Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ՊԱՏԿԵՐԸ
ԷՄԻԼ ԶՕԼԱ

Մշտնջենական պարտեալ մը Ֆրանսական Ակադեմիայէն ու մշտնջենական յաղթող մը ֆրանսական գրականութեան մէջ։

Իր անունին ճակատագիրն է, գրական մեծ անուններու պէս, տարուբերիլ ամենաջերմ դրուատիքէ մինչեւ ամենախիստ դատափետութիւն. ալեկոծիկ լաստի մը պէս բարձրագոյն գագաթները ելլել ու ամենախոր վիհերը իջնալ։

Իր բարեկամները ու հակառակորդները հաւասար կատաղութեամբ կը պաշտպանեն ու կը դատապարտեն իր գործը, բայց ո՛չ ոք, ո՛չ ոք կը ժխտէ իր գրական մեծ տաղանդը։

Տիտռօէն, Սթանտալէն, Պալզաքէն, Ֆլօպէռէն ետքը Զօլան այսօր անվիճելի գլուխն է այն դպրոցին որ գրականութեան մէջ կեղծիքը, ստութիւնը, խաբէութիւնը վերցնելու հարկը կը դաւանի։

Գրականութիւնն՝ որ Գիտութեան մասն է՝ չի կրնար անոր հակառակորդը ըլլալ. այս է իր համոզումը. հիմա միեւնոյն գաղափար չէ՞ որ Գեղարուեստին համար ալ կը յայտնուի ամենուրեք. Վակնէրի յաջողութեան գաղտնիքն ալ Ձայնաբանութեան մէջ մեծ վարպետ մը ըլլալուն մէջը չէ՞ միթէ։

Ճշմարտութիւնը՝ ուրեմն ամեն բանէ առաջ. մանաւանդ թէ ամեն բանէ վեր, ահա գրականութեան արդի բանաձեւը որ Զօլայինն է։

* * *

Ըսին որ կեանքի այն հոյակապ ուսումնասիրութիւնը որ Ռուկօն-Մագառներու շարքովը կը մարմնանայ, իր նկարամոլ ճշդապահութեամբը վնասակար ու վտանգաւոր բան մը ունէր հանրային բարոյականութեան համար։

Ամեն անոնք որ մոլութեան դէմ մաքառած են, վար առնելով անոր կեղծիքի դիմակը, ամենքն ալ այս ամբաստանութեան ենթարկուած են։ Հա՞րկ էր ուրեմն մոռնալ որ մոլութիւնը գոյութիւն ունի կամ ցոյց տալ զայն Ֆէօյյէին պէս այն նուրբ շպարներով գեղեցկացած որ հրապուրիչ ընծայեն զինքը անփորձ աչքերու։

Այսպէս չէ խորհած ֆրանսացի մեծ վիպագիրը եւ պարկեշտասուն Անգլիան վերջերս իր մէկ մեծ գրագէտին բերանով, որ Վերնոն Լի կ’ստորագրէ, ճանչցած է որ Զօլայի ձեռնարկած գրական վաստակը էապէս բարոյացուցիչ հանգամանք ունի։

Իր վէպերուն մէջ Դժբաղդութիւնը ու Անկումը ուսումնասիրած է այս մեծ գրագէտը ուրիշներու թողլով Բաղդը ու Յաջողութիւնը պանծացնելու դիւրին գործը։

Խաւարին ու տիղմին մէջ ռահվիրայ մը եղած է իր ներողամիտ իմաստութեան լոյսը ցրուելուն հոն ալ։ Զզուանքի ու սոսկումի աշխարհին այս մեծ խուզարկուն՝ շահեկան, ապշեցուցիչ ու զմայլելի բաներ գտած է այն տեղ. ու տիրող ընդհանուր փտումին վրայ առանց յուսահատելու նոր հաւատք մը, նոր ոյժ մը քաղած է անկից վերակենդանութեան, մաքուր ու անբիծ կեանքի մը ծագումը այդ աղջամուղջէն։

Այս է ահա իր եզրակացութիւնը որ սրտապնդութիւն կուտայ ընթերցողին, իր վիրաբոյժի գործողութիւնը որ շարաւի ու թարախի գարշանքը ունի, կենդանութեան, գրեթէ վերակենդանութեան գործ մըն է։

* * *

Ռուկօն-Մագառներու շարքին մէջ ամենքը համաձայն են Ժէրմինալը իր գլուխ գործոցը համարելու մասին։ Կարո՞ղ եմ արդեօք ես, հայ հրապարակագիր մը, իր նուազ համբաւաւոր մէկ հատորը նախադասելու։ Եւ սակայն առանց քաշուելու պիտի ըսեմ որ ամենէն գերազանցը կը համարիմ իր Գործը «L’ouvre» [1], որ կարծես իր անձին վրայ գրուած, իր ճակատագրին վրայ մտածուած երկ մըն է։

Քլօտի ու Ֆաժըռօլի անունները ընկերական պայմանադրութեանց հետեւանօք ստեղծուած երկու ոսոխ գլուխներու անունները պիտի մնան։

