Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՐԺԱՐԱՆԱՑ ՇՈՒՐՋԸ

Մեր վարժարանաց Քննութեան օրերը կը մօտենան. կարողներու եւ անկարողներու, ծոյլերու եւ աշխատասէրներու, բաղդաւորներու եւ դժբաղդներու մշտնջենական ընդհարումը՝ դպրոցական գրասեղաններուն վրայ պիտի սկսի ու շաբաթ մը պիտի տեւէ. յետոյ հանդէսները, ծափերը, ոսկեզօծ գիրքերը, ճառերը ու տեղեկագիրները պիտի գան, ու ամենէն ետքը արձակուրդը՝ արդար վայելքը տարեկան խոնջէնքին։

Մեր մէջ Քննութիւնը՝ տարապարհակ աշխատութեան մը փափաքելի վախճանը կը ներկայացնէ. ձանձրացուցիչ թատրերգութեան մը վերջին արարուածը, որուն աչքդ գոց կը համակերպիս, վայրկեան մը աւելի առաջ դուռնէն դուրս նետուելու աճապարանքով։

* * *

Այս չէ հարկաւ Քննութեան նպատակը։ Մեր տղաքը, երբոր շրջանաւարտի վկայականը ծոցերնին՝ դուրս ելլեն վարժարանէն, այն ատեն միայն պիտի հասկնան անոր ստոյգ նշանակութիւնը. իրենց ընտրած աշխատութեան ասպարէզը՝ դժնդակ ու մշտատեւ քննութիւն մը պիտի ըլլայ իրենց ուր դասատուին դիւրահաճ աջակցութիւնը, քննիչին կամաւոր անհոգութիւնը չպիտի գտնեն մէյ մըն ալ, այլ սուր եւ անողոք պայքարը Բաղդին, Կարողութեան ու Աշխատութեան, այն երեք տարերքին որոնցմով շինուած է այն Աւետեաց երկիրը որ Յաջողութիւն կը կոչուի։

Ու յանկարածակիի եկած կեանքի վաստակներուն մէջ, խստութիւններու, պատրանքներու անվարժ այս տղաքը, շուտով պիտի խռովին, սրտաբեկ ու դասալիք պիտի ըլլան շուտով, այն հարուստի շփածաց տղաքներուն պէս որոնք նեղութեան դիմադրելու կորովը չունին։ Օգնութեան ձեռք մը պիտի յուսան որ պիտի պակսի իրենց, քաջալերութեան ձայն մը որ չպիտի հնչէ ականջնուն, ու ապրելու հարկին առջեւ հարկ պիտի ըլլայ խոնարհիլ ու ծռիլ։

* * *

Մի՛ վարժեցնէք մեր տղաքը ներողամիտ աչառութեանց ու անիրաւ ակնկալութիւններու. վարդէ անկողիններ՝ զորս ապագան ապահով կերպով պիտի զլանայ իրենց, ու ի՜նչ պիտի ըլլան այն ատեն այս սիպարիթները. այլ սորվեցուցէք իրենց խստութեանց դիմանալու մեծ գիտութիւնը։

Երբոր կարելի է արժանիքով յառաջանալ, ինչո՞ւ անարժանութեան արուեստը սորվեցնել մեր պատանիներուն. անարժանութիւնը միթէ արժանիքէն աւելի՞ դիւրաւ կ’ստացուի։

Քննութիւնը հալոց մըն է ուր նետուած խառնուրդը պիտի զտուի. պղինձը, արծաթը ու ոսկին պիտի զատուին. հարկ եղած ջերմութեան աստիճանով տաքցուցէք ուրեմն զայն. ապա թէ ոչ առջի անշահ խառնուրդը դուրս պիտի ելլէ նորէն, եթէ ոչ վատթարագոյն մը։

Եւ սակայն տեսէք անգամ մը կարգերնին չի կրցող փոխողներուն թիւը ո՜րքան պզտիկ է մեր դպրոցներուն մէջ. եթէ աւելի շատ ըլլար, մեր հոգաբարձութիւնները… աւագերէցները պիտի ըսէի պիտի կարծէին որ ետ մնացողներու թիւին ստուարութիւնը իրենց անհոգութեան պիտի վերագրուէր. եւ գիտե՞ն սակայն անոնք որ թոյլ ու ներողամիտ քննութիւններով՝ ամեն տարի իմաստակներու խումբ մը նետելով մեզի, անոնց ապագային պատասխանատուութիւնը իրենց վիզը կ’առնեն, գիտե՞ն որ իրեց ստեղծած պատրանքի աշխարհը դժբաղդաբար պիտի արտադրէ միայն։

* * *

Քննութիւնը դադրելու է ուրեմն պարզ ձեւակերպութիւն մը ըլլալէ, կեանքի ճշմարիտ պայքարը դառնալու համար. պայքարը որ հիմա դպրոցէն կ’սկսի մինչեւ գերեզման երկարելու համար եւ որ կը վախնամ թէ օրօրոցէն սկսի վաղը։

Տասնի տեղ երկու շրջանաւարտ տուէք մեզի, բայց լուրջ ու տոկուն հոգիներ ըլլան երկուքն ալ։

Ամեն տարուան արտադրութիւններով՝ շատ մը ձեռքեր ու ոտքեր տուած էք մինչեւ ցարդ. ի՞նչ ընենք այդ բոլորը. մարդեր կազմելու համար ադոնցմով՝ գլուխներ տուէք մեզի։