Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՈՐՍՈՐՈՒՄԸ

Ազգային կրթութեան վրայ լուրերը տխուր կը հասնին գաւառներէն։ Ճիզուիթներու դպրոցները կը ծաղկին եւ հայ տղաքներով կը զեղուն ամեն տեղ, իսկ մեր վարժարանները կ’ամայնան, կը փակուին հետզհետէ։

Վերջինը Սեբաստիայէն կուգայ, երկու հազար հայ տղոց ճիզուիթներու դպրոցը յաճախելուն վիպային, առասպելային լուրը, որուն ստուգութեան վրայ ո եւ է կասկած չէ մնացած դժբաղդաբար։

Վանա մէջ Ֆրէռներն են որ կը շարժին։

Ուրեմն ոչ միայն հեռաւոր ու մոռցուած անկիւններուն մէջ, այլ Սեբաստիոյ, Վանայ պէս կարեւոր ու հոծ կեդրոններու մէջ կաթոլիկութիւնը կը զարգանայ։ Օտար վարժարանը, որ օտար եկեղեցւոյ գաւիթն է, հայ տղաքներուն պարպատուն է. Սեբաստիոյ մէջ՝ յաւելուածական շինութեանց կը ձեռնարկէ, հայ վարժարաններու մէջ մոլորած վերջին մէկ երկու հարիւր տղոց մնացորդն ալ հիւրընկալելու համար։

Այս դժբաղդ վիճակը ճշմարիտ աղէտքի մը համեմատութիւնը առած է անխօս ու մունջ յառաջխաղացութեամբ մը, զոր կարծես թէ մենք ալ, լռութիւն պահելով, քաջալերելու երեւոյթը ունինք։

Պատճառները միեւնոյն են. հոս ալ, ինչպէս ամենուրեք, անարժան ուսուցչութիւն մը, տգէտ, անկարող, օրուան աղային առջեւ քամակը ծռելու ստորնութեամբը իր ոչնչութիւնը պարտկող թաղականներ, հոգաբարձուներ որոնք իրենց անհատական հաշիւներուն, վէճերուն, կիրքերուն կը զոհեն ոչ միայն եկեղեցւոյն, դպրոցին նուիրական շահերը, այլ իրենց զաւակներուն ապագան. վաղը, միւս օր, այդ օտարոտի վար­ժարաններէն դուրս եկող պատանիները հին լաթերու պէս պիտի մերկանան իրենց հայու անունէն սկսելով մինչեւ իրենց լեզուն, եւ պիտի ուրանան զիրենք սնուցանող երկրէն սկսելով մինչեւ զիրենք ծնող հայրն ու մայրը։

Այս ողբալի կացութիւնը, ուրկէ դարանակալ օտարութիւն մը կը քաջալերուի, կը շարունակուէ եւ կը տարածուի ամեն կողմ, բորին պէս որ իր դանդաղ ու աննահանջելի վարակումովը ամբողջ մարմինը կ’ապականէ ու կը փճացնէ։

Այս օտար կրթութեան հետեւանքը՝ իր երկրին, իր ընտանիքին անօգուտ ու անտարբեր սերունդ մը հասցնել պիտի ըլլայ:

Պակասութիւնը մերն է միայն եթէ ազգային դաստիարակութեան կենսական հարցը միշտ բարձիթողի եղած է եւ կամ, իբրեւ թէ ամենօրեայ հոգածութեան առարկայ ըլլալու եղանակով, ամուլ ջանքերու ու խոտորած գործունէութեան մը մէջ կը թափառի։

Երբ մայրաքաղաքիս մէջ մեր վարժարանները իրենց ափսոսալի վիճակէն փրկելու ամեն առաջարկութիւն ուշադրութեան չարժանանար, երբ Բերայի մէջ այսքան հայ աշակերտներ հռովմէական եւ ուրիշ օտար վարժարանները կը լեցնեն, երբ արժանաւոր ուսուցչութիւն մը կազմելու միակ բանաւոր միջոցը կ’անտեսուի, զարմանալի չէ, որ օտար վարժարանները իրենց մարդորսութեան մէջ յաջողին։ Ասոր հակառակը միայն զարմանալի պիտի ըլլար։

Մեր նախնական վարժարաններուն անկարգութեան մէկ ուրիշ տխուր արդիւնքն ալ սա է որ՝ կայսերական բարձրագոյն վարժարաններէն օգտուելու ընդունակ պատանիներ հասցնելն ալ կը դժուարանայ, եւ տէրութեան ու ազգին օգտակար բարձրագոյն կրթութիւն մը ստացող անհատներու թիւն ալ հետզհետէ կը նուազի։

Այսպէս, անգիտակից աջակիցներն ենք մեր ազգային եկեղեցիէն օտարանալու շարժումին, որ հիմա ամեն կողմ կը ճշդուի անպատկառ գիծերով եւ ծածկուելու, պատրուակելու նեղութիւնը յանձն չառներ այսուհետեւ։ Ճակատաբար կ’ելլէ դէմերնիս ամենուրեք, ասպարէզ կարդալով մեր ողորմուկ վարժարաններուն, մեր ապիկար ուսուցիչներուն եւ անհոգ հոգաբարձուներուն։

Վանայ մէջ՝ օտարութիւնը ուրիշ հրապոյրներով ու խոստումներով կը գործէ, ինչպէս հրատարակեցինք երէկ մեր ազգային լուրերուն մէջ։

Այն տեղուանքէն անգամ, ուրկէ ձայն ու ձուն չի գար, պէտք չէ կարծել որ իր տխուր գործունէութիւնը ձեռնթափ է։

Եւ այս ամենը ուրիշ բան չէ բայց եթէ անհատական վէճերէ եւ ուրիշ ձեռնտու ճեղքուածքներէ կաթիլ կաթիլ թափթփումի, նախ աննշմարելի, անձայն սորսորումը, որ տեղ տեղ, լայն բացուածքներէ գիրացած, յորդահոս կ’երթայ օտարութեան ծոցը թափուելու։