Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՐԷՆ ՏԱՌԱՍԽԱԼ ՄԸ

Ազգ. Հիւանդանոցին ելեւմուտովը - մանաւանդ թէ մուտքը - բարւոքելու համար, Խնամակալութեան փորձած ջանքերը կը բազմապատկուին բայց չեն բեղմնաւորիր։

Խնամակալները նոր հասոյթներ ստեղծելու համար երեւակայութիւննին կը չարչարեն, միջոցներ կը գտնեն, կանոնագիրներ կը տպեն ու տպագրութեան ծախքը վրայ կուտան. հասարակութիւնը չի մօտենար այլանդակ գաղափարներուն՝ որոնց Խառն Ժողովը՝ խնամակալներէն եկած առաջարկ մը ետ չդարձնելու բարեյօժարութեամբ միայն, իր վաւերացումը շնորհած էր:

Գթութեան մահիճները կը մնան ուրեմն… օդին մէջ կախուած օրօրոցներու պէս. ժողովուրդը որուն ողջմտութիւնը ենթադրուածէն շատ աւելի է, խնդալը կը սիրէ բայց խնդալու առարկայ ըլլալէն չախորժիր։ Իզուր կը շռայլեն իրեն Հիւանդանոցի բարերար կոչուելու վաւերական վկայագիր մը, իր կամ իր նշանակելիք մարդուն հոգւոյն համար պատարագ մը Ամենապատիւ Օրմանեան Պատրիարքէն, հիւանդներուն գլխուն վերեւ կախուած պատկերի մը իրաւունքը. ո՛չ, այս բոլորին հասարակութիւնը չի մերձենար, գլուխը անդին կը դարձնէ սառն անտարբերութեամբ մը։ Գթութեան մահիճներու գաղափարին հեղինակները ապշութեամբ իրարու երես կը նային. ի՜նչ, չե՞ն բաւեր այս բոլոր առաւելութիւնները 6, 12 կամ 24 ոսկիի փոխարէն, եւ անկեղծութեամբ ճիգեր կ’ընեն փնտռել գտնելու համար թէ հոս հոն պահուած մոռցուած բան մը կա՞յ, զոր յանուն ազգին աւելցնեն իրենց մատուցումներու արհամարհուած փունջին վրայ։

* * *

Պէ՞տք է միթէ հետեւեցնել որ պակսած է հասարակութեան սէրը այդ խարխուլ ու դժբաղդ հաստատութեան վրայ որ, ափսո՜ս, պատշաճապէս ազգին տունը կոչուած է։

Ծաղկազարդի առթիւ Մասիսի ձեռնարկած հանգանակութիւնը ասոր հակառակը կը հաստատէ. ուրեմն իրաւացի չըլլար ժողովրդին վեհանձնութիւնը տարակոյսի տակ ձգել անոր համար որ գթութեան մահիճներուն չի համակրիր։

Ընդհակառակը, պէտք է շնորհաւորել մեր հասարակութիւնը որ կարծուածին ակնկալուածին չափ բարքերու ստորնացում չցուցուց եւ խիստ հերքում մը, միանգամայն դաս մը տուաւ անոնց որ մեր բարքերու մակարդակը ամեն երեւակայութենէ վար իջեցնել կ’ուզեն։

* * *

Եւ ասոր համար է որ դեռ ոչ ոք այս մահիճներուն անունով ստակ տուաւ, հակառակ տեղական թերթի մը ծանուցած յատուկ անուանց շարքին: Խնամակալութիւնը ամիսէ մը ի վեր յորմէհետէ կ’սպասենք իր աշխատութեանցը արդիւնքին, դեռ առաջին ցանկ մը անգամ չկրցաւ կազմել եւ կազմելիք ալ չունի. թէեւ հոս հոն դիմեց, բայց բարերար ըլլալու յօժարութիւն ունեցող մը չգտաւ, այն ատեն դուռ դուռ պտըտեցաւ արդէն հաստատուած կարգ մը նուիրատուութիւններուն անուններ փոխելու, եւ գթութեան մահիճի համար նոր նուէր մը եղածի պատրանք գոյացնելու համար։

