Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՀԵՍՏԻ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ՀԱՅ ԲԺՇԿԱՑ ՄԷՋ

Պոլսոյ հայ բժշկական դասը իր վայելած համակրութեան ու ակնածութեան համապատասխանող արժանիք մը ունենալէ հեռի գտնուած է միշտ։

Սկիզբները՝ Եւրոպիոյ մէջ ուսած այս մարդոց արժանիքն ու կարողութիւնը քննելու իմանալու գաղափարն իսկ մեր միտքը եկած չէր։ Իրենց տօքթէօռի տիտղոսը՝ սովորական մահկանացուներէն տարբեր, գեր ի վեր արարած՝ որ ենթադրել կուտար զանոնք հասարակութեան։

Վերջէն, աւելի սերտ յարաբերութիւններ հաստատուելով Եւրոպիոյ համալսարանաց հետ, տեսնուեցաւ որ ադկից մեզ վերադարձող բժիշկները իրենց կրած ահագին տիտղոսը արդարացնող գիտական վիճակ մը չունին. բայց ասոնց Պոլսոյ պէս համազգային քաղքի մը մէջ գրաւած դիրքը այնքան փայլուն ու շահաւէտ եղած է որ մեր պատրանքը չենք կրցած դիւրութեամբ մէկ կողմ թողուլ, որ մեր բժշկաց նիւթական յաջողութիւնն՝ իրենց գիտական կացութեան խնդիրն յուզելու պէտքը զգալի դարձուցած չէ։

Սա վերջին տարիներս մեզ վերադարձող բժիշկներուն մեծ մասին աննախանձելի վիճակը կը պարտաւորէ զմեզ Պոլսոյ հայ բժիշկներուն ամբողջ դատաստանը ընել հոս, եւ այս ճիւղին մէջ հայ իմացական անկման ակներեւ ու յայտնի երեւոյթը մատնանիշ ընել մեր հասարակութեան։

* * *

Ապաքէն Հայերը երբեք փայլած չեն բժշկական գիտութեանց մէջ։

Ֆրանսայի Համալսարանին շրջանաւարտներու ձեռքը տուած վկայագիր՝ որ բժշկական գիտութեանց ոչ թէ լրացումը այլ հոն պարզ թեւակոխում մը կը նշանակէ, մեր բժիշկներուն ձեռքին մէջ, ոսկոյն արդիւնաբեր հանք մը նկատուած է, զոր շահագործելու կուգան Պոլսոյ մէջ, երբեք իրենց գիտութիւնը կատարելագործելու։

Բժշկական ուսանողներուն համար տօքթօռութեան վկայականը, Բարիզ-Լիոն-Միջերկրական գծին եւ Մարսիլեայէն Պոլիս ժամ առաջ հասնելու համար ուղեւորութեան մը գործածուելիք տոմսակի մը արժէքը ունի կարծես։

Փութա՛ շոգի, շուտ շարժէ՛.

Վայրկեան մ’առաջ գանձ կ’արժէ

Գալ եւ ըսել քեզ բարեւ,

Հո՛ղ որ տուիր ինձ արեւ։

Զմիւռնաբնակ գրագէտին այս տողերը Բարիզի շրջանաւարտ ուսանողներուն թուի թէ սիրելի երգը ըլլայ եւ ահա այս տագնապով ու կարօտով է որ իրենց գրած եւ շատ անգամ ստակ վճարելով ուրիշին գրել տուած ճառերուն (thése) տպեալ օրինակը գրպաննին դրած, Մէսաժըրիի շոգենաւով կը հասնին առտու մը կանուխ մեր քաղաքը եւ յաջորդ օրը կը հաստատուին Բերայի մէջ իրեց ծանուցումներուն աղմուկովը խուլցնելով ականջնիս զոր վերջը դարմանելու պիտի կոչուին ու չի պիտի կրնան բժշկել։

* * *

Ֆրանսայի բժշկական Համալսարանի մէջ հայ ուսանողաց վիճակը պատուաբեր լինելէ շատ հեռի է։

Եւ մենք որ կը պարծինք խելացի ազգ մը ըլլալնուս, մենք որ եւրոպացի տղոց բթամտութիւնը կը ծաղրենք, մենք որ Պոլսոյ վարժարաններուն մէջ միշտ յաջողապէս մրցակից կը հանդիսանանք ամեն ազգի ուսանողութեան մէջ, ինչէ՞ն արդեօք այս գերազանցութիւնը կը կորսնցունենք յանկարծ ֆրանսական ոստանին մէջ։

