը կը սիրեմ միամիտ իր պարզութեան մէջ, իր իգական շնորհին ու կոչումին մէջ ամփոփուած ամփոփումներու ամենէն հեշտալին որ կ’ամուսնանայ ոչ թէ մտքի այլ սրտի ընկեր մը առնելու համար, որ ուսումն ռամկացուցիչ ազդեցութենէն զերծ մնալով, անայլայլ պահած է անկեղծ սրտի մը մաքուր ու վայրենի հրապոյրը։

Տեսա՞ծ էք այն անտառները անխնամ, անշնորհ՝ իրենց պարզուկ շքեղութեան մէջ։ Մարդկային աերիչ գիտութիւնը չէ անցած այդ տեղին ու չէ դպած անոր. փողոցներ, պողոտաներ, պուլվարներ չէ բացած կամ անտառ վերցուցած չէ բոլորովին, տեղը տափակ քաղաք մը կանգնելու համար։

Կազդուրիչ, սփոփիչ բան մը կայ բնութեան այդ գեղջուկ յետադիմութեան մէջ։

Հեռու քաղքէն եւ հեռու

Հոծ շէնքերէ՝ բազմայարկ,

Մարդոցմէն ալ խնկարկու,

Եւ խուժանէն ցած, անարգ։

Այդ անկիւը զոր Վիքթօռ Հիւկօ կը փնտռէր եւ զոր մարդիկ յաւէտ կարօտով պիտի փնտռեն, այդ նաւահանգիսը՝ կանացի սիրտն է ահա եւ հոն պիտի ապաստանինք մենք աշխարհի փոթորիկներէն։ Կը բաղձանք, կը պահանջենք որ գիտութիւնը, ուսումը չեղծանեն այդ վերջին դադարը մեր երազներուն եւ զայն գեղեցկագոյն ընծայելու ջանքով իր բնական վայելչութենէն ու շնորհէն չմերկացնեն։