Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆԻ ԿՌԻՒԸ

Կռիւը կը շարունակէ. հայ բարոյախօսները իրենց սրդողած մարդու երեսնին աւելի եւս կը ծռմռկեն. նուիրական սկզբունքներու անուններով կը խօսին միշտ։ Մասիսի մէջ երեւցող նորավէպները կը գայթակղեցնէ եղեր զիրենք ու անշուշտ իրենց համոզումի անկեղծութեամբ՝ ընտանեկան պատիւը ու սրբութիւնը վտանգուած կը հռչակեն։

Անցեալ տարի Անբարոյական Գրականութիւն վերնագրով խմբագրականի մը մէջ պէտք եղած պատասխանը տրուած էր այսպիսիններուն. տարի մը վերջը դիտաւորութիւն չունինք նորէն հերքելու այդ պարկեշտամոլ հոգիներուն անտեղի վախերը։

Սաչափը հարկ է միայն յիշեցնել թէ գրակութիւնը բարոյախօսութեան հետ շփոթելու համար մինչեւ Սահակ Մեսրոպ երթալու չափ ետադէմ ըլլալու է մարդ։

Կը կարծենք որ մեր երանելի նախնիքը ընկալեալ բացատրութիւն մը գործածելով միտքերնուն չպիտի անցունէին թէ իրենցմէ այսքան դարեր ետքը եկող սերունդ մը՝ գրականութեան սահմանը ըմբռնելու ու հասկնալու համար նորէն իրենց կոչում պիտի ընէր։

Մասիսի մէջ երեւցող Ֆանին եւ այդ կերպ ուրիշ քմածին գրութիւնները բարոյականի հաւատաքննիչներու ատեանին առջեւ միայն եպերելի են. բայց ուրիշ ամենուն համար, որոնք գրական սեռի մը՝ Ս. Գրքի եղանակէն տարբերիլը կ’ընդունին, անոնց համար Մասիսի պզտիկ պատմութիւնները վտանգաւոր բան մը չեն պարունակեր։

* * *

Ըսենք նաեւ որ մենք ո՛չ քարոզիչներ ենք հոս, ոչ առաջնորդներ հարային բարոյականի. այդ յաւակնութիւնը չունինք եւ ատանկ ծանր պաշտօնի մը համար պէտք եղած արժանիքը չենք զգար մեր խոնարհ անձին վրայ։

Կը վախնանք մանաւանդ այն խմբագիրներէն որոնք բարոյականը բերաննուն վար չեն ձգեր. յարգելի անձինք կան անոնց մէջ, բայց Ռըւիւու տէ տէօ Մօնտի տնօրէնին ձախողուածը անգամ մը եւս հաստատէ թէ

L’habit ne fait pas le moins. [1]

Ֆրանսայի մէջ Ծերակոյտի անդամ Պ. Պէռանժէ բաւական խնդուք հրաւիրեց իր վրայ այս պահուս իր մղած անբարոյականութեան պայքարովը՝ այնպիսի արարքներու դէմ որոնք անհամեմատ անբաղդատելի կերպով տարբեր են Ֆանիին պատմութենէն։

Գիտցէ՛ք գոնէ որ գրականութիւնը զուարճութեան, կատակի, բարեմտութեան եղանակ մըն ալ ունի. ամեն ինչ վատ ու լպիրշ տեսնելու ակնոցը վար առէք եւ այն ատեն գայթակղեցուցիչ բան մը չպիտի գտնէք այլեւս. յանցանքը ձեր ակնոցինն է եւ ոչ թէ դիտուած առարկայինը։

Ըսինք ձեզի որ Ս. Գիրքն անգամ այդ դիտակով կարդացողներուն համար՝ վրդովիչ մէկէ աւելի գլուխներ ունի. պէ՞տք է ասոր համար ձեր Սահակ Մեսրոպը դատապարտել։

* * *

Երբոր հրապարակագրի մը գրական մշակութիւնը այնքան է միայն որ յայտնի կերպով ողորմելի ոտանաւորներու հեղինակը Միւսէին հետ շփոթելու կ’ելլէ, անշուշտ Մասիսի նորավէպները այդ դատաստանին առջեւ արդարացում չեն կրնար յուսալ։

Արդէն երբեք ալ չենք փափաքիր ենթարկուիլ ատանկ դատաստանի մը. Մասիս գրական հանդէս մըն է եւ այդ ձեւը պիտի պահէ. իր ընթերցողները գոհ են իրմէ եւ այս կը բաւէ իրեն. մենք այն կարծիքին չենք որ մեր շաբաթաթերթը ամենուն հասկանալի, մատչելի հրատարակութիւն մըն է. երբ հրապարակագիրներ կան որ չեն հասկնար զայն, անշուշտ հասարակութեան մէջ ալ այնպիսինները չպիտի պակսին։

Ի՞նչ պէտք է ընել ասոր համար. պէ՞տք է որ վարպետ տուտուի վերածենք Մասիսը. հաւկիթը թարմ պահելու համար կամ ակռայի ցաւը բժշկելու եղանակները ցոյց տանք, ծաղկաց լեզուն թարգմանենք եւ Մունկօ Բարքի Ափրիկէի մէջ ճամբորդութիւնը գրելու ելլենք։



[1]            Տարազը չէ, որ վանական է դարձնում։