Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՐՊՈՒԱԾ ՕԴԱՊԱՐԻԿ

Հայրենիքի արձակած սուր ճիչը չի զարմացներ զիս. հարուածին ցաւը սրտին զարկած ըլլալուն նշանն է։

Իր ցասմնակոծ թոթովումին մէջ սպրդող կոպտութիւնը՝ ապրանքը չհաւնելուն համար բերանը աւրող խանութպանի լեզուին չի՞ նմանիր քիչ մը։

Հայրենիք այն ատեն միայն նշանակութիւն մը ստացած էր, երբ մեր երիտասարդութեան մտաւոր ձգտումը ներկայացնելու հանգամանքը ունէր. այս նշանակութիւնը չկրցաւ պահել երկար ատեն. իր աշխատակիցները՝ որոնք իր մնայուն խմբագրութենէն շատ աւելի մեծ հեղինակութիւն մը կը կազմէին իր անունին շուրջը, գաղափարի մը ծառայելու տենչանքը ունէին ու չէին կրներ մնալ այն տեղ, ուրկէ կեղակարծ փերեզակի մը հոտեր կ’սկսէր գալ։

Նախատինքները՝ մարմիններու անկումին կը նմանին. այնքան աւելի ծանր կը կշռեն, որքան բարձրէն կուգան. բնագիտական պարզ օրէնք մը՝ որ բարոյական աշխարհին մէջ նոյնքան ստոյգ է եւ կը խորհիմ որ այս հաշիւով նեղանալու իրաւունք չունիմ Հայրենիքի պատասխանին անշնորհ ձեւին վրայ։ Չեմ գիտեր թէ Հայրենիքի մէջ կը հասկնա՞ն խօսելու այս եղանակը. ամեն պարագայի մէջ իմ միտքս չէի կրնար լաւագոյն կերպով բացատրել։

Յետոյ, այս վէճը չշարունակելու համար եղած կանխահաս ազդարարութիւնը՝ բոլորովին աւելորդ էր, ըստ որում գիտցողները գիտեն ու չգիտցողները կրնան գիտնել, թէ սկզբունքի, ուղղութեան, գաղափարի վերաբերեալ խնդիրներու վրայ հմտութեան ու պատշաճութեան սահմանի մէջ բանակռիւ մը շարունակելու կարող շատ մարդ չկայ Հայրենիքին մէջ։

* * *

Հայրենիքի առաջ բերած արդարացումը՝ իր դատապարտութիւնն իսկ է։

Տարակոյս չկայ որ բանաւոր չէ յիրաւի ու յանիրաւի հարուածել պերճ դասը որ մեր հասարակութեան մէկ մասը կը ձեւացնէ ճիշդ ինչպէս աղքատներն ալ՝ ուրիշ մէկ մասը անոր։ Ասոնք շատ աղուոր, շատ սիրուն խօսքեր են. եթէ մէկ պակասութիւն մը ունին, այն է թէ այս խօսքերը Արեւելքինն են եւ ոչ ձերը, կամ թէ, այնքան ձերն են որքան Հովուական Աստուածաբանութիւնը՝ իր Սրբազան հեղինակին։ Այս խօսքերը յեղյեղուած են ձեզի դէմ ու ձեզի դէմ միայն։

Հիմա, ինծի դէմ յառաջ բերելով այս բացատրութիւնները, պաշտպանութեան գործիք մը ընելով ձեռքներնիդ, գրեթէ համբուրելով այն խարազանը որով զձեզ մտրակած էին ատենով, յեղյեղո՞ւկ թէ հաստատամիտ լրագիր մը ըլլալնիդ ցուցուցիք։

Դուք որ հրատարակած էք ՄԵԾԵՐԸ ԵՒ ՊԶՏԻԿՆԵՐԸ վերնագրով յօդուածս, գիտէք թէ ի՛նչ էր ուզածս. ես համերաշխ գործակցութիւն ու արդար բաժին կ’ուզեմ երկուքին համար ալ։

Ես չըսի ձեզի, որ ազգին օգտակա անձի մը մահը պէտք չէ որ գրէք. չըսի մինչեւ իսկ որ անօգուտ անհատի մը մահը չի գրէք երբոր կը վճարեն ձեզի.. գիտեմ որ Կատոնին բերանը ունիք միայն եւ ոչ սիրտը. գիտեմ որ չէք կարող ձեր անձին համար ըլլալ այնքան խստապահանջ որքան դուք յանիրաւի աններող էք ուրիշներուն դէմ։

Այլ ըսի միայն եւ հասարակութիւնը ինծի հետ պիտի ըսէ ձեզի որ ձեր թերթը այն չէ որուն աշխատակցեցանք ատենով։

