Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՔՐՈՆԻԿ
ՏԻԿԻՆ ՄՕՆԿՕՏԷՆ

Օրիորդ Մարկրիթ Տարպելիի առաջնորդութեամբ կազմուած ֆրանսացի թատերախումբը, որ այս ձմեռուան սկիզբը Բերայի Թաղապետական Թատրոնին մէջ կարգ մը ներկայացումներ տալէ ետքը մեկնած էր, քանի մը օրէ ի վեր մայրաքաղաքս վերադարձած է եւ իր նոր շրջանը երեկ գիշեր սկսաւ, ներկայացնելով Տիկին Մօնօտէնը, զուարճալի վոտըվիլ մը, որուն մէջ բարոյական մըն ալ կայ, ինչ որ վոտըվիլէ շատ մը չսպասուիր։

Ահաւասիկ այս զաւեշտին նիւթը համառօտիւ։

Պարոն եւ Տիկին Մօնկօնտէն Ալանսօն քաղաքը կը բնակին։ Տիկինը բարոյականի մասին խստապահանջ, բայց չափազանց խստապահանջ մէկն է, հայ մամուլին ծանօթ մէկ քանի ներկայացուցիչներուն չափ. իր այն անմատչելի ու առաիկ կնկան համբաւը տարածուած է ամեն կողմ. իր խիստ թարմ ու համեղ ատենն ալ հիմա Տիկինը հիմա Տիկինը յիսունին մօտիկ է այսպէս է եղեր. ու իր տունը հիւր եկողներուն արդարպարծանքով մը ցոյց կուտայ պզտիկ դաշոյն մը զոր գործածեց օր մը իր պատուին ու հրապոյրներուն ետեւէն ինկող ձեռներէց մերդու մը դէմ ինքզինքը պաշտապնելով։

Այս դաշոյնը հիմա նուիրական բան մըն է եւ Ալանսօն ամբողջ անոր առջեւ կը ծնրադրէ։

Տիկինը ամեն բարեպաշտական ու բարոյական ընկերութիւններուն անդամակիցն է եւ բերնէն վար չի ձգեր միշտ տարօրինակ կերպով նմանելով մեր մամուլին մէկ մասին բարոյական ու կանացի պատիւը, եւ իր հէք էրիկը նուաճեռով իր անցեալ քաջասիրութեանը մեծութեան բառին տակ։ Ողորմելին՝ ամուսին մը չէ այլ Ծաղկոցի առարկերտ մը. պզտիկ դիմադարձութեան մը կամ անհաճոյ բանի մը համար Տիկին Մօնկօտէն զինքը կը պատժէ, քսան էջ գիր գրել կուտայ, կը բանտարկէ եւ որ աւելին է, շաբաթ մը, երկու շաբաթ կը զրկէ պտուղէ, անկէ՝ որուն համար մեր նախահայրը Ադամ, կ’ըսէն թէ Եւայէն ուզելով խաբուեցաւ։

Արդ, Տիկինը քեռորդի մը ունի Օրիորդ Լիւսիէն, որ Բարիզէն եկած Ֆուժըռօլ անունով երիտասարդ նկարիչ մը կը սիրէ եւ անկէ կը սիրուի։ Բայց Տիկինը ասոնց ամուսնութեանց չի հաճիր բնաւ։

Բարիզէն եկող մը, մանաւանդ նկարիչ մը ի հարկէ անբարոյական ու առակ կ’ըլլայ, եւ պարկեշտասուն Տիկին Մօնկօտէն որոշած է Լիւսիէնը ամուսնութեան տալ Սաւինեաք անունով մէկու մը որուն ինքը կը հաւնի եւ որուն Օրիորդը չի հաւնիր բնաւ։

Իսկ Պարոն Մօնկօտէն թեա կը փափաքի Լիւսիէնը սիրած մարդուն հետ ամուսնացնել, բայց կնոջմէն այնքան կը վախնայ որ չի համարձակիր բերանը բանալ անոր չէմ։

Այս միջոցին է Պէնկալին, Բարիզցի երգչուի մը, իրեն ձգուած մեծ ժառանգութեան մը շնորհիւ, կանոնաւոր կեանք մը անցընելու համար Բարիզէն Ալանսօն եկած բնակելու եւ դրացի է Պ. Մօնկօնտէին որ հրապոյրներուն չի կրնար դիմանալ. Պէնկալին ալ Ֆուժըռօլը Բարիզէն կը ճանչնայ ու կը սիրէ եւ Ալանսօնի մէջ հանդիպելով անոր նորէն ձեռք ձգելու կ’աշխատի. բայց նկարիչին սիրտը միշտ Լիւսիէնին հետ է, այնպէս որ երբ Պէնկալին անոր տունը ետեւէն կ’երթայ, անիկայ կը ձգէ կը փախչի. բայց իր տեղը կը ձգէ հոն Պ. Մօնկօտէնը, որ վերջ ի վերջոյ կը բռնուի իր կնոջմէն ճիշդ այն վայրկեանին երբ Բարիզցի երգչուհին իր բոլոր կախարդիչ հրապոյրներովը զինքը զգլխած էր։

Իր կնոջ առջեւ դժբաղդ Մօնկօտէն ինքզինքը արդարացնելու համար գիւտ մը կ’ընէ. քնաշրջիկ մը ձեւանայ եւ իբրեւ թէ քունին մէջ եւ անգիտակցաբար երգչոհիին քովը գտնուած ըլլալը կը ցուցնէ. իր կինը յի հաւատար նախ. յետոյ երբ կը տեսնէ որ քնաշրջիկը միշտ աչքը գոց, պատուհանէն դուրս իյնալու պէս բաներ մը կ’ընէ, կը համոզուի։

