Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՒՐԵԱՆ ԷՖԷՆՏԻ

Բերայի թաղային գործերը յաջող ճամբու մէջ չեն, յորմէհետէ իր Թաղական Խորհուրդին նախկին ատենապետը իր վրանին տակ առանձնացած է, քէն պահող Աքիլլէսի մը պէս։

Իր ձեռներէց ոգին, իր սրտապնդող ձայնը, իր համոզիչ լեզուն՝ որ այնքան հրաշքներ գործեցին՝ չի կան ալ. իր հեռացումէն ձեւացած մեծ պակաս կը մնայ՝ հակառակ թաղականներու ստուար թիւի մը իր մեկնելէն ի վեր, թաղային գործոց մատակարարութիւնը ձեռք առած է։

* * *

Նուրեան էֆէնտիի կոյր կուսակից մը չեմ. մէկէ աւելի էական խնդիրներու համար մինչեւ վերջը տարակարծիք մնալու պարտաւոր եմ. բայց իր գործունէութեանը վրայ անկեղծապէս կ’զմայլիմ։

Բերայի արհեստանոցը ինքը հիմնեց եւ ինչ ալ ըլլայ անոր արդի վիճակը, նոյն իսկ արհեստանոց մը հիմնելու գաղափարը պատիւ կը բերէ իր հեղինակին։

Նուրեան էֆէնտի անոնցմէ չէ որոնք իրենց պատկանած հասարակութեան գործերուն խառնուիլ չեն ուզեր։ Ընդհակառակն, այդ գործերուն հոգածու գտնուած է միշտ՝ վատնելով շռայլելով իր ժամանակը, առանց աղմուկի, առանց պարծանքի, առանց հռչակել ուզելուլ իր զոհողութիւնը որ ապաքէն պարտականութիւն մըն է, բայց ո՜րքան ազուագիւտ են պարտականութիւննին ճանչցող անհատները, մանաւանդ ընկերական սանդուղին բարձր աստիճաններուն վրայ։

* * *

Ինչո՞ւ Բերայի թաղը այս մեծ գործունեան անտեսէ. իր տուած երախտեաց փոխարէնն եղող վարձատրութի՞ւնն է թեթէ այս մոռացումը, մանաւանդ այն պահուն ուր այս թաղին գործերը տանող ալեկոծիկ նաւակը ընկղմելու մօտ է։

Ո՞վ կրնայ պարծիլ իրմէ քաջ ղեկավար մը գտնելու, եւ ի՜նչ անհասկանալի գաղտնիք է որ Նուրեան էֆէնտիի նման մեծ անհատականութեան մը փորձեալ կարողութեանը ու եռանդին կոչում չըլլուիր։ Վա՞խ կայ որ իր ներկայութիւնը չնսեմացնէ կարգ մը պզտիկ փառասիրութիւններու աղօտ լոյսերը։

Բայց հեռուէն ալ, մանաւանդ թէ հեռուէն, նախորդ ատենապետը այն փարոսի լոյսը կը յիշեցնէ որուն պիտի ուղղուին միշտ շուարած նախորդներու աչքերը։

* * *

Մեր եզրակացութիւնը պարզ է. Բերայի թաղային գործոց բարւոքումը Նուրեան էֆէնտիի ներկայութեանը կը կարօտի. իր մինակը տարած բեռը միշտ ծանր պիտի գայ բոլոր ժողովներու, մասնաժողովներու համախմբումին։

Ամեն բանէ առաջ պէտք է անկեղծ ըլլանք ու ճանչնանք որ իր թողած պարապը իրմով միայն կրնայ լենուլ։