Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՅՏՆԻ ԳԱՂՏՆԻՔ ՄԸ

Կրօնական անխտրութեանց կուսակիցն եմ. հռովմէական կամ բողոքական հայերը ո եւ է կերպով չեմ զանազաներ լուսաւորչական հայերէն, որոնցմէ եմ եւ ես։

Կ’աղաչեմ որ չընդմիջէք զիս այս «լուսաւորչական» բառին համար. այս բառին յարուցած բոլոր վէճերը գիտեմ. բայց եկեղեցական մը չեմ. ու չեմ գիտեր Մաշտոցին մէջ՝ որուն անսխալ օրինակը մինակ ինքը ունենալուն համար պարծենցող մը կը ճանաչնամ։

Աշխարհական հրապարակագիր մըն է որ կը գրէ եւ իրաւունք իր բառերը ընտրելու անոնցմէ որոնք իր միտքը աւելի դիւրութեամբ կրնան բացատրել։

Լուսաւորչական, ըսի, գիտնալով հանդերձ որ մեր Եկեղեցին կը կոչուի Կաթուղիկէ եւ առաքելական Եկեղեցի։ Մտածեցի որ այս նուիրագործուած բարեը ձեռքէ ձեռք յափշտակուած յափշտակուած բաներ են. հռովմէական եկեղեցին ալ կաթուղիկէ եւ առաքելական ըլլալուն վրայ կը պնդէ. ի՞նչ կրնայի ընել։

Երբ կաթոլիկ հայոց՝ հռովմէական ըսելով անցայ, գիտեմ որ պզտիկ անիրաւութիւն մը գործեցի. արդարութիւն է որ նոյնքան սխալ մըն ալ իմիններուս համար ընեմ։

Կ’ըսէի որեմն որ բոլոր հայերը կը սիրեմ առանց կրօնքի խտրութեան. բայց այս անխտրութիւնը իր փոքրիկ վերապահումը ունի հետը. ես միայն իմ Եկեղեցիս կը սիրեմ. եւ ինչո՞ւ համար արդեօք ։

Խղճմտանքս կը հարցուփորձեմ ու դիւրութեամբ կը գտնեմ պատճառը։ Ես իմ Եկեղեցիս կը սիրեմ ոչ թէ անոր համար, որ վարդապետութեան տեսակէտով անսխալ՝ մերինը կը հաւատամ ասանկ համոզում մը ունենալու չափ քաջ աստուածաբան երբեք եղած չեմ այլ սա խիստ պարզ ու հասկանալի պատճառին համար որ մեր Եկեղեցին մեր տոհմին հետ մարմնացած ու միաւորուած է։

* * *

Ու երբոր մեր Եկեղեցին կը սիրեմ, չեմ կրնար մեր եկեղեցականները չսիրել. ոչ մէկ ուրախութեան հանգրուան մը՝ իրենց փշոտ ճանապարհին վրայ, եւ տրտում նայուածքներուն մէջ կը կարդամ իրենց նախատակոծ մարդու վիրաւորուած սիրտը։ Վասն զի վարժուած ենք եկեղեցականներու հետ վարուիլ ինչպէս կը վարուինք յետին խանութապանին հետ. ամբատաւան դէմք ու գռեհիկ լեզու մը ունինք ամեն ատեն։

Ոչ մէկ ազգի եւ ոչ մէկ եկեղեցւոյ մէջ այսքան խոնարհամիտ ու հեզահամբոյր կղեր մը տեսնուած է։

Եթէ իրական են այն պակասութիւնները զորս մատնանիշ կ’ընենք երբեմն, եթէ պէտք եղած ուսումը շատ անգամ կը պակսի ասոնց ու, մտաւորական տեսակէտով, պէտք եղած անջրպետը չի կայ հովիւին ու հօտին մէջ, մենք ենք այսօր պատասխանատուն եւ մենք միայն։

Ոչ նիւթական, ոչ բարոյական ասպարէզ մըն է մեր մէջ եկեղեցականութիւնը, այլ քարոտ ու ծուռումուռ արահետ մը՝ ուրկէ մեծ կամքերը ու մեծ անձնաւորութիւնները միայն կրնան քալել։

Արմաշէն ի զատ որուն վերջին արդիւնաւոր շրջանը Օրմանեան Պատրիարքին կը պարտինք՝ ի՞նչ ըրած ունինք իրենց համար։

Ո՞ր զոհողութիւնը կ’ընենք սկիզբը, կամ ո՞ր պատիւը կուտանք վերջը իրենց. ո՞ր Հաստատութիւնները, ո՞ր Վանքերը կրնանք ցոյց տալ։

Անդին, մեր հռովմէական ազգակիցները իրաւամբ կրնան պանծալ իրենց Մխիթարեան կրկին Միաբանութիւններովը։ Իրաւ է որ Մխիթարեանները ոչ առջի փայլը ունին հիմա եւ ոչ ալ առջի ոգին. Բագրատունիի, Հիւրմիւմզի, Այտընեանի եւ ասոնց նմաններուն համարժէք նոր անուն մը շատոնց ի վեր լսուած չունի ու թէ որ Հանդէս Ամսօրեայն միշտ խօսիլ կուտայ իր վրան, Բազմավէպին գոյութիւնը նշմարող չկայ։

Բայց ամեն պարագայի մէջ ուշագրաւ ու եզական է որ մեր հռովմէական ազգակիցները որոնք փոքրամասնութիւն մը միայն կը ներկայացնեն, մերիններէն անհամեմատ կերպով բարձր ուսումի տէր եկեղեցականութիւն մը ունենան։ Լուսաւորութեան այն մեծ վառարանները, որոնք Վենետիկ ու Վիեննա կկոչուին, այս երեւոյթին բոլոր գաղտնիքը կը բացատրեն։ Ուրիշ տեղ մը ըսի որ ուսման համար իմացական մտնոլորտի մը պէտքը կայ միշտ. զարգացումը միջավայրի    խնդիր է եւ այս ալ այն բազմաթիւ պատճառներէն մէկն է որոնց համար Արմաշը՝ Վիեննայի կամ Վենետիկի հետ բաղդատութեան դնելը անհեթեթ բան մը պիտի ըլլար։

Եւ այն վայրկեանէն որ հայ հռովմէական եկեղեցականներուն առաւելութեանցը գաղտնիքը մէջտեղն է, մերիններու լալ ինչի կարօտեալը հասկցուած չըլլա՞ր։

* * *

Այսուհետեւ մեր եկեղեցականներն ալ Եւրոպայի Համալսարաններուն մէջ դաստիարակենք ուրեմն, եւ մանաւանդ տանք անոնց համալսարանակն կրթութիւնը՝ աշխարհական կեանքի պայմաններով, վանական անիմաստ սեղմումներէ հեռու. կեանքի գիտակցութիւնը տանք իրենց, ժողովրդականութիւնը մէկ բառով, որ մեր Եկեղեցիին է՛ն յարգելի յատկանիշն է։

Եկեղեցականը զարգացած ու լուսաւոր միտք մը ըլլալու է, նրբութիւնները սիրող աստուածաբան մը ըլլալէ առաջ։

Այս դարուն մէջ՝ եկեղեցական մը պաշտօն մը չունի անհաւատ մը հաւատքի կամ անկրօն մը դարձի բերելու. շատ է եթէ արդէն գտնուած հաւատացեալները իրենց հաւատքին վրայ պահէ, եւ թափուր մնալու պատճառ չըլլայ այն եկեղեցիին որ մեր տոհմային նկարագիրը կը պահպանէ։