Մօնկօտէն այս առաջին անգամը կը յաջողի կանացի վրէժխնդրութեան կայծակներէն պրծելու, բայց եկ ու տես որ երգչուհին, իբրեւ ճշմարիտ Բարիզեցի կին, զուարճանալ կ’ուզէ իրեն հետ. եւ օր մըն ալ կ’ելլէ Տիկինը բացակայ եղած մէկ մէկ ժամուն Մօնկօտէնին տունը կուգայ. իզուր Մօնկօտէն, որուն առաջին անգամուան վախը միտքն է դեռ, ճամփու դնել կ’ուզէ զինքը. Պէնկալին իր ճիտը փաթթուի գիրկը կը նետուի, վերջապէս կ’ընէ այն ամեն բաները որոնք խեղճ Մօնկօտէնին բոլոր խոհեմութեան դասերը մոռցնել կուտան։

Կ’երգեն, կը պոռան եւ… բնականաբար դարձեալ կը բռնուին Տիկինէն որ վերջապէս վրայ կը հասնի անիրաւ պատուհասի մը պէս։

Այս անգամ ա՛լ քնաշրջիկի հնարքը չի կրնար բանիլ եւ Մօնկօտէնի տրուելիք պատիժը անագորոյն եւ անողոք բան մը պիտի ըլլայ. Տիկինը կը խորհի, կը մտածէ ահ մը ամուսնաթողութեան խօսք մը կը դառնայ. ամուսնին համար՝ ասիկայ պատիժ չէ այլ փրկութիւն. բայց այս խորհուրդը կ’անցնի. ասոր տեղ Տիկին Մօնկօտէն կ’որոշէ ամուսինը տարագրել լերան մէջ կորսուած ագարակ մը, եւ Մօնկօտէն կը մխիիթարուի խորհելով թէ գէթ առանձին պիտի մնայ հոն։

- Ո՛չ, կ’ըսէ Տիկինը, ես ալ միասինքովը պիտի ըլլամ։

Յիրաւի պատիժը անհանդուրժելի է ա՛լ. Մօնկօտէն կնոջը գթութեանը կը դիմէ ու հակաառաջարկը կը ներկայացնէ ինչպէս կ’ըսեն դիւանագէտները։

- Հինգ տարի, տասը տարի պտուղէն, սա՛ ծանօթ պտուղէն զրկէ զիս, ի՞նչ կ’ըլլայ։

Ո՛չ. պտուղէ զրկելը չնչին ու անբաւական պատիժ մըն է եւ Տիկին Մօնկօտէն, այն պարկեշպասուն կինը որ ահա սա պատէն կախուած արիւնաթաթաւ դաշոյնով մը իր պատիւը պահպանած ըլլալու անբասիր անցեալը ունի, պէտք է որ օրինակելի դաս մը տայ իր անհաւատարիմ ամուսնին։

Բայց եկ ու տես որ պատեհ զուգադիպութեան մը բերմունքով, երեւան կ’ելլէ յանկարծ որ Տիկինին այս քաջագործութիւնը սնոտի եւ հարիւրածոյ է բոլորովին. իրաւ է որ ատենով երիտասարդ մը իր ետեւէն պտտեր է, իր սենեակը մտներ է, բայց ձեռքը թափուր դուրս չէ ելլեր, այլ ընդհակառակը այնպիսի յիշատակներով բեռնաւորուած որ ահա տասը տարի ետքը նորէն իր բերնին ջուրերը կը վազէ։ Տիկին Մօնկօտէն կեղծ պարկեշտ մըն է ուրեմն, ինչպէս կ’ըլլան անոնք որ պարկեշտութիւն ու բարոյական բառերը բերաննուն չեն ձգեր եւ ուրիշներուն դէմ աններող ու խստապահան կ’ըլլան։

Ինքն է անհաւատարիմ կինը. եւ իր էրիկը ա՛լ պէտք չունի քնաշրջիկի հնարքներու կամ գլխիկոր մարդու աղերսանքներուն ապաւինելու այսուհետեւ։

Մօնկօտէն բարձրավիզ է։ կը կանգնի իր խաբեբայ կնկանը դէմ միանգամընդմիշտ կ’ազատի անոր հրամայողի ծանր ու անտանելի լուծէն. ասկէ վերջը ազատ համարձակ ուզած տեղը պիտի երթայ, ուզածը պիտի խմէ եւ ուտէ, եւ կինը ո եւ է կերպով չի պիտի խառնուի իրեն. շունչ կ’առնէ խեղճ մարդը, երկար շունչ մը, եւ, հաստատելու համար այնքան դժուարագնի ձեռք բերած իր նոր իշխանութիւնը, կ’որոշէ որ Լիւսիէն իր սիրած Ֆուժէռօլին հետ ամուսնանայ ։

Եւ ասով կը վերջանայ խաղը։

Օրիորդ Տարպէլի Պէնկալիի դերին մէջ շատ յաջող է. Տիկին Մօնկօտէնի դերը վարող դերասանուհին ալ իր կեղծաւոր ու հանդիսաւոր ձեւերուն մէջ ճարտարութիւն ցոյց տուաւ. նոյնպէս Պ. Մօնկօտէնի դերը կատարողը կնկանը լուծին տակ ընկճուած ամուսնի վարմունքին մէջ խիստ ծիծաղաշարժ գտնուեցաւ։

Բազմութիւն չիկար. բայց բարեկենդանի յոգնութիւնը արգիլած ըլլալու էր շատերը ներկայ գտնուելէ։

Այս թատերախմբին ներկայացումները Բերայի լաւագոյն ժամանցը կը կազմեն։