Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՐԵԴԱՐՁ ՄԸ

Հաշիւի ու Նիւթի դարու մը մէջ կ’ապրինք եւ Երազի ու Մտքի դարու զաւակներն ենք։

Ուրիշներ դէպի առաջ կը նային ոգեւորելու նպատակով. մենք դէպի ետ երթալու պարտաւոր ենք շատ հեղ, օրինակելի դաս մը փնտռելու համար։

Մեր մէջ, ինչպէս ուրիշ տեղեր, Օրագրութիւնն ալ զերծ մնացած չէ այն նիւթապաշտ վարակումէն որ, Պատմութեան մէջ, այս դարուն վերջին կէսին տխուր յատկանիշը պիտի կազմէ։

Ամեն բանի մէջ դրականութիւնը փնտռելու այս ոգին այնքան ծանր ու ընդհանուր մթնոլորտ մը ձեւացուցած է որ երբ, այսօրուան պէս դիպուածով, ձեռքէս կ’անցնին յիսուն տարի առաջ գրուած առաջնորդողներ, որոնց մէջ հրապարակագիրները աւելի կը քարոզեն քան թէ կը խօսին, լեզուիս ծայրը կուգայ ըսել իրենց.

- Միամիտնե՜ր…

* * *

Այս խորհրդածութիւնները թելադրեց մեծի Մասիսի առաջին թիւին ընթերցումը որ 1850ի հանրային մարդոց դաւանանքը կը պարունակէ։

Այսօր, ահա ճիշդ քառասունը վեց տարի ետքը, երբ նոր սերունդ մը՝ նոր եռանդով մը կը ձեռնարկէ այս օրագիրը հրատարակելու, չեմ կրնար դիմանալ անոր ոգին ճշդող հատուածը հոս արտատպելու փափաքիս.

«Օրագրին գլխաւոր նպատակը ազգը ուղղել, լուսաւորել եւ անոր օգնել պիտի ըլլայ։

Այս ճշմարիտ ու սուր գաղափարին ծառայութեանը սահմանուած է այս լրագիրը»

2 փետրուար 1852 Ա Տարի 1 թիւ

ՄԱՍԻՍ

Խոստովանեցէք որ այս հին մարդոց հրապարակագրութեանը մէջ վեհութեան մը շքեղութիւնը կայ։

Արդարեւ ճշմարիտ օրագրութիւնը համոզումի պէս անկեղծ, հաւատքի պէս հաստատ, ու կրօնքի պէս սուրբ է, այնքան՝ որ ներելի չէ ամենուն ձեռք երկնցնել անոր։

Պաշտամունք մըն է աս որ իր ծէսերը, արարողութիւնները ունի։

Հոն՝ ուխտի մը ձգողութիւնը ու անոյշ անուրջի մը անդիմադրելի հրապոյրը չզգացողները օտարոտի եկամուտներ են եւ չպիտի կրնան բնիկ մը դառնալ եթէ նոյն իսկ բոլոր կեանքերնին մաշեցուցած ըլլան անոր մէջ։

* * *

Մասիսը մեծ օրաթերթի մը վերածելու գործը՝ հանդպցընելով այս օրագրին հիմնարկութեան տարեդարձին, մեր ժամանակակից պատմութեան մէկ էջը դարձուցած ըլլալու տպաւորութիւնը, գրեթէ համոզումը ունինք։

Ամիրաներու վարչութիւնը բարձող սերունդին գործը վերջացած է ա՛լ։ Սերվիչէներու, Օտեաններու, Ռուսինեաններու պէս միտքերուն ներգործումի շրջանը աւարտած ու փակուած։ Մեզի չիյնար անմիջապէս դատաստան ընել ու վճիռ արձակել այս մարդոց վրայ. դեռ շատ մօտիկն ենք իրենց. տակաւին պէտք եղած անջրպետը չէ կազմուած, արդար ու անաչառ ուսումնասիրութիւն մը ընելու ասոնց վրայ։

Բայց մեր իրաւունքն է, մեր պարտքը պիտի ըսէի, վերադառնալ անոնց ժամանակին ամեն անգամ երբ օգուտ մը, դաս մը կայ քաղելու այն անցեալէն, ճիշդ ինչպէս այսօր ըրինք, Մասիսի հիմնարկութեան տարեդարձը արձանագրելով այստեղ։