Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՐՈՒԱՆ ԳԻՐՔԵՐ

Սուրէնեան Աւետիս էֆէնտի կը գանգատի թէ տեղական թերթերը անտեսած են իր աշխատակցութիւնը Օրինագիրք Ամուսնութեան Յոյն Եկեղեցւոյ անունով հրատարակած գործին մէջ։ Մասնաւոր դիտում մը կը նշմարէ այս կամաւոր մոռացման մէջ։ Չօլագեան էֆէնտիի գործը կարդացողները պիտի տեսնեն թէ այս գիրքը յունարենէ թարգմանութենէ շատ տարբեր բան մըն է. այնքան տարբեր որ բուն թարգմանութիւնը, նոյն իսկ այս առաջին հատորին մէջ, մեծագոյն մասը չի գրաւեր։ Յետոյ, այս թարգմանութեան ոճը շատ կը յիշեցնէ Սուրէնեան էֆէնտիի գրելու եղանակը. գրաբարեան պարբերութիւններ, յաղագսներով մկրտուած գլուխներ այս մասին մէջն ալ իր գործակցութիւնը ակներեւ ցոյց կուտան։

Իր գանգատը իրաւացի է ուրեմն, երբ, յայտնի դառնութեամբ մը, մատնանիշ կ’ընէ այն խուլ ջանքը՝ որով հայ մամուլը, այս գրքին յիշատակութեան առթիւ, անոր արդար բաժինը կամ բոլորովին ուրանալու է եւ կամ ըստ կարի զայն պզտիկցնելով անկարեւոր ցուցնելու կը նկատի։

Մենք կը կարծենք որ տոհմային արժանապատուութեան զգացումը պէտք էր հոս անհատական նկատումներուն յաղթել եւ յոյնի մը չվերագրելու հայու մը վաստակոցն արդիւնքը, մանաւանդ երբ այս գործին մէջ կան մասեր ալ որոնք բոլորովին մեր Եկեղեցւոյն կը պատկանին. պատի՞ւ մըն է մեզի յայտարարել որ Չօլագեան էֆէնտին, որքան ալ համակրելի բարեկամ մը եղած ըլլայ, մեզմէ աղէկ գիտէ մեր ըտնանեկան ու եկեղեցական կանոնները։

Անգամ մըն ալ ուրեմն հարկ է ցաւօք ճանչնալ թէ հրապարակագրութիւնը պէտք եղած ուղղամտութիւնը չունի ու կողմնակալ ոգիէ կը թելադրի՝ երբ աշխատակից մը կը պանծացնէ, ծիծաղելի ըլլալէ չի վախնալով ու հակառակորդի մը արժանիքը անտեսել կը ջանայ, չսեպելով հանրային կարծիքը։

* * *

Շար Հայ Կենսագրութեանցը, եթէ անուանէն միայն դատուէր, անիմաստ պիտի թուէր. բայց գործը աչքէ անցընելով կը տեսենք որ հեղինակը հայ անձնաւորութեանց կենսագրութիւնը ըսել ուզած է անշուշտ։

Աբրահամ էֆէնտի Այվազեանի այս աշխատութիւնը յոգնութեան ու համբերութեան գործ է. արդար ըլլալու համար պէտք է յայտնել որ ոչ կարգ կայ հոն, ոչ կանոն, ոչ կապ կայ, ոչ կրնաս ապարանք մը կառուցանել կամ խրճիթ մը շինել։ Հեղինակը ո՛չ մին ըրած է, ո՛չ միւսը. մատակարար ու շինուածանիւթի հայթայթող մը ըլլալ ուզած է, եւ ո՛չ ճարտարապետ. շատ լաւ. բայց գէթ պարտաւոր էր իր տալիք նիւթերը դասաւորել քիչ մը. չտալ խառնակոյտ մը զոր զատելը հաւաքելէն գուցէ դժուար ըլլայ։

Այս շփոթութեան պատճառը, որչափ որ կրցանք դատել, այն է որ այս երկասիրութեան ճշդիւ ո եւ է նպատակով ձեռնարկուած չէ։

Այվազեան էֆէնտի ոչ ժամանակը ուսումնասիրել ուզած է, ոչ մտքերը, ոչ հոգիները. ամեն բան հաւաքած է խանութի մը մէջ զոր ֆրանսացիք magasin de bric â brac [1] կը կոչեն։

Այսուհանդերձ կ’արժէ որ գիրքը գտնուի ամենուն քով. եթէ ոչինչ մարդեր մեծ մարդերու պէս յիշատակուած են, փոյթ չէ, իրապէս ճանչցուելիք մարդերու ալ կը պատահիս հոն ու կ’օգտուիս։

* * *

Ժամանակակից միակ գիրքը, որ առանց դասագիրք մը ըլլալու երկրորդ տպագրութեան կ’արժանանայ, Միհրան էֆ. Յովհաննէսեանի Նուագները։ Այս իրողութիւնը ապացոյց մըն է որ գրողները պարտին տակաւ մօտենալ ժողովուրդին եւ անոր համեստ ըմբռնումին, եթէ չեն ուզեր որ իրենք ըլլան միայն իրեց գործերուն ընթերցողները։ Յովհաննէսեանի երգերը իրենց պարզուկ ձեւին մէջ ճոխ ու շքեղ կազմածք մը ու սրտառուչ հոգի մը կը կրեն։ Այս բանաստեղծը սեթեւեթի թշնամին է եւ մեր ծեքծեքող գրականութեան մէջ իր ջանքը՝ փրկարար ու պարկեշտ աշխատութիւն մըն է։

Դպրոցէ ելլող տղաքներուն կը յանձնարարենք մանաւանդ որ կարդան այս տաղերը, ու մէկդի ձգեն գրականութեան մէջ ի դէպս եւ յանդէպս վսեմ երեւալու փառասիրութիւնը, որ ծաղրելի ըլլալէ ուրիշ բանի չի ծառայեր, եւ որուն պատասխանատուութիւնը քիչ մը մեր հայերէնի դասատուներուն կիյնայ։

Պարզ, միշտ աւելի պարզ. հոն է յաջողութիւնը։



[1]            Հնոտիքի, մաշուած իրերի խանութ։