Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՄԵՍՏ ԳՈՐԾԵՐ

1856ին սկիզբը Ադրիանուպոլսոյ մէջ հիմնուեցաւ «Ի սէր աղքատելոցն Յիսուսի» ընկերութիւնը։

Մայրաքաղաքէն առաջ, այդ տեղի հասարակութիւնը ճանչցեր էր սա ճշմարտութիւնը թէ մեծ գետերը պզտիկ առւակներով կը կազմուին։

Ընկերութեամբ գործելու սկզբունքը սա առաւելութիւնն ալ ունէր որ ամեն ոք իր չափով հանրային պէտքի մը ծառայելու կը վարժուէր տակաւ եւ անօգուտ ու անպէտ կը դառնար այս կամ այն անհատի ապաւինելու, եւ անոր առջեւ քծնելու սովորութիւնն՝ որով հայ ամիրայութիւնը կազմուած էր ատենով եւ որուն, յետադարձ շարժումով մը, վերադառնալնուս մազ մնացած է հիմա։

Եւ մինչդեռ ուրիշ տեղեր ալ ընկերութիւնները կ’սկսէին բուսնիլ, ծլիլ, ճիւղաւորիլ յարաճուն բողբոջումով եւ ճիշդ իրեց անիմաստ բազմապատկութեանը համար պէտք էին թերահաւատութիւն ներշնչել, երբ դպրոցական գրասեղանէն մինչեւ շուկայի էսնաֆները, խօլական ախտէ բռնուածի պէս, ի պէտս եւ յանպէտս ընկերութիւններ կը կազմէին, ժողովքներ կը գումարէին, ատենապետներ, գանձապետներ կ’անուանէին շարունակ, կը միանային, կը բաժնուէին, նպատակ ու ծրագիր կը բարեփոխէին ու օր մը կ’անհետանային, անդին՝ Ադրիանուպոլսոյ մէջ հիմնուած անդրանիկ Ընկերութիւնը, գործի մարդոց ձեռքին մէջ, անշշուկ կը շարունակէր, իր պարտքը կը կատարէր անընդհատ եւ գէթ Ադրիանուպոլսոյ մէջ մեծ ու պզտիկ աղաներու պակասը չէր զգացներ։

Իր շնորհիւ մեր տնանկները, մեր հիւանդները, մեր պանդուխտները խնամուեցան, հոգացուեցան առանց աղմուկի, առանց ծանուցումի։

Այս անխօսիկ ու համեստ ձեւին մէջ՝ ժողովուրդին բարերարութիւնը հոս նորէն դաս մը տուաւ անհատին բարերարութեան, ցուցնելով անոր թէ ի՛նչ փափկութեամբ ժողովուրդը գիտէ ողորմութիւն տալ։

* * *

Այն ընդհանուր քայքայումին մէջ որով մեր բարեգործական ընկերութիւները իրենց յոռի մատակարարութեամբը փճացան, ի սէր աղքատելոյն Յիսուսի նուիրուածը՝ կանգուն մնաց։

Սին վէճեր, եսի դունի կռիւները ջլատեցին անոր հաստատ ոյժերը. հանրային պարկեշտութիւնը ու հոգածութիւնը հսկեց անոր վրայ եւ բաւեց անվթար պահելու զայն։ Իր շուրջ քառասուն տարուան արգասաւոր պտղաբերութիւնը ժողովուրդէն եկաւ եւ ժողովուրդին դարձաւ նորէն։

Եւ ինքը՝ որ առաքինութեան ծնունդ էր, առաքինութեան ծնունդ տուաւ. իր անունը յիշեց ամեն տեղացի հայ ամեն հեղ որ նուիրատուութեան մը յօժարութիւնը ունեցաւ. իր անունով պզտիկ կամ մեծ կտակ մը ընելը բարի սովորութիւն մը դարձաւ, եւ Ադրիանուպոլսոյ մէջ քիչեր են որ իրենց չափով չեն տուած լումանին այս առաքինութեան գանձանակին։

Այսպէս, երբ մայրաքաղաքի ազգայինք կը թերանան, երբ մեր գլխաւոր կեդրոնները կը լռեն, մեր հասարակութեան թիւին տեսակէտով երկրորդական քաղաքի մը հայերը մխիթարական տեսարան մը կ’ընծայեն մեզի, պարծանօք ցոյց տալով իրենց Ընկերութիւնը մերիններէն ծեր ու միանգամայն մերիններէն երիտասարդ։

Այս բեղմնաւոր գաղափարին ու պարկեշտ գործադրութեան ու շարունակութեան բոլոր պատիւը Ադրիանուպոլսոյ մեր հասարակութեանն է անշուշտ, բայց մասնաւոր յիշատակութեան մը իրաւունք ունին անոնք որ այս Ընկերութեան հիմնադիրները ու վարիչները եղած են տարիներու երկար շրջանի մը մէջ։

Եւ ինչ որ արժանի է յատուկ ուշադրութեան, այն է թէ այս Ընկերութիւնը, երիտասարդութեան գործը չէ եղած բնաւ. ո՛չ անոր աշխոյժէն օգտուած, ո՛չ անոր յիմար անփորձութիւններէն վնասուած է. տարիքոտ մարդոց գործն է այս Ընկերութիւնը ու անոնց հաստատ ու կանոնաւոր ընթացքովը քալած է միշտ։

«Ի սէր աղքատելոցն Յիսուսի» ընկերութիւնը, իր անուան հակադրութեամբ, բաւական հարուստ է այժմ. իր 20 հատ կալուածները տարեկան 150 ոսկւոյ ապահով հասոյթ մը կուտան. քանի մը արժէթուղթ ունի, քիչ մը պահանջ եւ 400 ոսկի ունի պատրաստ կամ տոկոսի տրուած։ Տարեկան նուիրատուութիւններն ալ ուրիշ 150 ոսկի մը կը բերեն իրեն եւ ասով կարող կ’ըլլայ իր ծախքը գոցելէ յետոյ, որ 200 ոսկիի մօտ է, քիչ մըն ալ աւելցնել իր դրամագլուխը։

* * *

Եթէ ներելի ըլլար այս Նեսթորներու ընկերութեան խորհուրդ մը տալ, այն էր որ ալ հիմա որ հիմունքը հաստատ ու անխախտ են, ազգակիցներու ողորմութիւն տալու գաղափարին վրայ պէտք է աւելցնել մեր ազգակիցները ողորմութիւն ուզելու վիճակին մէջ չձգելու գաղափարը։

Եւ այս ալ ի գլուխ կ’ելլէ երբ որ ընկերական գործունէութիւնը նիւթական օգնութիւններու բարի սովորութիւնները պահելով հանդերձ տեղացի Հայոց մտաւոր զարգացմանն ալ գործածուի։

Այն ընդհանուր համակրութիւնը զոր շահած է զինք դիւրութեամբ, պիտի ընէ այս գործը որ իր նպատակին ոչ նուազ օգտակար է եւ որ այնքան սերտիւ կապուած է անոր. աղքատին ողորմի՞լ. հարկաւ. բայց աշխատիլ որ աղքատ չըլլան. ինչո՞ւ չէ։