Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՄԷՋ

Ա.

Ասկից առաջ գանգատներ յայտնեցին ոմանք մեր դպրոցներուն մէջ աւանդուած ուսան չափազանցութեանը դէմ. ըսուեցաւ որ մեծ ախորժակի տէր ստամոքսներ կը պատրաստէինք առանց հարկ եղած սնունդը մատակարարելու միջոցներն ալ ցոյց տալու, ու գիտնական անօթիներու շատութիւնը սառնալիք մը համարեցին մեզի. ուրիշներ՝ կարեկցութեան ձայն մը, ողբագին հառաչանք մը հանեցին նոյն իսկ այդ տղոց ի նպաստ ու պոռացին որ անգործ ու անզբաղ թափառող տղոց զրկումներուն պատասխանատուութիւնը մեր դպրոցներուն վրայ կը ծանրանար, անոնց կրթական ծրագրին չափազանցութիւնն էր այս ամեն չարեաց պատճառը.

Le galeux d’ou venati tout e mal [1].

Գիտէք արդէն որ ծրագիրներն են ամեն բանի պատասխանատու. եթէ ձմեռը սաստիկ ըլլայ կամ ամառը անձրեւի պակասութենէն հունձքերըտառապին, եթէ սով ըլլայ կամ մահոան կոտորած, ծրագիրներն են որ կը դատապարտուին աշխարհիս ամեն կողմը. ու խնդիրը կը վերջանայ։

Եւ որովհետեւ գտնուեր են մեր մէջ թաղային վարժարաներէ ելլող քանի մը ապիկար պատանիներ որ կամքէ, ձեռներէցութեան հոգիէն զուրկ՝ թափառեր են հոս ու հոն, որ կանոնաւոր կրթութիւն մը չունենալուն համար չեն կրցած օգտակար դառնալ ու գործ մը գտնել իրենց, անմիջապէս այս ողորմելիներուն դժբաղդութեան համարը մեր դպրոցական ծրագիրներէն կը պահանջուի։

Ինչո՞ւ Հոմերոս եւ Միլթօն կարդացուցիք այս տղոց, ինչո՞ւ Արուսեակն ու Լուսնթագը ճանչցուցիք իրեց, ի՞նչ հարկ պատմութիւնը սորվեցնել, մեծ մարդոց օրինակներովզբաղեցնելով՝ զիրենք համեստ քաղաքացիներ ըլլալու կարողոթենէն զրկեցինք։

Բ.

Եթէ այս շրջանաւարտ տղաք իրօք օգտուած ըլլային դպրոցական դասերէն, երբեք չի պիտի պտըտցնէին փողոցներուն մէջ իրենց երիտասարդի անգործութեան ցաւալի պատկերը. գիտութիւն եթէ հաց չի տար գոնէ պիտի զբաղեցներ զիրեք, աւելի եւս յառաջ մղեր ուսման շաւիղին մէջ, եւ սակայն չենք ճանչնար մէկը որ առանց արհեստ մ’ունենալու գիտութեանց կամ դպրութեանց մէջ անուն մը ստացած ըլլայ։

Ո՞վ են ուրեմն անոք որոնց վրայ արգահատելով մեր դպրոցներու արդէն կարի խոնարհագոյն վիճակը աւելի եւս ստորնացնելու գաղափարը կը ջատագովենք։

Եթէ նոյն իսկ անհատական դժբաղդութիւններու, ասարէզի պակասութենէ յառաջ եկած գործադուլներու պատմութիւնը ստոյգ ըլլար։ ի՞նչ իտի ետեւէր ատկից։ Քաղաքակրթութեան գերագոյն շահը յառաջադիմութեան մէջն է միայն. միտքերը պէտք է ձգտին, այո՛, փրթելու չափ. այս է կեանքի պայքարը զոր մեր ձեռքը չէ ընդունիլ կամ չընդունիլ. անհատի մը թշուառութիւնը, աղքատութիւնւը ի հաշիւ չառնուիր հանրութեան շահերուն մեծ տումարին մէջ։ Եւ արդէն մարդս երջանիկ կամ դժբաղդ, անօթի կամ կուշտ ըլլալու համար չէ որ կուգայ աշխարհ. ապրիլը վախճան մը չէ ինքնին, ինչպէս շատ լաւ կ’ըսէ Պէրպէրեան էֆէնտի, այլ միջոց մը մարդուս համար իր կոչման ծառայելու։

