Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Երեւակայական Հիւանդը, ՄՈԼԻԷՌ. Գամէլիազարդ Տիկին, երրորդ արարուած, ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ՏԻՒՄԱ

Շաբաթ գիշեր Գատըգիւղի թատրոնին մէջ Ֆասուլեաճեանի խումբը յաջողութեամբ տուաւ խոստացած առաջին հայերէն ներակյացումը՝ լեցուն սրահի մը լեցուն օթեակներու առջեւ։

Պէտք է ըսել որ բացի վաղեմի դերասանապէտէն ու հռչակաւոր դերասանուհիէն ե, որչա կը յիշեմ, Պ. Շահինեանէ զատ որ Ֆռոմօն Ռիսլէրի մէջ անգամ մը ներկայացած էր, մեր հասարակութիւնը ոչ ոք կը ճանչնար նորակազմ խումբէն, մեծ մասամբ սկսնակներով ձեւացած, եւ անշուշտ ներկայացման հայերէն ըլլալուն հրապոյրն էր որ հասարակութիւնը այսքան ոծ թիւով թատրոն բերած էր։

Ֆասուլեաճեանի առաջին գովելի հանգամանքը այն եղաւ որ որոշեալ ժամուն սկսաւ ներկայացումը. բան մը զոր շատոնց մոռցած էին յորմէհետէ Մնակեան վարժեցուցած <էր> մեզի, ներկայացումը սկսելու համար, բազմութեան մը հաւաքուելուն սպասել, այն նաւավարներուն պէս որոնք պէտք եղած թիւով ուղեւոր չառած ճամբայ չեն ելլեր։

Օթեակներուն մէջ Գատըգիւղի բոլոր ծանօթ ընտանիքները կը տեսնեմ. ո՞վ ըսաւ որ չեն սիրեր Թատրոնը եթէ սիրուելու արժանիքով ներկայանայ. ամենքը գոհ են այս ներկայացումը տրուելուն համար ու տրամադիր Ֆասուլեաճեանի խումբը քաջալերելու, մանաւանդ եթէ հարկ եղած նոր տարրերը աւելցնէ վրան։

Մամուլը իր ներկայացուցիչները ունի հոն, ուշադիր, խստապահանջ, ինչ որ իրենց իրաւունքէն աւելի պարտականութիւննին է։ Զանգակը կը հնչէ ներսէն. երաժշտութիւնը կը դադրի. ահա առաջին արարուածը։

Ամբողջ յայտնութիւն մըն է մեզի ամար Երեւակայական Հիւանդին ներկայացումը։ Չսպասածնիս կը գտնենք հոն. միգուցէ սպասածնիս այլ չգտնենք։ Ֆասուլեաճեան՝ կատարեալ Առկան մըն է, երբեմն չափազանցութեան տարուած ձեւերով. այս չափազանցութիւնը պիտի գտնենք իր խմբին բոլոր միւս ընկերներուն վրայ ալ. բայց Մոլիէռի այս գործը կատակերգութենէ (քօմէտի) մը աւելի զաւեշտ (ֆառս) մըն է։ Հեղինակին նպատակը՝ ծաղրելին մատնանիշ ընել է եւ ասոր համար ինքն իսկ ծայրայեղութեան տարած է իր ի տես հանած անձերուն նկարագիրները։ Դերասանները գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար անոր գաղափարին ճշմարիտ թարգմանը կը ներկայանան մեր աչքին։

Ֆասուլեաճեանի արտասանութիւնը մաքուր է միշտ եւ այն պզտիկ վարանումը՝ խօսած պահուն՝ որ յիշողութեան պակասութենէ մը յառաջ գալ կը թուի, դերասանին ճարտարութեամբը անզգալի կը դառնայ։ Շեշտը՝ բնական է եւ դէմքին արտայայտութեամբը անհաւասարելի է այս դերասանապետը։

Առաջին տեսարանի դիմառնութիւնը, երկրորդ արարուածին երկու Տիաֆօռիւսներուն մէջ իր կեցուածքը, տօքթօռ Թիւռկոնի առջեւ շանթահարումը, յետոյ մեռելի ձեւացումը, ամեն կերպով կատարել էին։

Իսկ պարտաւոր ենք ճանչնալ թէ Տիւվալի հօր դերին մէջ Պ. Ֆասուլեաճեան տկարացաւ. առաջին ու գլխաւոր պակասութիւնը իր դերը լաւ չգիտնալն էր. յուշարարի օգնութեան ապաւինողները երբեք յաջողութիւն ակնկալելու չեն բեմի վրայ. վարանում մը, թոթովում մը, սխալ արտասանութիւն մը, մէկ բառով խօսուածքի ամենէն փոքրիկ թերացումը դերասանին բոլոր արոաստը կը ջնջէ ու կ’սպաննէ։

Տիւվալի հօր արտասանած բառերը դանդաղ, մին միւսին սպասելով շարունակ, յուշարարին հատակոտոր փոխանցումին պէս, այս բոլորը իրեն պէս մեծ դերասանէ մը սպասուածը չէր, եւ դերասանը վայրկեանը վայրկենին քաղելով իր բառերը, անկարող եղաւ կեանք կամ ոգեւորութիւն դնելու անոնց մէջ։