Կ’արժէ որ խնդիրը ուսումնասիրենք։

Միթէ ամենէն գուլե՞րն են մեր մէջ որ Ֆրանսական Համալսարանի մէջ Հայոց ուշիմութեան համբաւը աղարտելու համար կ’երթան հոն, իրենց ապիկարութիւնը ընդ քարշ ածելով ուսանողութեան բոլոր շրջանին մէջ։

Ո՛չ. խոստովանելու է որ մրցումը նախ դիւրին չէ Համալսարանի մը մէջ՝ զոր Ֆրանսայի պէս զարգացեալ ազգի մը ամբողջ երիտասարդութիւնը իր ընտրելագոյն անդամներովը կը գրաւէ։ Մրցման պայմանները այ ուսանողներու համար ծանր ու դժուարին են անշուշտ, բայց Հայոց բնական ուշիմութիւնն ու աշխատասիրութիւնը, եթէ ոչ ամեն ժամանակ, գոնէ ատեն ատեն պէտք էին իրեց ապացոյցը տալ եւրոպական համալսարաններուն մէջ ալ։

Չենք կրնար ընդունիլ, ազգային արժանապատուութեան զգացումը կ’արգիլէ մեզ ընդունելէ որ հարիւրաւոր ուսանողներու մէջ մէկ հատ մը առաջին չի կրնայ հանդիսանալ հոն, գոնէ երկրորդ, երրորդ, եւ սակայն այս երկրորդական ու երրորդական գոհացումները ունենալէ զրկուած է միշտ մեր հասարակութիւնը։

* * *

Ճշմարտութիւնը այն է որ մեր երիտասարդներէն շատերը չեն գացած ի Ֆրանսա գիտութիւն սորվելու համար, այլ Հայերուն յատուկ դարավերջիկ ոգիէն, այսինքն արծաթասիրութենէն մղուած, գացած են հոն անկատար ուսումներով, հազիւ գիտնալով իրենց լեզուն, բնաւ չի գիտնալով ֆրանսերէն, թուաբանութեան չորս գործողութենէն անդին՝ կարծելով անսահման ովկիանոս մը զոր ճանչնալու հարկ չի կայ, պատմութիւնն աւելորդ իրենց արուասին, վերջապէս ժամանելով ի Բարիզ ամենապարզ նախակրթարանի մը ուսումէն զուրկ, արհեստ մը ձեռք բերելու, պիլէզիկ մը, ինչպէս կ’ըսեն Հայերը իրենց ծանօթ շահասիրութեամբը։

Գիտութիւնը ինքնին յիմար երազ մ’է որուն ետեւէն վազելու չափ անմիտ եղած չեն Հայերը. այլ դրական օգուտներու միայն հետամուտ՝ նուազագոյն արժանիքով մեծագոյն դրամը ձեռք անցընելու դժուարին խնդիրը լուծելու մէջ կանխած են միւս բոլոր ազգերը։

Ֆրանսայի մէջ հայ բժշկական ուսանողներէն ոչ ոք երբեք բուն համալսարանական աստիճանի մը արժանացած չէ։ Տօքթէօռի վկայականը արհեստն ի գործ դնելու արտօնագիր մ’է, բայց գիտական տիտղոս մը չէ, եւ հայ բժիշկներէն ոչ ոք ուսուցիչ (professeur) մը կրցած է դառնալ ի Ֆրանսա, գէթ անցունել ուսուցչութեան (agrégation) քննութիւնը։

Կը սխալիմ. մէկը միայն, Տօքթօռ Պէհրան, անծանօթ մը որ մեռած է ի Ֆրանսա թէեւ պարտ էր ամենէն աւելի ծանօթ լինել մեզի, արժանացած է այդ պատւոյն՝ ցոյց տալու համար անշուշտ իրմէ վերջը եկողներուն թէ Հայերն անկարող չեն համալսարանական աստիճաններն ձեռք բերելու եթէ կամք ունենան։

* * *

Բայց թողունք միայն գիտութեան համար զոհուելիք աշխատութիւնները. արհեստ-դրամի սէրով վարակեալ մեր ուսանողներէն չի պահանջենք խօլական երազներով տաժանիլ։

