Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ԱՂՋԿԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ

Անոնք որ կը ճանչնան զիս իբրեւ ոխերիմ հակառակորդ մը իգական սեռի կրթութեան, պիտի զարմանան երբ մեր աղջկանց վարժարաններու խնդիրը ձեռք առնեմ հոս, զանոնք օգտակար ընծայելու միջոցներուն վրայ խորհիմ քիչ մը։

Ստոյգն այն է որ ես աղջկանց համար բարեկրթութիւն կ’ուզեմ եւ ոչ չոր կրթութիւն, կը փափաքիմ, եւ յառաջդիմութեան գերագոյն օրէնքն այս կը պահանջէ, որ ամեն ոք իր կոչման, իր նախասահմանութեան շրջանակին մէջ զարգանայ. եւ կանանց նախասահմանութիւնը չէ փճանալ ու կորնչիլ կեանքի ամենօրեայ պայքարին ու խոնջանքին մէջ։

Առօրեայ աշխատութեան ու վաստակի տաղտկալի մակարդակէն վեր բռնելով իգական սեռը, կը կարծէի որ իրեն նպաստաւոր բան մը ըրած կ’ըլլայի. ոմանք, մեծագոյն մասը, եթէ ոչ բոլորը մէկէն, բողոքեցին այս բարձրացումին դէմ։ Ուզեցի որ նախախնամութիւն մը ըլլան կանայք մեզի համար, ուղղիչը մեր զգացումներուն ու ճաշակին. եւ անոնք ստորադաս բան մը կը համարեն այս էապէս բարձր ու վեհ կոչումը. երկինքը ցոյց կուտանք իրենց ու հողը ըլլալ կ’ուզեն անոնք։

* * *

Մեր աղջկանց դպրոցներուն մէջ մանչերու համանման, եթէ ոչ բոլորովին յար եւ նման, կրթութիւն մը կը տրուի. ո՛չ սեռի, ո՛չ կոչման տարբերութիւնը նկատողութեան առնուած է երբեք. երբոր Հոգաբարձութիւն մը աղջկանց դպրոցին մէջ կարի ու ձեւի դաս մը հաստատէ կամ դաշնակի ուսուցումը ներմուծէ, իգական կրթութեան ամեն պահանջումները գոհացուցած կը սեպուի։

Ես պիտի ուզէի յիմար փափաք որ պէպէք մը հագուեցնել սորվեցնէին պզտիկ աղջիկներուն. պիտի ուզէի որ ժպտելու, խնդալու դաս մ’ալ աւելցնէին տարրական գիտելեաց քով. պիտի խնդրէի որ փոխանակ իրենցմէ վտանգաւոր գաղտնիքի մը պէս ծածկելու էրիկ մարդ արարածին գոյութիւնը, ընդհակառակը՝ կանուխէն բացատրէին անոր հետ իբրեւ մայր, քոյր կամ կին ունենալիք անհրաժեշտ կապերը, յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ երջանկութեան նպատակովը այդ կապերը մաքուր ու ամուր պահելու պէտքը սորվեցնէին յատուկ գիտութեան մը պէս։

Ի՜նչ արտասովոր դպրոցական յայտագիր մը պիտի ըլլար այն որ այս խորհրդածութիւններու թելադրութեամբ պատրաստուէր. բոլորովին բնական եւ հետեւապէս մեզի անընդունելի բան մը պիտի թուէր, իբրեւ տեսակ մը ամբողջացուցիչ մաս Էմիլին, անոր պէս բնութիւնն ընդունելով միայն իբրեւ ճշմարիտ ու անխարդախ դաստիարակ մանչերու ու աղջկանց համար։

* * *

Հոսկէ կը լսեմ քրքիջը որ ահաւասիկ իմ պատրաստած կրթական ծրագրիս շուրջը կը բարձրանայ ամեն կողմէն։