Անոնք որ անասունի կեանք մը կը սահմանեն մեր պատանեաց, փոր կշտացնելով շինուած կեանք մը, Մոլիէռի հռչակաւոր խօսքը միտքներիս կը բերեն յեղաշրջուած իրենց վարդապետութեանց համաձայն,

Il faut vivre rour manger

Et non manger pour vivre [2].

Գ.

Մենք ընդհակառակը կը կարծենք որ մեր դպրոցներուն մէջ աւանդուած կրթութիւնը շատ ռամիկ, շատ տարրական է։

Եւրոպական ազգերու ամենօրեայ յառաջադիմութեանց արձագանգն անգամ չի հասնիր մեզի. ուսման եւ ոչ մէկ ճիւղի համար մասնագէտ ուսուցիչներ ունինք. մաթէմաթիքի վարպետ մը ի վաղուց անտի պակսած է մեզի, նոյնպէս չենք ունեցած ուսուցիչ մը բնական գիտութեանց համար. բայց ի՜նչ հարկ թուումն մասանց մը ընել հոս սի առ մի ըսելու համար թէ ոչ պատմութեան, ոչ աշխարհագրութեան, ոչ լեզուաց, ոչ իմաստասիրութեան համար կարող դասախօսներ ունեցած չենք երբեք։

Եւ ի՞նչպէս կ’ուզէք որ ունենանք, ո՞վ բարձրագոյն ուսում առած է մեր մէջ արհեստի տեղ գործածելէ տարբեր նպատակով։ Անոնք իսկ որ գիտութեան մէկ ճիւղը սորվելու համար գացած են Եւրոպա, միշտ արհեստական անձուկ սահմանին մէջ ամփոփուած են։

Տաճկահայ եկեղեցականներուն մէջ, բաց ի մէկէն կարծենք, չենք ճանչնար Եւրոպիոյ համալսարանաց մէջ ուսում առածներ. եւ սակայն տեսէք Յոյները, օրինակ առնելու համար գոնէ, որոնց մէջ տասնեակներով կը համրուին Գերմանիոյ համալսարաններէն վկայեալ եկեղեցականներ։

Գլխաւոր բանը որ կը պակսի մեզի, մեր յետամնացութեան աստիճանին վրայ ճշմարիտ գիտակցութիւնն է։

Գիտութիւնը իր անվերջ ճիւղաւորումներուն մէջ հետզհետէ այն վիճակին հասնելու վրայ է որ քիչ ատենէն նոր անուններն իսկ հասկնալու կարող չի պիտի ըլլանք։

Մեր մէջն է միայն որ երիտասարդ մը ի հարկէ ստիպեալ կ’երթայ Եւրոպա ոչ թէ համալսարանական ուսման մը հետեւալու, արհետս-գիտութիւն սովորելու։

Եւրոպիոյ մէջ բնական կարգն է հետամտիլ, շարունակ հետամտիլ գիտութեան, միշտ աւելի հեռուն, միշտ աւելի բարձր։

Դպրոցական շրջանաւարտներուն ջանքը պէտք է ըլլայ իրենց կոչմանց ու յարմարութեանց համեմատ յառաջ տանիլ իրենց ուսումը բարձրագոյն վարժարաններու մէջ, ապահով ըլլալով որ ապրուստի ասարէզ չի պիտի պակսի իրենց, եւ չարագուշակ մարգարէութիւնները, սխալ ու ծուռ խորհուրդները թող չի կասեցնեն, չի թերացնեն երբեք զիրենց իրենց ճամբուն մէջ։



[1]            Ամբողջ չարիքը գալիս է քոսոտից, այլանդակից (ֆր.

[2]            Պիտի ուտել ապրելու համար եւ ոչ թէ ապրել ուտելու համար։