Երեւակայական Հիւանդին մէջ ամենամեծ յաջողութիւնը ունեցաւ Օրիորդ Քնար Թուանէթի դերով. այս էր յայտնութիւնը որ զմեզ գրաւեց ու հիացուց գրեթէ։

Երբեք երես առած աղախնի դերը այսքան բնական, այսքան անքննադատելի ճարտարութեամբ երեւան հանուած չէր. իր ձեւերը, իր տէրը չսեպող սպասաւորի մը հանգամանքը, ասկէ աւելի առաջ չէին կրնար տարուիլ։

Մոլիէռի կատակերգութեան մէջ առաջին մրցանակը իրեն տուաւ հասարակութիւնը եւ չի սխալուեցաւ։ Օրիորդ Քնարի արուեստը գոված ատեննիս կը յիշեցնենք որ յաղթանակին մէկ մեծ մասը՝ պարտաւոր է իր դերը լաւ սորված ըլլալուն։ Թուանէթ՝ երեք արարուածներուն մէջ երբեք կարօտ չեղաւ յուշարարին։

Օրիորդ Քնար իր այս դերին մէջ ճշմարիտ դերասանուհիի մը արժանիքին ապացոյցը տուաւ. իր գործը զգացման գործ չէր, այլ մտքի նրբութեան, եւ նոյն իսկ եւրոպական թատերաբեմի մը պատիւ կրնար բերել իր շաբաթ գիշերի դերին մէջ։

Անկէ վերջը երկու Տիաֆօրիւսները Պ. Պ. Չօպանեան եւ Արշակ նոյնպէս արժանի կը գտնենք ամեն գովեստի. դիմաշարժութեան մէջ ամեն կերպով յաջողութիւն ցոյց տուին. հայրը գլխի շարժումներով ընկերանալով տղուն ճառերուն, օգնութեան հասնելով անոր, իր հոգածութիւնը ճշմարիտ կարպով պատկերցուց. իսկ որդին իր ծաղրելի ու աուշ գիտնականի ձեւերուն, յետոյ բռնկած բայց վեհերոտ սիրահարի շփոթութեանը մէջ կատարեալ եղաւ ու հասարակութիւնը երկուքին ալ յայտնեց իր գոհունակութիւնը բուռն ծափահարութիւններով։

Յաջող էր նաեւ Պ. Վ. Քիւբէճեան իր սպառնալից գուշակութիւններուն մէջ, թէեւ իր քալուածքը ու շարժումը աւելի հին ատենի վրէժխնդիր արարածի մը վայելուչ ձայնէ մը զատ բան մը չհասկցուց. բեմի համար պէտք եղած քաջութիւնը չունէր. իր սիրահարի ձեւերը աւելի զարմացած մարդու մը կերպարանքին կը նմանէին քան թէ ձեռներէց ու սատանորդի երիտասարդ մը որպէս պէտք է ըլլայ Քլէանդ։ Իսկ Օրիորդ Քլէր (Անժէլիք), - չենք գիտեր թէ հայ անուններու պակասութիւնէ՞ն արդեօք այս օտար անունին դիմած է դրասանուհին, - իր գեղեցիկ երեւոյթէն զատ ոչինչ ունի յիշատակութեան արժանի. բեմին վրայ միշտ շփոթած աղջիկ մըն է որ մինչեւ երրորդ արարուածին վերջը ինքզինքը չկրնար գտնել։

Պ. Վարդազարեան պարզապէս քնացուցիչ դեղի մը ազդեցութիւնը ըրաւ իր կցկտուր երկարաբանութիւններովը։ Այն ալ իր դերը չգիտցողներէն մէկն էր։

Տիկին Պերճուհի (Պէլին) գոհացուցիչ է եւ աւելի գոհացուցիչ պիտի ըլլար եթէ այս ալ իր դերը լաւ չգիտնալու ախտէն չտառապէր, վասն զի իր շարժումները պատշաճ են ու բաւական իր երկրորդական դերին։

Իսկ նոտարը Պ. Շալճեան լաւ կ’ընէ եթէ ուրիշ անգամ աւելի պատրաստութեամբ երեւան գայ, վասն զի պարզապէս ողորմելի էր իր անհատնում կմկմանքին մէջ։

Ու այս ամենը գոհութեան նոթով մը փակելու համար յիչենք փոքրիկ Ազնիւը Լուիի դերին մէջ որ առանց կեղծիքի փոքրիկ տղու ճշմարիտ տպաւուութիւնը յառաջ բերաւ։