* * *

Իր հռչակաւոր վէպերու շարքին մէջ Ժէռմինալէն յետոյ, որ հանքերու մէջ աշխատողներու զոհողութեան ու տանջանքի կեանքը կը ներկայացնէ, կուգայ Ասօմուառը, որ գործաւորաց կենցաղը կը նկարագրէ. արբեցութեամբ շաղախուած, փճացած գոյութիւն. Երկիրը՝ որ հողագործներու նիւթապաշտ ու անասնացած ոգին կը մերկացնէ. Բօ Պույը՝ որուն մէջ քաղքենիներու արտաքին շէնքին ու շնորհքին տակ պահուըտող՝ բարոյական նեխումը մատնանիշ կըլլայ, Դրամը՝ շահադէտներու բարքը կը պատկերացնէ իր խարդախութենէ ձեւացած ճարպիկութեան ու ձեռներէցութեան մէջ. Նանան՝ որ անձնամատոյց կնոջ մը՝ ամեն դասակարգի անհատներու վրայ ի գործ դրած տարփական նախճիրներու պատմութիւնն է եւ որ մածնող շաղախին պէս միեւնոյն շէնքին բոլոր քարերը ու մասունքը իրարու կը միացնէ միեւնոյն ապականութեան խմորովը. եւ ամենէն ետքը Քայքայումը՝ Ֆրանսայի անակնկալ պարտութիւնը 1872ին։

Այս համառօտ թուումն ընել, մէկիկ մէկիկ ճշդելով իր գործերուն բարձր նշանակութիւնն ու իմաստասիրական կապը որ բոլորը իրարու կը միացնէ, չի՞ բաւեր հաստատելու համար թէ այս անբաղդատելի վիպագիրը մեծ բարոյագէտ մըն է նաեւ, թէ որքան քիչ ճանչցած են Զօլան անոնք որ ապականիչ ու վտանգաւոր բան մը կը համարին անոր գրական վաստակը։ Ասոնք են ահա իր Ռակօն-Մագառներու շարքին ամենէն փայլուն գոհարները։

Այս հսկայի աշխատութենէն զատ Էմիլ Զօլա նշանաւոր է իր գրական քրիթիկներովը որոց առաջինը «Իմ Ատելութիւններս» յորջորջուած է։

* * *

Այս անուանի գրագէտին յատկանիշը, որով իր մեծ դէմքը կը ճշդուի ժամանակակից ֆրանսացի այնքան նշանաւոր գրողներու մէջ, իր ոճին կորովն է, նկարագրութեանց ապշեցուցիչ ճշդութիւնը, պատկերներու ճոխութիւնը ընդարձակութիւնը։

Էմիլ Զօլա անհատի վիպագիրը չէ այլ մարդկային ահագին կոյտերու, ամբողջ դասակարգերու։

Ինքն է որ միայն գտած է անհամար բազմութիւն մը մէկանց, մէկ հատորի մը մէջ երեւան հանելու, ապրեցնելու ու երկարաձիգ պատմութեան տեւողութեան միջոցին՝ ամենքն ալ աչքին առջեւ պահելու դժուարին խնդրոյն լուծումը։

Իր ամեն գործերուն մէջ հարիւրաւոր արարածներ են որ կը շարժին, կ’ապրին, կը խօսին. ընկերութեան մէկ կարեւոր մասն է որ տեսարանին վրայ կուգայ ու կը կենայ հոն մինչեւ որ վարագոյրը իջնայ։

Իր իմաստասիրութիւնը կեանքի պայքարերու գիտակից ներողամտութեամբը տոգորուած է. այս գրագէտը գիտէ թէ որքան քիչերու վերապահուած է ուրիշի դէմ աններող ու խստապահանջ ըլլալու ահարկու իրաւունքը։

* * *

Էմիլ Զօլան երկրաչափի մը զաւակն է. իր հօրը վերահաս մահը, ժառանգական դատերու մէջ՝ հայրենի հարստութեան փճացումը հարկադրած են զինքը կիսակատար թողուլ իր ուսումը։

Իր երիտասարդութեան տարիները՝ Բարիզի մէջ՝ սեւ չքաւորութեան, կէս-անօթութեան տարիներ եղած են։

Յետոյ սկսած է ապրուստը ճարել Հաշէթի հռչակաւոր գրավաճառին քով աշխատելով իբրեւ պաշտօնեայ, ուրկէ հրապարակագրութեան մէջ թեւակոխած է Ֆիկառօի մէջ ընդունելով իբրեւ քննադատ եւ որուն էջերուն մէջ պարզած է իր բնապաշտ գրագէտի համոզումները որ այնքան ոխ ու ատելութիւն յարուցած են իր շուրջը եւ որ մինչեւ հիմա վառ կը մնան իրմէ հարուածեալներէ շատերուն սրտին մէջ։

Անկէ վերջը իր գործերը ընդունելութիւն գտնել սկսած են, յաջողութիւնը իր ոտքը եկած է վերջապէս։

Զօլա մեծ համբաւ կը վայելէ մասնաւորապէս Ռուսիոյ մէջ ուր Ռուսական Հանդէսին աշխատակցութեամբը հռչակաւոր է։ Ապաքէն իր յուզած բոլոր ընկերական մեծ հարցերը՝ օրուան խնդիրներ էին հոն եւ ընթերցողը չէր կրնար անտարբեր մնալ այս հրապարակագրին որ այնքան կարեկցութեամբ կը ճշդէր անտարբեր աշխարհի աչքին՝ անոր անծանօթ պահուած կեանքին պայմանները։

Մեծ վիպագիրը առանձնասէր ոգի մըն է։ Ընկերութենէ ու բազմութենէ կը խորշի՝ գիրքերու մէջ ամբոխի սիրահար այս մարդը. իր բոլոր երազը եղած է առանձին ու անշշուկ գոյութիւն մը։



[1]            «Ստեղծագործութիւն»։