Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՒԱՏՔԻ ՊԱԿԱՍԸ

Ցաւով կը տեսնենք հիմա որ մեր դպրոցներէն թերահաւատ ու սկեպտիկ տղաքներ դուրս կ’ելլեն միայն։

Պզտիկ հեգնական ժպիտ մը ունին իրենց տժգոյն շրթանցը վրայ. միամիտ կը գտնեն զմեզ. հաշիւի ու ապացուցութեան պէս բառեր ունին բերաննին։

Դրական կեանքի կապուած հոգիներ են ադոնք, անհատական չնչին պայքարներով զբաղած բոլոր ու անկէ դուրս աշխարհի մը գոյութիւնը ուրացող։

* * *

Մեր դպրոցներէն մտքի տէր տղաքներ կրնան ելլել այսուհետեւ, բայց կը վախնամ որ սրտի տէր ոչ ոք դուրս գայ. տրուած դաստիարակութիւնը, տեսնուած օրինակները, խարխափումի աշխարհ մը ստեղծած են ասոնց շուրջ։ Շիտակ խօսք մը իրենց ականջին հասած չէ, անկեղծ ձայն մը իրենց սրտին չի խօսիր. օրինակելի կեանքեր քիչ կրնանք ցուցնել իրենց. միայն հաշուի մարդ ըլլալ պատուիրուած է իրենց ու պէտք եղածէն աւելին եղած են։

* * *

Արդարեւ նախորդ սերունդներուն հաւատքն անգամ աւելի աւանդական բան մըն է քան թէ բարձր ըմբռնումը Կրօնքին։ Մտէ՛ք ամեն խաւերուն մէջ, պիտի գտնէ՞ք մարդիկ որ Կրօնքին կապուած ըլլան հոգեկան գոհացումի մը պէտքով։

Ես կարող եմ ցուցնել որ այդ բոլոր բարեպաշտները աւելի յաւիտենական գեհենի մը երկիւղէն բռնուած՝ այդքան ջերմեռանդն են քան թէ ճշմարիտ հաւատքի մը բերմունքով, եւ ուրիշներ որ իրենց տունի, տեղի, խանութի գորերուն յաջողութեան համար միայն կը դիմեն Աստուծոյ ոտքը։

Ադոնք հաւատացեալներ չեն, ռամիկ շահադէտներ են։

* * *

Ու երբ հաւատքը նուազի, գիտցէք որ բարոյական կեանքը կը տկարանայ. ի՞նչ պիտի դնենք անոր տեղը. գիտութի՞ւնը. բայց իմաստակներ ունիք շուրջերնիս եւ ոչ գիտուններ. խղճմտա՞նքը. բայց խղճմտանքը երբեք մեծ յաղթող մը եղած չէ աշխարհիս մէջ։

Առաջին ուսումը որ պարտինք սորվեցնել այսուհետեւ նոր հասնող սերունդին, հաւատքի ուսումն է։

Եթէ մեր եկեղեցականութիւնը անտարբեր կերպով հանդիսատես կ’ըլլայ, երբ հաւատքին բարոյական ոյժը կը տկարանայ մեր մէջ, մեզի կ’իյնայ անոր բարոյացուցիչ դերը մատնանիշ ընել հանրային կեանքի համար։