Պէպէք խաղա՞ն դպրոցին մէջ. ուրեմն պիտի զբօսնուն հոն եւ ոչ թէ պիտի ուսնին։

Առարկութիւնն անհերքելի չէ. պիտի զբօսնուն եւ պիտի ուսնին միանգամայն. այն բանը որ զբօսանք մը կը թուի ձեզ՝ որ ամեն ինչ հարեւանցի թեթեւօրէն քննելու սովորութիւնն ունիք, այդ բանը ուսում մ’է ինքնին ամենէն դժուարինը, զոր կը հասկնամ թէ չըմբռնէք. անձնուիրութեան, գորովի, խանդաղատանքի ուսումն է այդ, էապէս կանացի գիտութիւն։

Խնդալ ու ժպտի՞լ սորվին. ուրեմն պչրանքի դաս մ’է ուզածնիդ մեր աղջկանց համար. ո՛չ, զուարթութեան դասն է որ կը պահանջեմ, գոհ եւ ուրախ դէմքերու տեսքն է իմ փափաքս. խոժոռ ու յուսահատ երեսներու յառաջ բերած անբարոյականացման, լուրջ ու կեղծաւոր ձեւերու ներքեւ պահուըտած ապականութեանց բարձումն է որ կ’ուզեմ. դէմքեր կ’ուզեմ եւ ոչ դիմակներ։

* * *

Իսկ մեր աղջկանց վարժարանները, որովհետեւ հարկ է անոնց յիշատակութիւնն ընել, ի՜նչ հակասական ու այլանդակ արդուզարդով, կրթական արդուզարդով մը ըսել կ’ուզեմ, կը ագուեցնեն մեր մանկուհիները։

Իրենց սովորաբար սեթեւեթ ու անշնորհ շարժումներուն, իրենց իբրեւ թէ ամչկոտ խեղեպտանքին բոլոր յանցանքը մեր դպրոցներունն է, ուր խօսիլ չի կայ, ուր քալել չի կայ, ուր ոչինչ կայ բնական, անուններ, բառեր, պարբերութիւններ թութակօրէն գոց ընել տալէ զատ։

Եւ երբ կ’ըսենք թէ յանցանքը դպրոցներունն է, պէտք է հասկնել որ բուն յանցաւորները ծնողներն են միշտ, իրենց մեղապարտ անհոգութիւնն է զաւակնուն կրթութեան մասին։

Երբոր առջի օրը վարժարան մը տանին յանձնեն իրենց զաւակը ու տարւոյն վերջը դպրոցական հանդէսին ներկայ գտնուին, երգերով, ճառերով ու տեղեկագիրներով ողողուած ցուցանքի մը, ճշմարիտ ցուցանք, ուր զաւակնուն մրցանակ մը ելլեն տան, - այն անպիտան ու անընթեռնելի գիրքերէն մին որոնցմէ սովորութիւն է մեր մէջ մրցանակ տալ, իբրեւ թէ պատիժ մը տալ ուզէին, - այն ատեն իրենց ծնողքի բոլոր պարտաւորութիւնները ի գործ դրած կ’ըլլան ու կ’ազատին։

* * *

Այս ամենուն ետեւութի՞ւնը։ Հետեւութիւնն այն է թէ կրթութեան ու դաստիարակութեան գործին մէջ ողորմելի ենք մանչ ու աղջիկ, ծեր եւ տղայ, եւ ատեն ատեն երբ չենք կրնար բոլորովին ստոյիկ անտարբերութեամբ մը գլուխնիս անդին դարձնել, ձայն կը բարձրացնենք այն տեղէն, անարձագանգ մնալու դատապարտուած ձայն, անօգուտ ջանք մը ու խղճի պարտք մը կատարելու գիտակցութեամբ։

Վասնզի ժողովները ժողովներու պիտի յաջորդեն ու խորհուրդները խորհուրդներու. ոչ սակայն այն խորհուրդները զորս միտքը կը յղանայ, այլ անոնք զորս Վարչութիւնը կը կազմէ սիրտը նեղցած ատեն. եւ մեր հին բարի եղանակը դաստիարակելու պիտի ապրի որջացած արմատացած ծառի մը պէս որուն բունը ամենէն բարեբեր հողին մէջն է, եւ որ կը կոչուի ՏԳԻՏՈՒԹԻՒՆ։