Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՐԻՈՐԴ ՕՏԵԱՆԷՆ ԵՏՔԸ ՄԱՏՄԱԶԷԼ ԱՆԹՈՒԱՆԷԹ

Պատմութիւնը կ’աւանդէ որ աննշան մարդուն մէկը՝ իր անունը անմահացնելու նպատակով գեղեցկաշէն մեհեան մը կրակի տուած էր։

Չենք կարծեր որ Բերայի Կրթական Խնամակալները միեւնոյն առաջադրութեամբ շարժած ըլլան օրիորդ Օտեանի տեղ որ եւ է Անթուանէթ բերելով։

Իրենց բարւոք վարչութեան յիշատակը յաւերժացնելու համար ամենեւին պէտք չունէին այս սիրուն անակնկալին եւ աւելի հակամէտ ենք կարծելու որ այս տարօրինակ ընտրութիւնը ըրած են իրենց բանիբուն անօրինութեանց երկար շարքը գեղեցիկ փունջով մը պսակելու գաղափարէն դրդուած։

Վասն զի, կը խոստովանինք որ ամեն կերպով արդիւնաւոր պաշտօնավարութեան արժանի փունջ մըն է այս անուանումը։

Փունջ մըն է մանաւանդ անոր համար որ խնամակալներու երփներանգ կեցաղը, սովորութիւնները, պէսպէսիութիւնները երեւան կը հանէ։

Այն պզտիկ միջադէպը, որուն հետեւանօք Օրիորդ Օտեան կը հեռանայ Բերայի աղջկանց վարժարանէն, իր շահեկան կողմը ունի իբրեւ ախտանիշ մը այն հիւանդութեան ուրկէ ընդհանրապէս մեր դպրոցները կը տառապին։ Այս տեսակէտով՝ մտածեցինք թէ կ’արժէ զայն հասարակութեան ներկայացնել։

* * *

Օրիորդ Օտեան պատճառաբանեալ հրաժարականով մը քաշուած էր Բերայի վարժարանէն. արդէն վերատեսչուհի ու միանգամայն հայերէն լեզուի ուսուցիչ էր հոն եւ մարդկօրէն՝ հար չէր իրեն ադկէ աւելին ըլլալ, երբ Խնամակալութիւնը աշակերտուհեաց վրայ ամեն ժամ հսկելու պաշտօնն ալ բեռցնել կ’ուզէր իր վրայ։

Օրիորդ Օտեանի հրաժարականը՝ դպրոցին մէջ մնացող կարգի կանոնի վերջին նշոյլներն ալ մարել կ’սպառնար, ուստի Խնամակալութիւնը զինքը իր պաշտօնին վրայ ահելու հարկը կը ճանչնայ։

Այս վայրկեանէն է ահա որ միջադէպը կ’սկսի։ Վերատեսչուհին գրաւոր կերպով մատուցած է հրաժարականի եւ ահա դպրոցին ստորադաս պաշտօնեայ մըն է որ կոգայ Խնամակալութեան բերնէն առաջարկել որ իր պաշտօնը վերստանձնէ։

Օրիորդ Օտեան իրաւամբ կը խորհի որ չէր կրնար առանց Խնամակալութեան գրաւոր մէկ զեկուցումին, իր պաշտօնը վերսկսիլ։ Խնամակալութիւնն ալ որոշած է ամենեւին նամակ չգրել իրեն։ Ուղղագրութեան սխա՞լ մը ընելէ կը վախնար արդեօք, թէ խնամակալներու յատուկ սնափառութիւնը կ’արգիլէր զինքը նամակ գրելու վերատեսչուհոյ մը։

Ամեն պարագային մէջ, յայտնի է որ Օրիորդ Օտեան չէր կրնար այս վիճակին մէջ, որ այնքան կը հեռանար բարեկրթութեան պայմաններէն, պաշտօնավարել Արուեստանոցին մէջ։ Վերատեսչուհի չի պակսիր Բերայի խնամակալներուն. եթէ Օրիորդ Օտեան կը հեռանայ, ահաւասիկ մատմազուէլ Անթուանէթը որ կուգայ անոր պակասը լեցնել։

* * *

Անթուանէ՞թ. ո՞վ լսած է այս անունը. ո՞վ է. ուսկի՞ց կուգայ այս օտարուհին. Ամորիին մէջ յիշուած բանաստեղծական էա՞կն է արդեօք. թէ մին է այն հարիւրաւոր զուիցերացի կամ ֆրանսացի կիներէն՝ որոնք քիչ մը դայեակ, քիչ մը սենեկապահ, քիչ մը վարժուհի են. չենք գիտեր։

Ու ասո՞վ է որ Օրիորդ Օտեան պիտի փոխարինուի. այս մատմազէ՞լն է որ Աբբա Քօնսթանթէնի թարգմանչին տեղը պիտի բռնէ։ Այ՛ո. այնչափ միայն որքան աթոռ մը ուսուցչի մը տեղը կը բռնէ։

Բայց ի՞նչ կ’ըսէք մանաւանդ սա նամակ գրելու. չզիջանող Խնամակալներու. մոռցա՞ն որ Օտեան մըն էր իրենց դէմինը. իրենց տուած հարուածը այն ազնիւ աղջկան սիրտը չի ծակեր միայն. այլ անցնելով անկից՝ կուգայ մեր բոլոր հասարակութեան սիրտը խոցոտելու։

Եւ ինչ որ ամենէն աւելի կը տխրեցնէ զմեզ, այն պարագան է որ ոչ ոք Թաղ. Խորհրդոյ մէջ արիութիւն ունեցած է՝ քիչ մը ուշ աշխարհ եկող այս խնամակալներուն յիշեցնելու վերատեսչուհւոյ մը հետ բանակցութեան կանոնները ու ձայն բարձրացնելու անծանօթ ֆրանսուհի մը Օրիորդ Օտեանի մը յաջորդ կարգելու որոշման դէմ։

* * *

Այս ընտրութիւնը ամենէն ծանր նախատինքն է որ ո՛չ միայն մեր հասարակութեան կ’ուղղուի, այլ նաեւ այն մեծանունին եւ այն մեծ յիշատակին՝ որ ամենուս բերնին վրայ, ամենուս սրտին մէջն է։ Անոր հեղինակները գիտակցութիւն ունի՞ն արդեօք այն տպաւորութեան որ այս անակնունելի որոշման իմացուիլը յառաջ բերաւ ամեն կողմ։

Եթէ Բերայի հասարակութիւնը չուզէր որ զգացմանց ազնուութեան, իմացական զարգացման տեսակէտով, Պոլսոյ ամենէն յետամնաց թաղէն ալ …րքը մը առնէ աշխարհի առջեւ, պէտք է փութայ իր թաղային գործերուն համար քիչ մ’աւելի հոգածութիւն ցուցնելու։

Բերայի հայուհիներուն կ’իյնայ մանաւանդ աղջկանց վարժարանի մը վրայ հսկողութեան բնական պարտաւորութիւննին քիչ մը զգալ։

Քօբէլօէն պարի դասը կը հասկնանք, պայմանաւ որ Բերայի տիկինները ալ քիչ մը լրջութեան պէտքն հասկնան ու բոլորովին ծիծաղելի չի դառնան իրենց ունայնասիրութեամբը։