Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԱՄԲԷՆ ՇԵՂՈՒԱԾ

Մարդկային առաջադրութիւններու յեղյեղուկ հանգամանքը նոր չպիտի սորվինք։

Պզտիկ զարտուղութիւններու, թեթեւ խոտորումներու, որոնցմէ՝ ոչ ոք զերծ մնալու հաւաստիքը ունի, չպիտի ուշադրութիւն դարձնէինք, եթէ խոտորողը ինքը՝ իր խստապահանջ բարոյախօսի դերը ծայրայեղութեան տարած չըլլար, իր անմոլոր առաքեալի կոչումին վրայ չբարբառեր շարունակ։

Մանաւանդ խորհեցանք որ չէինք կրնար լռել անոր համար որ պզտիկ շեղումը կը մեծնար հետզհետէ, միակերպ աճումով մը ու, պարզմտութեամբ ունկնդրեցինք ատենով, գլխովին ներհակին կը յանգէր։

Այս պարագային մէջ մտածեցինք որ ժամանակ էր, քիթերնուս խնդացած ըլլալու առաւելութիւնը մեծխօսիկ քարոզիչին չձգելու համար, հին օրերուն խոստումները իր միտքը ձգել, հին բարի ժամանակներուն յիշատակը եւ ուխտը պահիկ մը վերակոչել։

* * *

Քարոզիչը Հայրենիքն է. ամենքը հասկցան արդէն։

Իր երեւումը արդարացնելու համար մէջ բերուած պատճառը այն էր, կամ գէթ այնպէս կը պատմուէր ամենուն, որ պէտք մը կար վերցնելու այն խտրութեան ձեւը, այն դասակարգերու անհատնում բաժանում որ մեր հասարակութեան մէջ մուտ կը գտնար։

Ամեն ինչ հարուստներուն տալու ու ամեն ինչ անոնցմէ ակնկալելու անհիմն գաղափարին դէմ ոգորելու համար երեւցաւ այս թերթը։

Ի սկզբան, հրապարակին վրայ ամեն բան կը վիրաւորէր իր աղանդաւորի պարկեշտութիւնը. իրեն նայելով՝ լրագրութիւնը ու մասնաւորապէս Արեւելք հարուստ դասակարգին հետ շատ կ’զբաղէր, շատ տեղ կուտար անոնց իր սիւնակներուն մէջ. անոնք միայն գոյութիւն ունէին իր աչքին. անոնց ծնունդը, ամուսնութիւնը կամ մահը հանրային դէպքեր էին զորս կը փութար արձանագրել։

Հայրենիք ինք ուրիշ սկզբունքներ մէջտեղ դրաւ. իր լուրջ խմբագրականներէն սկսած մինչեւ ամեն զուարթամիտ կատակաբանութիւնները որոնք Զուռնաճեան էֆէնտիի հարսնիքին ծանուցումովը խնդալէ մարեցուցին զմեզ, միեւնոյն անխախտ կամքը կը յայտնէին։

* * *

Ո՞ւր են հիմա այն բարի ժամանակները։ Հարուստներուն ամուսնութեան կամ մահուան նկարագրութեանց ջրհեղեղային ողողումին տակ Հայրենիք անտես եղաւ մեր աչքէն. իր խմբագրականները երբեմն ոչ այնքան հոգածու գրչէ կ’արտադրուին, անոնց մէջ ոչ այնքան յամառութեամբ փնտռուած է բուն բառը կամ պարբերութեան գեղեցիկ դարձուածքը որքան այդ ողորմելի նկարագրութեանց մէջ։

Բարեշրջութեան օրէ՞նքն է արդեօք այս անակնկալ ու յետադարձ ձեւը լրագրութեան, զոր ցաւով պէտք է խոստովաննիլ, Հայրենիք կատարելագործեալ վիճակի մը բերելուն կրնայ պարծենալ։

Այս ճամբուն մէջ անգամ մը մտնելէ վերջը, անակնկալներու շարքը գուշակելու յաւակնութիւնը չունինք, բայց կ’սպասենք որ այս օրերս կարդանք Հայրենիքի մէջ Զուռնաճեան էֆէնտիի անդրանիկ զաւկին ծննդեան լուրը որուն համար յատուկ խորագիր մը ստեղծուած է ԲԵՐԿՐՈՒՆին, այս անգամ առանց կատակի։

* * *

Տեղն է որ յիշեցնենք մեր Հայրեիքի բարեկամներուն որ լրագրութիւնը քահանայութիւն մը դաւանելէ յետոյ պարտաւորեն անոր մաքուր ու խիստ պարտաւորութիւններէն ա՛լ չխուսափիլ։ Աւետարանիչին պէս չպիտի ըսենք իրենց որ ի՞նչ պէտք է ընել ուրիշին աչքին մէջ շիւղը փնտռելու իրաւունք ստանալու համար, բայց ըսենք պիտի միայն որ կարգաւուր համարուելու համար քիչ մը կարգ պահել անհրաժեշտ է։