Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԴ

ՄԱՍԻՍ

Շաբաթաթերթ գրական, գիտական ու քաղաքական

Տնօրէն խմբագրապետ Գրիգոր Զօհրապ

Այսօրուընէ ՄԱՍԻՍ կը հրատարակուի ամեն շաբաթ օր, փոխանակ երեք շաբաթ անգամ մը հրատարակուելու։

ՄԱՍԻՍ պիտի պարունակէ.

1. ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆՆԵՐ

2. ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, Գրական, Բանասիրական, Ուսումնական, Գեղարուեստական։

3. ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆՆԵՐ, հայ գրողներու, գիտնականներու, արուեստագետներու, իրենց ԿԵՆԴԱՆԱԳՐՈՎ հանդերձ, որոնք պիտի պատրաստուին յատկապէս Եւրոպայի մէջ

4. ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ գլուխ մը

5. ԺՈՂՈՎՐԴԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆմաս մը ուր պիտի գտնուին ՆՈՐԱՎԷՊՆԵՐ, քերթուածներ, յիշատակներ, քրոնիկներ, քմածին ամեն գրութիւններ։

6. ԳԻՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀ, որը ուսմանց, արուեստից մէջ եղող ամեն նոր գիւտերու ու յառաջդիմութեանց վրայ պիտի խօսի։

7. ՕՏԱՐ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՈՒ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ վրայ տեղեկութիւններ վրայ տեղեկութիւններ։

8. ԴԱՏԱԿԱՆ ՔՐՈՆԻԿՆԵՐ ուր ամեն հռչակաւոր ու հետաքրքրաշարժ եղեռնական եւ այլ դատաւավարութիւնները պիտի ամփոփուին։

9. Ազգային, քաղաքական ու արուեստագիտական ԼՈՒՐԵՐՈՒ մէջէն ընտրութեամբ հաւաքածու մը, որով ամեն կարեւոր անցքի վրայ տեղեկութիւն պիտի տրուի ինչպէս մինչեւ ցարդ կ’ընէինք Մեր հորիզոնին վրայ խորագրին տակ, բայց այսուհետեւ աւելցնելով զատ հատուած մը ներքին ու արտաքին լուրերու։

Ինչպէս անցեալ շրջանի մէջ նոյնպէս յառաջիկա տարի ՄԱՍԻՍին պիտի աշխատակցին մայրաքաղաքիս բոլոր ծանօթ ու երիտասարդ գրագէտները։

Այսպէս ՄԱՍԻՍ իր գրական հանդէսի հանգամանքը պահելով հանդերձ՝ լրագրի մը օգուտները պիտի ընծայէ գաւառի ընթերցողներուն, հաղորդելով շաբաթական լուրերու կարեւորները։

ՏԱՐԵԿԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՂՐՈՇ ԲԱԺԱՆՈՐԴԱԳՆԻ ՓՈԽԱՐԷՆ որ պէտք է վճարուի միշտ կանխիկ դրամով կամ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ԵՒ ՀԻՆԳ հատ մէկ ղրուշնոց նամակի դրոշմաթղթով, Բօսթայի ծախսը մեր վրայ ըլլալով։

Անցեալ շրջանի մէջ ՄԱՍԻՍի 16 թիւի եւ մէկ յաւելուածի գինն էր գաւառոց համար 25 ղրուշ եւ հիմա ալ 52 թիւի փոխարէնը՝ որ պէտք էր համեմատական հաշիւով 75 ղրուշ ըլլալ, որոշուած է միայն

ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՂՐՈՒՇ

այսինքն անհաւատալի ըլլալու չափ արժան գին մը։

ՄԱՍԻՍի մէկ թիւը ձեռքէ պիտի ծախուի ըստ առաջնոյ մէկ ղրուշի։

Խմբագրութեան, բաժանորդագրութեան հրատարակութեան եւ վերջին մէկ երեսի մէջ ծանուցումի համար ամեն նամակ ու դրամ պէտք է ուղղուին առ Տնօրէն-Խմբագրապետն ՄԱՍԻՍի, ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ, փաստաբան, Ղալաթիա, Իզմիրլի Օղլու խան, թիւ 3-4։