Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՐԸ ՕՐԻՆ.
ԳՐԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ ՄԸ

Սելամսըզի ամիրայական տունէն հիմակուան Ամերիկեան Քօլէճը մինչեւ Բէռ-Լաշէզի գերեզմաննոցը երկարաձգուող լուսաւոր շաւիղ մը, որուն երկու ծայրերը զարմանալի հանդիպումով մը օտարներու ձեռքը թողուած, գեղարուեստից սիրահար այն հոյակապ դէմքերէն մին, զորս պէտք է նմանցնել հորիզոնին վրայ փայլող այն լոյսերուն որոնք՝ որչափ ալ վազես՝ քեզմէ առաջ կ’անցնին շարունակ՝ իրենց անշարժութեան մէջ մնալով։

Բաղդին իրեն շռայլած լիաբուռն վայելքները չի դղրդեցին իր իմաստասէր գրագէտի համոզումները. մեծութիւնները, որ այնքան դիւրաւ մարդիկը կը պզտիկցնեն, իրմէ բան մը չպակսեցուցին եւ ահա ասոր համար իր գրիչը մաքուր ու պարկեշտ մնաց՝ մարդերու ճակատագրին հետ զբաղած պահուն եւ թռչոնի մը փետուրին հետ խաղացած ատեն։

* * *

Անոր համար այս ճակատագրի հաւատացող մեծ գրագէտը վեր կը մնայ դպրոցներու վէճերէն։

Իր կեանքը, գեղարուեստական նոր իմաստասիրութիւն մը կը պարունակէ, նոր ըմբռնում մը որ քերթողի մը ըմբռնումն է, որուն առջեւ ծունգ կը չոգուի միայն, եւ որ իրմէ երեսուն տարի վերջը հասնող ամբողջ գրասէր երիտասարդութիւն մը, խրոխտ ու ամբարտաւան սերունդ, խոնարհեցնելու կարող կ’ըլլայ ահա։

* * *

Այս մեծ գրագէտին գործերն է զոր հրատարակելու կը ձեռնարկեն այս օրերս։

Ինքն որ անմահութեան հաւատքն ունէր, անոր համար թերեւս որ անմահութիւնն իր մէջ ունէր արդէն, պիտի ժպտի վերէն երբ երկիւղած ձեռքով բանանք իր հատորը, իր կեանքին էջերը որոնց մէջ կը դողդղայ իր բանաստեղծի հոգին։

Եւ անոնց, որ այս գաղափարը յղացած են, կ’իյնայ արժանաւոր գործ մը երեւան հանել, վայելուչ այն մեծ անունին որ այդ գրքին կողը պիտի զարդարէ. ո՛րչափ խնամք, ո՛րչափ հոգածութիւն ցոյց տան, քիչ է այն գործին որ վերաշինութիւն մը պիտի ըլլայ մահարձանի մը որուն մէջ Պառկողը չի քնանար այլ կ’ապրի։