Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐԵԼՔ ՄԸ

Ժամանակէ մը ի վեր մեր վարդապետներուն մէջ եպիսկոպոսացումի տենչանքին վարակում մը կայ։

Ամեն կողմէ միեւնոյն խնդրանքները կը հասնին Պատրիարքարան, որ ինքն ալ իր եպիսկոպոսացուները ունի իր ծոցին մէջ։

Եկեղեցական աստիճաններու վրայ ընդհանուր վերելքի արշաւ մը, խոյացում մըն է, ճիշդ ինչպէս նաւաստիները՝ մէկ նշանի մը վրայ՝ կայմերուն վրայ ձգուած չոանի սանդուղներէն վեր կը սուրան միեւնոյն ատեն։

Ատենով երբ վարդապետները, հովուական կամ առաջնորդական բարձրագոյն պաշտօններու կոչուելու համար, եպիսկոպոսներէն ետ կը մնային, կամ փողոցը մանիշակագոյն փակեղ մը կրելու հաճոյքը իրենց զլացուած էր, եպիսկոպոս ձեռնադրուելու տենչանքը ատով կը բացատրուէր. բայց յորմէհետէ այդ հին բարի օրերը շատոնց անցան, հիմա եպիսկոպոսներն են որ վարդապետ ըլլալու միջոցը էտք է մտածեն։

* * *

Եպիսկոպոսութիւնը եկեղեցական է՛ն բարձր իշխանութիւնն է որ կրնայ մէկը մը շնորհուիլ. անկէ վեր ու անկէ մեծ ոչինչ կը մնայ։

Ասանկ պատուանդանի մը վրայ ոտք կոխելու համար սովորական արժանիքները պէտք է վարանին քիչ մը, եւ Վարչութիւնը բացառիկ կարողութիւններով օժտեալներուն պէտք է վերապեհէ այն միակ վարձատրութիւնը՝ զոր իր ձեռքը ունի հայ եկեղեցականութեան համար։

Ատենով մեր եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները իրենց բարձր կոչումին արժանի գործերով անմահացուցած են ինքզինքնին. լաւագոյն եպիսկոպոսացումը այս է ահա, եւ ոչ թէ այն որ Գաւառական Ժողովի խնդրանքովը ու Վարչութենէն շնորհուած վկայագրովը ձեռք կը բերուի։ Աչքս իզուր կը պտտցնեմ շուրջս փնտռելու այն Աւետարանի պաշտօնեաները որոնք Քրիստոսի Եկեղեցիի անձնազոհութեան գերագոյն խորանը ճանչցուցին աշխարհի եւ այն քաջ հովիւները որոնք իրենց անձը իրենց հօտին միայն սահմանած էին։

* * *

Եպիսկոպոսի պէտք չի կայ բնաւ. գտնուածները կը բաւեն եթէ չեն եւալի։ Մայրաքաղաքիս եկեղեցիներուն մէջ լեցնելու համար եպիսկոպոսներու շատցնելը չարժէր. ու հարկ չի կայ աստիճաններու բարձրացման հետապնդել, երբ օր մը ճնշդ այդ բարձրացումը պատճառ պիտի ըլլայ բարուրելու այն մերժումները զորս սորված ենք լսել մեր բարձրաստիճան եկեղեցականներէ, երբոր կ’առաջարկենք իրենց գաւառները իրենց՝ հօտին ու պաշտօնին գլուխը գտնուիլ։

Մեր եպիսկոպոսները շատ անգամ իրենց բարձր դիրքէն կը գանգատին, եւ իրենց սուրբ կարգին արժանապատուութիւնը փրկելու համա չնչին պաշօններէ փախուստ տալու ստիպուած ըլլալնին կը յայտնեն։

Բանաստեղծ մը կը գրէ թէ Լուի ԺԴ պատերազմի մը միջոցին կը գանգատի եղեր իր մեծ դիրքէն որ կ’արգիլէր զինքը կռուին անձամբ մասնակցելէ։ Եկեղեցական բարձր աստիճանները մեր մէջ եւ քիչ մըն ալ ամեն տեղ պզտիկ աշխատութիւններու յօժարութիւնները կը չքացնեն. եւ մենք համեստ ջանքերու սրտաբուղխ խօսքերու պէտքը ունինք միայն։