Մէկ բառով Պ. Ֆասուլեաճեանի խումբը յաջողեցաւ Մոլիէռի զաւեշտին մէջ. այս նոր պատրաստուած դերեսանուհիներն ու դերասանները ցոյց տուին որ լաւ մարզիչի քով աշխատած են ու բնական պէտք եղած տրամադրութիւնը ունին. իրենց կը մնայ աշխատիլ ու յառաջանալ. հիներէն շատեր կը ճանչնանք որ իրենց չափ արժէք չունին. բայց պէտք չէ մոռնալ, խղճի մտօք աշխատութեան գործ է դերասանութիւնն, եթէ կ’ուզեն փայլիլ հոն եւ ձեռք բերել նախանձելի անուն մը։

* * *

Գամէլիազարդ Տիկնոջ երրորդ արարուածով հանդիսականներուն թուլացած ուշադրութիւնը վերստին կ’ամփոփուի կը հոծանայ. ամեն ոք գիտէ որ այս երեկոյթին մեծագոյն ձգողութիւնը Տիկին Սիրանոյշի վերերեւումն է ու անոր կ’սպասէ անհամբեր. տասնըհինգ երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամն է որ հայերէն լեզուով թատրերգութեան մէջ կ’երեւայ ահա։

Տիկին Սիրանոյշի մուտքը ահագին ծափահարութեամբ մը կ’ողջունուի. իր քալուածքն իսկ տարբերութիւն մը ունի ուրիշ քալուածքներէն, թոյլ ու շնորհալի բան մը զոր չեմ կրնար ճշդել. իր շարժումները չեն շռայլուիր ու յատուկ շնորհ մը ունին միշտ. իր ձայնը արծաթի հնչիւնը ունի, թրթռալով սրտերուն մէջ։ Ամենքը լուռ իրեն կ’ունկնդրեն ահա. ահա մեծ դերասանուհին ինքը, այնպէս ինչպէս ըսած էին մեզի Թիֆլիսցիք. իր արուեստը օրինակած բան մը չունի, ամեն բան իրեն յատուկ է։ Եթէ սկիզբները այնքան մեծ չէ իր ազդեցութիւնը, պատճառը քիչ մը այն է որ իր մարմնոյն մեծակառոյց շէնքը կը հերքէ քիչ մը հիւծախտաւոր հիւանդի դերը. ու երբ դերասանուհին կ’ըսէ թէ հազիւ քիչ մը ատեն ունի ապրելու աշխարհիս վրայ, ոչ ոք կը հաւատայ իրեն, այնքան առողջ կը գտնէ զինքը։

Բայց յետոյ արուեստը իր ներգործութիւնը կ’ընէ, ամենքն անձնատուր կ’ըլլան։ «Թէ որ բաժնուիմ անկէ, ես իսկապէս կը մեռնիմ»։ Այս կտորին մէջ այնքան սիրտ ու արցունք կը դնէ դերասանուհին որ ամենքը միաւնոյն դողով կը համակուին. ո՛չ, ալ ուշադրութիւն չենք դարձներ ռուսահայ ասացուածքներուն որ կը սպրդին հոս ու հոն, «կը լինեն», «ասում են» եւ այլն։ Նամակը գրելուն տեսարանին մէջ իր սրտի դժկամութիւնը, ներքին պայքարը լաւ բացատրեց անշուշտ, բայց կը կարծենք որ այս կտորը պէտք է աւելի յամր ու ծանր ըլլար. նամակագրութիւնը աւելի վարանում, ամեն մէկ բառը աւելի շատ խորհրդածութիւն կը պահանջէր. այդ պահուն իր ձեռքի հուսահատ գալարումները իսկապէս ծովասոյզ անձն մը ջանքին կը նմանէին։ Ու համարակութիւնը շունչը զսպած, չընդմիջելու, չխռովելու համար պատկերը, կը դիտէր. եւ այս ակնակառոյց ու անձկալից սպասումը՝ իրօք, աւելի էր իբրեւ գովեստի արտայայտութիւն, քան այն ծափահարութիւնները որով անընդհատ ողջունեցինք զինքը վերջէն։

Արմանի դերը առաջին տեսարանին մէջ Պ. Շահինեան լաւ տպաւորութեամբ չսկսաւ, բայց վերջին յաջողութիւն գտաւ Մարկրիթի հետ վերջին տեսակցութեան մէջ եւ հօրը գիրկը նետուելու ձեւը բոլորովին գրաւիչ ու ճշմարիտ եղաւ։

Պ. Շահինեան պէտք է նուազ աճապարող ըլլայ իր դերերուն մէջ. երբ սենեկին մէջ Մարկրիթը կը կանչէ յետոյ սպասուհին, ի «ոչ ոք, ոչ ոք»ները շատ շուտ կը հասնին. պէտք է սպասել, յոյսը կտրել եւ յետոյ ըսել «ոչ ոք»։։

Գեղեցիկ փունջ մը ընծայուեցաւ Տիկին Սիրանոյշի հայ մամլոյ ներկայացուցիչներու կողմէ, ուրիշ գեղեցիկ փունջ մը Գատըգիւղի երիտասարդներէն առ Օր. Քնար եւ դափնեայ պսակ մը առ Պ. Ֆասուլեաճեան։ Լաւ երեկոյթ մը, եթէ խումբը գիտենայ օգտուելու եղենեկը՝ գործ շարունակելով։