Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՐԻ ՄԸ

Դեկտեմբեր 31ի յաւելուածական թիւով Մասիսի 1892ի տարեշրջանը բոլորեցաւ։

Տարեգլուխ մը, անշուշտ, տարբերութիւն չունի ուրիշ ո եւ է օրէ, բայց հանգրուան մը է ուր անօգուտ չէ կանգ առնել, կտրուած ճամբան չափելու համար ճամբուն մնացածին հետ. եւ, առանց սրտաթափ ըլլալու պարտականութեան մեծութենէն, աշխատելու ջանք ընել հետեւելիք շաւղին համար՝ ուղիղ գծին, երեւակայական գծին մօտենալու շարունակ։

Մասիսը հրատարակողները կը կարծեն որ այդ ջանքը ըրած են միշտ խղճմտօրէն ու համեստօրէն. բոլորուող տարեշրջանը այս մխիթարութիւնը ու այս վարձատրութիւնը միայն կը թողու իրենց։

* * *

Քանի որ տարեկան հաշուեյարդարութիւն մըն է որ կ’ընենք ահա, Մասիսի գրական արժանիքը կը կարծենք որ յաջողեցանք միշտ բարձր պահելու. դժուարահաճ ու խստապահանջ եղանք ամենուն եւ մեր իսկ անձին դէմ։ Ջանացինք, ու կը կարծենք թէ յաջողեցանք, որ գրական ամեն սեռերուն մէջ զորս Մասիս շօշափեց, լաւագոյնները տանք մեր ընթերցողներուն։

Նոյնպէս, գեղեցիկի գաղափարին զուգընթաց պահպանեցինք օգտակարի, պիտանիի գաղափարը՝ միշտ գրական տեսակէտով, որ ապաքէն Մասիսին միակ տեսակէտն էր։

Քաջալերութիւնները չպակսեցան ամեն անոնց կողմէ որոնց կարծիքը ու վճիռը կարեւոր էր մեի, ու այսպէս սրտպնդած, ի գլուխ հանեցինք փոքրիկ գործ մը, որ սակայն կանգ մը պզտիկ գործերու պէս, աշխատութիւն կը պահանջէր։

* * *

Հանրային խնդիրներու մէջ երբեք սնոտի վէճերով չզբաղեցանք. սկիզբէն մինչեւ վերջը մեր մատնանիշ ըրած նիւթերը միշտ ուշի ուշով քննելէ վերջը կարծիք յայտնեցինք, երբեմն խստութեամբ, երբեք կիրքի տպաւորութեան տակ, ամեն առթիւ պնդելով զարգանալու պէտքին վրայ, կրթական ու գրական հնոտի համոզոմները, եղանակները մէկդի ընելու հարկը ջատագովելով։

Մասիս օրաթերթ մը չէր, ու ըլլար իսկ, իր սկզբունքները եւ նոյն իսկ արժանապատուութեան զգացումը թոյլ չէին կրնար տալ իրեն վէճի ու պայքարի բռնուելու աջին ու ձախին հետ։

Մերհամուզումն այն է որ ամեն գաղափար էտք է արտայայտուի ու մտիկ ըլլուի իր ապացոյցներուն ու բացատրութիւններուն հետ, առանց քէնի, առանց նախապաշարումի։

Այն ըսել չէ թէ համամիտ ըլլանք անոնց հետ որոնք՝ ներելի կը համարին առտուն կանուխ ելլողին՝ առանց որ եւ է հեղինակութեան. առանց անհրաժեշտ հմտութեան մը գոնէ նուազագոյն քանակին, ազգային կամ գրական ամեն նիւթի վրայ վճիռ տալ։

Բայց ընդհանրանալու վրայ եղող այս ախտին դարմանը ինքնաճանաչողութեան ու համեստութեան գաղափարին տարածումով միայն կ’ըլլայ։

* * *

Այսուհետեւ, Մասիս շաբաթաթերթի վերածուելով, աւելի ընդարձակ սահման մը ունի աշխատելու համար. այն բոլոր ոյժերը որոնցմով Մասիսը ձեւացաւ անցեալ տարի, պիտի մնան ասպարէզին վրայ, շարունակելով Մասիսը հրատարակել եւ հատուցանել հանրութեան այն պարտքի բաժինը, որ երիտասարդութեան կ’իյնա։

Անոնք որ հանրութեան դէմ ո եւ է պարտաւորութիւն չունենալու գաղափարը ունին, ա՛նոնք ողորմելի եսամոլներ են, աննշան ու անօգուտ մարդիկ ով որ ըլլան, ուր որ ալ գտնուին, անհատական հաշիւներէն դուրս աշխարհի մը գոյութիւնը չճանչցողներուն բաժինը՝ այդ աշխարհին առջեւ անծանօթ մնալնին է։

Հոս, հոն, պիտի պատահինք մարդոց, ծանօթներու որ թեւերնուդ քաշեն, կամաց մը ականջնուդ ի վար փսփսան, իրենց փորձառու մարդու խորհուրդները տալով.

- Անձնական գործերուդ յատկացո՛ւր եթէ ժամանակ ունիս աւելիորդ. ի՞նչ հարկ գրական գործի մը կապուիլ, փոր չկշտացներ։

Կը մաղթենք որ այս յաւիտենական անկուշտները չթունաւորեն, չապականեն մեր տղոց հոգիները։

* * *

Այլ ամեն ոք գա՛յ թող իր աշխատութեան բաժինը բերալու իր տարիքին, իր կորողութեան համեմատ ծառայելով երկրին եւ հասարակութեան. անհատները կ’անցնին եւ կ’անցնի իրենց հետ կեանքներուն յիշատակը. բայց ինչ որ ապահովապէս կը մնայ անկորուստ, հանրութեան վաստակաւորի մը անունն է, միակ ինչք՝ որ արժէք ունի, միակ հարստութիւն՝ որ չի փճանար եւ զոր հանրային երախտագիտութիւնը կը պահպանէ յաւիտեան։

Այս պարզ դիտողութիւնները ըրինք պատասխանելու համար անոնց, որոնք կը կարծեն թէ անխելք գործ մը կ’ընենք մենք, փաստաբան, վաճառական կամ արհեստաւոր, մաս մը յատկացնելով մեր ժամանակէն գրական գործի մը, երբ այդ մասն ալ մեր արհեստին մէջ կարելի էր դրամով փոխարինել։

Շահադիտութիւնը պէտք է վերջապէս կանգ առնէ տեղ մը։