Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՐՑՈՒՄ ՄԸ
ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽՆԴՐՈՅՆ ԱՌԹԻՒ

Գրաբարի եւ աշխարհաբարի ծանօթ վէճը վերանորոգուած ըլլալով այս պահուս ազգ. լրագրաց եւ հանդէսներուն մէջ, շահեկան կը համարինք սա հարցումն ուղղել լեզուական ու պատմական խնդիրներով զբաղող մեր հրապարակագիրներուն.

Իրա՞ւ արդեօք եղած է ժամանակ որ գրաբար լեզուն խօսուած է, եւ եթէ այդպէս է, ո՞ր թուականին եւ ո՞ր գաւառներուն մէջ։ Խօսուած գրաբարին եւ գրուածին տարբերութիւնը այնքա՞ն էր միայն որքան հիմակուան խօսուած ու գրուած աշխարհաբարին տարբերութիւնը։

Այս հարցման պատասխանները կարճ եւ ամփոփ ձեւով մը գրուած, - մանաւանդ ձեռնահաս անձերու կողմէ, - հաւաքուելով՝ մէկ անգամէն պիտի հրատարակուին Մասիսի մէջ, գրաբար-աշխարհաբարի լեզուապայքարով զբաղողներն ու հետաքրքրուողները լուսաբանելու համար։