Կ’ըսէք որ ձեր «Աշխարհիկ Կեանք»երը ու «Տխրունի»ները վճարուած ծանուցումներ են. ո՞րու մտքէն պիտի անցնէր. շատ հնարագիւտ նրբութիւններ ունիք։

Եւ միթէ շահադիտութիւնը կը դադրի՞ շահադիտութիւն ըլլալէ, անոր համար որ ճարտար ձեւերու տակ կը ներկայանայ. էական բանը հոս, այդ յօդուածներուն ԴՐԱՄԻ փոխարէն գրուած ըլլալու խոստովանութիւննիդ է. եւ ուրիշ մը իմ տեղս պիտի գոհանար ադով. բայց ես կ’ուզեմ նաեւ տրամաբանելու կարողութիւնդ ալ երեւան հանել. տեսէ՛ք ինչ կերպով։

Կ’ըսէք որ այդ ծանուցումներուն տակ «պատմական ստուգութիւնները» կը զետեղէք։ Պատմական անցքերը՝ վճարուած ծանուցումներէ անջատ դնելու տեղ չի գտա՞ք։

Մտածեցէ՛ք որ հակասութիւննիդ անհեթեթ սեպուելու չափ մեծ է. կա՛մ պատմական ստուգութիւններ, կարեւոր անցքեր կը հրատարակէք այդ խորագիրներուն տակ, այն աղքատասէր վաճառականին մահուան պէմ որուն կ’ակնարկէք, եւ այն ատեն պէտք չէր որ այդ հանրային կորուստը՝ վարձուած ազդարարութեան մը մէջ անհոգ կերպով թաղէինք, առանց ո եւ է խորհրդածութեան ձեր կողմէ, երբ այնքան շռայլ էք ձեր բոլոր մտածումները պարզելու ամեն առթիւ եւ կամ հարսի մը շրջազգեստին ձեւը եւ ժանեակներուն Ալանսօնէն գալը պատմական ստուգութիւնները կը նկատէք։

Այս երսայրաբանութեան առջեւ, կ’զգաք, այնպէս չէ՞, որ փախուստ չունիք ու պատին փակած էք բոլորովին։

* * *

Դժբաղդութիւն մըն է անշուշտ որ այն երիտասարդները՝ որոց բարոյական երաշխաւորութեան տակ այս թերթը հասարակութեան ներկայացաւ, որոց գրական փառքովը պարծեցաւ ամեն օր, շատ ուշ տեսան մանուածապատ շաւիղը որուն այս թերթը կը հետեւէր։

Ի՞նչ էր առանց մեզի, առանց իր շուրջը բոլորուողներուն, այս թերթին իրեն յատուկ ոյժը. ու հիմա այս թե՞րթն է նորէն, որ կը համարձակի Մասիսի խմբագրապետին ըսել որ պատիւ մը կ’ընէ վիճաբանելով իրեն հետ։

Կ’ուքէ՞ք որ փունջ կապեմ այն գովասանքներէն զորս ձեր թերթին մէջ ըրիք իմ համեստ անձիս համար. աշխարհի առջեւ չպարծեցա՞ք միթէ է՛ն չնչին գրութիւնս ալ իբրեւ խմբագրական հրատարակելով։

Եւ հիմա որ հեռացանք Հայրենիքէն, հիմա որ բազէի թեւերով զարդարուած այս ռամիկ սագը ձգեցինք իր ճահիճի կեանքին, հի՞մա ուշաբերեցաք ըսելու համար որ պզտիկ ու թեթեւ մարդու հետ գործ ունեցած էիք։ Ա՞յս կերպով կը պաշտպանէք ինքզինքնիդ՝ յեղյեղուկ, առանց սկզբունքի լրագրի ամբաստանութեան դէմ. հաստատա՞ծ թէ հերքած եղաք իմ ամբաստանութիւնս։ Եւ որ ցոյց կուտաք ահա թէ որքա՜ն ապիկար էք նոյն իսկ ձեր անձը պաշտպանելու գործին մէջ, ձեզի՞ մնացեր է հանրային շահերը պաշտպանել։

Եւ այն պահուն որ կը վերջացնեմ այս տողերը, ի՜նչպէս կրնամ արգիլել ինքզինքս մտածել այն առջի օրերուն։ Ո՞ւր է այն լեցուն, ոյժով ու բարձր թռիչքով օդապարիկը, որուն ճախրանքըպիտի դիտէինք. պարպուած, կծկուած բան մըն է հիմա. օդաչու հսկայէն՝ գետնաքարշ թզուկ մը մնացած։