Եւ արհեստի սիրոյն մէջ ամփոփելով իսկ իրենց գործունէութիւնը, չենք կրնար առանց խորապէս զգածուելու չի խոստովանիլ որ հոն եւս տկար եւ յետամնաց եղած է մեր երիտասարդութիւնը։

Բարիզի Համալսարանի հայ ուսանողներէն ոչ ոք դեռ կրցած է Բարիզի հիւանդանոցի մը ներքին բժիշկ-ուսանողի (interne des hopitaux) մը մրցումէն յաջող ելլել։

Ի՜նչ մեծ ամօթ մեր ուսանողութեան համար անկարող ըլլալ տարիներու երկարատեւ շրջանի մը մէջ ներքին-ուսանող մը ընծայելու մրցումի քննութեամբ (concours). անանցանելի՜ պատնէշ ուրկէ ներս մտնելու արժանիքը միշտ պակսած է մեր բարիզեան բժիշկներուն բոլորին առանց բացառութեան։

Իսկ հիւանդանոցի մը մէջ օգնական բժիշկի (chef de cliniqne) clinique քննութիւնը դիմագրաւելու գաղափարն անգամ մը մեր յարգելի բժշկաց միտքէն անցած չէ՞, տեա՛րք։

Իսկ երբ ոմանց գիտական եւ արուեստական մեծագոյն զարգացումը եւ աստիճանը չստանալուն համար կը գանգատիմ հոս, խօսքը չեմ ըներ նորեկ կամ հինեկ հայ բժիշկներէ ոմանց, որոնք ոչ իրենց լեզուն գիտեն, ո՛չ ֆրանսերէնը եւ շատ մը բաներ իրարու հետ կը շփոթեն, բայց մէճիտիէն ոսկիին հետ։

Հայ բժիշկներուն գոյութիւն ունենալը կամ չունենալը միեւնոյն բանն է մեր հասարակութեան համար։ Երբեք չեն յիշած թէ ի՞նչ պարտաւորութիւններ ունին իրենց ազգին դէմ. իրենց վայելած գիտական համբաւին արժանի եղող երկ մը անշուշտ չեն կրնար ընծայել ազգին. բայց գոնէ գործնական առողջապահիկ դասերով պէտք է ծառայէին իրենց ազգակիցներուն եւ ընդհանուր գործունէութեան մէջ մեկուսի չի մնային իրենց ծանրածանր զբաղմանց բարձունքին վրայ։

Հազիւ մէկ քանի համակրելի անուններ գովելի բացառութիւն մը կազմեն այս ընդհանուր անտարբերության մէջ։

Մեր Ազգային հիւանդանոցը, զոր պարտ էին երկու ձեռքով գրկել, գրեթէ բնաւ արժանացած չէ իրենց խնամոց առարկայ լինելու պատւոյն. կը կարծեմ արդէն թէ մեծ բան մը պիտի շահէր ատով։

Մեր Հիւանդանոցին անտարբեր են, ադկից ներս չեն մտներ, ըսինք. բայց չէ՛, կը մտնեն հոն երբեմն, իրենց ուսումն ամբողջացնելու, մինչ ի Բարիզ պէտք էր որ լրացուցած ըլլային զայն։

Այս ամեն միջանկեալ խորհրդածութիւնները կը կեցնեմ հոս։

* * *

Փափաքս ուրիշ բան չէ, բայց եթէ աւելի բարձր տեսնել գիտական տեսակէտով մեր բժշկական մարմինն. կ’ուզեմ որ պարզ արհեստաւորներու, բանուորներու չափ չի խոնարհին, չի ռամկանան. եւ երս Յոյները երկու ուսուցիչ կընծայեն Բարիզի Համալսարանին, երբ Պոլսեցի յոյն բժիշկներ եւրոպական հռչակ ու անուն կ’ստանան, կը փափաքիմ, կը պահանջեմ որ Հայերը գերազանցեն զիրենք։

Այսպիսի ժամանակ մը ուր գերազանցապէս կրթասէր Վեհապետի մը հովանւոյն տակ կ’ապրինք, յառաջադիմութեան պայքարին մէջ, մեր առ Տէրութիւնն ունեցած պարտաւորութիւնն է միշտ պահել Երկրին գիտական անունն ու դրօշը, եւ պէտք չէ որ մեր կարգը ուրիշներէն ետքը գայ։