Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԳԸ

Մարդիկ կան որ կը կարծեն թէ՝ խօսելուն քով՝ երգելը աւելորդ բան մըն է։։

Երբ քաղաքակրթութիւնը կը տանի զմեզ դէպի ամեն բան շուտափոյթ ու համառօտ տնօրինելու, երբ ճամբայները կը կարճեցնենք եւ հեռաւորութիւնները կը բառնանք. Երբ երիտասարդութիւնը՝ իր կանխահաս զարգացումովը ու ճերմակ մազերովը՝ ծերութեան հետ կը շփոթուի, եւ գլուխը ետին դարձնելու ատեն չունեցողի պէս կը վազէ մարդկութիւնը, այս ընդհանուր արշաւին մէջ ո՞վ կրնայ երգի մտածել։

Եւ սակայն ճիշդ այս ճեպընթաց սուրացումին, այս վաղվաղակի հասունցող ու մաշուող հոգիներուն համար աւելի եւս անհրաժեշտ չի՞ դառնար կազդուրուելու պէտքը։

Այս գաղափարը ունեցած է այն մարդը որ վերջերս տասը հազար ֆրանք կտակից Ֆրանսական Ակադեմիային, երկու տարին եղ մը մրցանակ մը տալու համար լաւագոյն երգի հեղինակին։

* * *

Վասն զի երգը այն հանգրուաններէն է ուր ամեն ոք կանգ կ’առնէ, իր յոգնութիւնը կը մոռնայ կը կազդուրուի ու յաջորդ օրուան կը պատրաստուի, ուրախ դէմքով դիմագրաւելով բաղդին ձախորդութեանց։

Յետոյ, երգը այն միակ բանն է որ մարդերը կը մօտեցնէ ու կը միացնէ իրարու, աղօթքին պէս ու արցունքին պէս, որոնք երգեր են անշուշտ, երգերուն գերագոյնները։

Ու անկից վերսկսելով, շարունակելով ճամբան որ վերջ չունի, որ ծայր չունի, այս անդուլ ուղեւորութիւնը կեանքին՝ նուազ դժնդակ ու աւելի տանելի բան մը կ’ըլլայ ա՛լ։

* * *

Խոժոռ ճակատներու, մռայլամած դէմքերու, հաստ ու թաւ ձայներու լրջութիւնը՝ ճշմարիտ լրջութիւնը չէ։

Պարզ ու վճիտ ձայն մը, խնդուն երես մը միշտ աւելի հասկնալի, հետեւապէս աւելի օգտականր է. իր զուարթ երեւոյթն իսկ օգուտ մըն է ինքնին։

Ուրախութիւնը հիմա այն կաթն է ուսկից շատ կանուխ կը կտրուի մարդկութիւնը՝ իր առօրեայ հոգսերովն ու մտմտուքներովը, եւ երգն է միայն որ մանկութեան, անմեղութեան պատրանքը կուտայ մեզի, որքան ալ վաղանցուկ ըլլայ այդ պատրանքը։

Եւ ո՜րքան պէտք ունինք վերադառնալու հոն ուսկից ուղի ինկած ենք. ի՜նչ խրատներով ու խորհուրդներով լեցուն պէտք է ըլլայ մեզն համար այն ճամբան որուն շուրջը նայելու ատեն ունեցած չենք մեր արշաւասոյր ընթացքին մէջ, եւ ամեն բանի վրայ սխալ գաղափարներով ու սխալ համոզումով եկած հասած ենք հոս, այն կառախումբի մեծ վազքովը ճամբորդող ուղեւորներուն պէս որոնց վրայ հեռագրի ցիցերը՝ շարունակուող պատի տպաւորութիւնը կը թողուն։

* * *

Երգը անհրաժեշտ աւելորդն է. ո՛չ այն աւելորդներէն մին զոր յափրացած քաղաքակրթութիւնը նորէ նոր կ’ստեղծէ, այլ այն զոր բնութիւնը տուած է մեզի ի անյեղլի օրէնքներով, երկու նուագի մէջ ամփոփելով մեր կեանքին երկու ծայրերը, - նորածինի մը լացը ու ոգեւարին հռնդիւնը։

* * *

Մեր ժողովուրդը արեւելքցի բանաստեղծ ժողովուրդներուն պէս սիրած է երգը միշտ. գաւառները, գիւղերը ամեն տեղ, երգը ամենուն բերանն է. մշակը անով կը հերկէ իր արտը, հովիւը անով կ’արածէ իր ոչխարները. անով կը տօնեն նորածինին գալուստը եւ հարսին նարօտը անով կը կապեն։

Հոս, այս մեծ ոստանին մէջ է որ, սխալ ըմբռնուած ծանրութեան մը հետամտելով, երգելու սովորութիւնը ծիծաղելի կամ ամօթալի բանի մը պէս վերնալու վրայ է Հայոց մէջ քիչ քիչ։ Մեր տղաքը, պատանիները, կորաքամակ ծերուկներու պէս ծալլապատիկ նստած, խօսելով կ’անցընեն ատեննին։ Ժպիտ չի կայ երեսնին, տղայ երեւնալու վախով։

Այս պատանութիւնը, որ թուականի սխալ մը ըլլալու կը միտի, թող վերադառնայ ուրախութեան, զուարթութեան կանոններուն, որք իր տարիքին կանոններն են, գրեթէ պարտականութիւնները։