Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Ա[ՒԱԳ] ՔԱՀԱՆԱՅ ՀԻՒՆՔԵԱՐՊԷՅԷՆՏԵԱՆ
ՍՏՈՒԳԱԲԱՆԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿԸ

Թադէոս Հիւնքեարպէյէնտեան, իր քահանայական ձեռնադրութեան անունովը Տ. Յովթաննէս Հիւնքեարպէյէնտեան, 1818 Նոյեմբեր 25ին ծնած է Պալաթի թաղը, մայրաքաղաքիս մէջ։

Իր հայրը, քահանայ ու գրագէտ իրեն նման, նոյնպէս կը կոչուէր Տ. Յովհաննէս Հիւնքեարպէյէնտեան եւ այս մականունը կը պարտէր այն շնորհին զոր մեր արդի Օգոստոսափառ Վեհապետին մեծ հայրը՝ Սուլաթան Մահմուտ Բ. ըրած էր իրեն, իր ներկայութեանն ընդուելով ինքը։

Թադէոս Հիւնքեարպէյէնտեան՝ իր կրթութիւնը առաւ Մայր Եկեղեցիի հռչակաւոր ուսումնարանին մէջ զոր Գազազ Ամիրան կը պահպանէր։ Իր մայրենի լեզուի ուսուցիչ եղած է Փէշտիմալճեան որուն հայերէն երկհատոր բառագիրքը ծանօթ է գրասէրներուն։

Իր դասընկերներուն մէջն էր Խաչատուր Միսաքեան։

Եկեղեցիի ու դպրոցի, աղօթքի եւ ուսման յատկացուցած իր բոլոր գործունէութիւնը սկսած է Յակոբոս Պատրիարքի քով քարտուղարութեան պաշտօնով։

Այն ատեն Պատրիարքարանի պաշտօնական թղթակցութիւնը գրաբար էր եւ Փէշտիմալճեան Պատուելիի աշակերտը իր հմտութեան՝ ապացոյցը տալու կոչուած էր դիւանական նամակագրութեան մէջ։

Օր մը, Յակոբոս Պատրիարք նամակ մը պիտի ուղղէր Տէր Երեմիա Հօր, - որուն անունը անբաժան է մեր մէջ իր շինած Օրացոյցէն, եւ որ այն ատեն կը կոչուէր պարզապէս տիրացու Վրթանէս, զինքը ուսուցչական պաշտօնի մը հրաւիրելու ամար։

Երիտասարդ քարտուղարը կը պատրաստէ նամակը, իր բոլոր գրաբարագէտների նրբութիւնները թափելով անոր մէջ։ Ի՜նչ կ’ըլլայ իր զարմանքը երբ Պատրիարքը խոժոռի, չհաւնիր։

- Անշա՜հ, կը մրմռայ քթին տակէն

Սխա՞լ գրած էր արդեօք. ու սրբագրութիւնը կ’սկսի վերէն ի վար, գծելով, ջնջելով բոլոր ուղիղ ասացուածները, կործանելով ուղղագրութիւնը։ Վրթանէսը «դ»ով պէտք էր գրել, պէտք էր նաեւ ըսել «ի միջոյ ազգիս գտանեցեալ վարժապետաց» եւ ոչ թէ «ի միջի վարժապետաց գնանելոց ազգիս»։

Այս քարտուղարութիւնը շատ փայլուն ապագայ մը չէր խոստանար, ու Թադէոս Հիւնքեարպէյէնտեան ուսուցչական ասարէզը գրկեց։

Հետզհետէ հայերէն լեզուն աւանդեց Կէտիկ Փաշայի, Խասգիւղի Ներսիսեան ու Բերայի Նարեկեան վարժարաններուն մէջ։

1849 ամուսնացած էր եւ 1852ին Յակոբոս Պատրիարքէն, որ իր ազգական էր, քահանայ ձեռանչրուեցաւ Պալաթի եկեղեցոյն։

Այն ժամանակներէն պարտքը սեպած էր իրեն սորվիլ յունարենը որուն այնքան սերտիւ կապուած է մեր լեզուն, եւ ուկից մեր սրբազան մատենագրութիւնը, գրաբար ամենէն հոյակապ գործը թարգմանուած է։ Միանգամայն ուսած է պարսկերէնի եւ լատիներէնի անհրաժեշտ մասունքը որոնցմով շատ մը բառերու ստոյգ նշանակութիւնը կրներ ճշդուիլ։

Յորէ անտի, հայ բառերու ծագման գործը լուսաւորելու յատկացուցած էր իր բոլոր տքնաջան վստակը։

1864ին Բարիզ խրկուած է Կայսերական կառավարութեան կողմէ վերակացու ըլլալու՝ այլ եւ այլ գիտութեանց համար կառավարութեան թոշակով հոն խրկուած զանազան ուսանողներուն։

1876ին դարձած է Կ. Պոլիս եւ անկից ի վեր կը շարունակէ իր հետազօտութիւնները, առանց վհատելու այն անիրաւ քննադատութիւններէն որոնք երբեմն երբեմն երեւան կուգային իր այսինքն վաստակոց փառքը նսեմացնելու համար։

Տ. Յովհաննէս Հիւնքեարպէյէնտեան ամենէն կարող հելլէնագէտն է Հայոց եւ այս պատճառով իրեն ընկաւ երկու տարիի չափ հայերէն աստուածաշունչի բաղդատական քննութիւնը կատարել բնագրին հետ։

Գիտական քահանան՝ որին հմտութիւնը համեստութեան չափ մեծ է, հազիւ լրագրական մէկ երկու յօդուածի ձեւով իր բառաքննական մեծավաստակ գործէն նմոյշ մը տուած է։

Իր այս հետազօտութիւններով կազմուած է Հայ Լեզուի Ստուգաբանական Բառարանը որուն հրատարակչութեանն համար յատուկ մասնախմբի մը կազմուիլը ծանուցինք արդէն։

Նրբամիտ ու զուարթախօս ծերունի մըն է ինք որուն բովանդակ կեանքը ամբողջ համեմատական լեզուագիտութեան դաս մըն է. իր պարզ խօսակցութեան մէջ անգամ կ’անդրադառնայ, կը ցոլանայ իր բառազննական ահագին հմտութիւնը։

- Անդրանիկ տղուդ անունն ի՞նչ է, - կը հարցնէ օր մը փողոցը տեսնելով զիս։

- Վահան, Տէր Հայր։

- Վահա՞ն, որ պարսկերէն «Ֆեհանէ»յէն է. նիգ, պահպանութեան գործիքի նշանակութեան մերձաւորութեամբ. բուն բառն ասպար, ան ալ դարձեալ պարսկերէն «սիբեր»էն կուգայ։

Իր բազմաթիւ աշակերտներուն մէջէն կը յիշէ երջանկայիշատակ Ներսէս Պատրիարքը, Տօքթօր Փէշտմալճեան փաշան, Տօքթօր Արծրունին՝ վաղամեռիկ բժիշկը

Ահա այսպէս համակ աշխատութեամբ լեցուն է այս կեանքը որուն համար ինքը կ’ըսէ ինծի.

Աւուրք իմ անցաւ որպէս հովանի։