Օրինակի համար, Տօքթ. Խօրասանճեանի արդէն Հիւանդանոցին նուիրած տարեկան 24 ոսկին եւ կամ Տօքթ. Խնդիրեանի նոյնպէս առաջուց ի վեր վճարած տարեկան 24 ոսկի նպաստը՝ գթութեան մահիճներու անունով մկրտելու եւ այս յարգելի բժիշկները անմահ բարերարի կարգը դասելու ջանքերը ըրաւ, բայց բժիշկները, որոնց արգիլուած է անմահութեան հաւատալ, մերժեցին այս առաջարկութիւնը եւ իրենց տարեկան նպաստին համեստ անունը պահպանեցին։

Թահթապուրուն եղբարք արդէն իրենց հանգուցեալ եղբօր յիշատակին որոշած էին կարեւոր բան մը ընել եւ անոնք որ գթութեան մահիճներու անունով քանի մը ոսկի առնելու դիմումներ ըրին, խելացի աշխատութիւն մը ըրած չեղան։ Ունճեան եւ Կիւլպէնկեան Տեարց տարեկան նպաստները ի վաղուց ծանօթ բաներ են եւ ասոնց ասոնց մահիճի վերածումը, ստակ մը չաւելցնէր Հիւանդանոցի պիւտճէին վրայ։

Եւ տեղական լրագրի մը մէջ հրատարակուած յատուկ անուանց շարքէն՝ վերջ ի վերջոյ գթութեան մահիճներու համար դրամ խոստացող ոչ ոք մնաց մէջտեղը, բացի մէկ անձէ մը, որ այս մահիճներու գաղափարին հեղինակը ըլլալու պատիւը ունի, եւ թերեւս այդ պատճառով, խօսք տուած է տասներկու ոսկի տալ որբի մը մահճին համար։

Այս միս մենակ մնացող Խնամակալը կը յիշեցնէ ինծի Ժիւլ Վէրնի Աշխարհիս շրջանը 80 օրէն գրքին մօրմոն քարոզիչը որ Նիւ Եօրքէն Սան Ֆրանչիսք գացող կառախումբին մէջ քարոզ խօսելու կելլէ, եւ ինքզինքէն զատ ունկնդիր չի գտներ իր քարոզներուն։

* * *

Այս ամենուն հետեւութիւնը այն է, - վասն զի մեր մէջ սովորութիւն է եւ վատ սովորութիւն մը որ հրապարակագիր մը անպատճառ եզրակացութեան մը յանգի, - հետեւութիւնը այն է որ չի բաւեր բարի կամեցողութիւն ունենալ եւ նոյն իսկ աշխատութենէ չփախչիլ, Հիւանդանոցին հասոյթ ձեռք բերելու համար. այլ հարկ է միջոցներու մէջէն բանաւորը ընտրել նախ եւ առաջ։

Գթութեան մահիճներ կան ամեն տեղ, որոնք այդ մահճին ծախքը հոգացող անհատին անունովը կը յորջորջուին. բայց ասոր համար ծախքին դրամագլուխը կ’առնուի եւ այդ ծախքին մշտնջենական հայթայթումը կ’ապահովուի։ Ոչինչ աւելի է այս պարագային մէջ, քան այդ ծախքը հոգացողին անունը կապել այն մահճին որ իրօք մշտնջենապէս, իր երախտաւորեալը պիտի մնայ. բայց ելլել մէկ տարուան համար, երկու տարուան համար, ընդամենը 12 կամ 24 ոսկի տուող մարդոց անունները յաւերժացնել, անոնց առջեւ պատկեր կախելու, մոմ վառելու ելլել, այս ամենը իրօք անխորհուրդ բաներ են, որոնք օգուտ չունենալէ զատ վնաս կը պատճառեն եւ տեղի կուտան որ հասարակութիւնը փոխանակ ձեռքը երկնցնելու այս հաստատութեան, կռնակը դարձնէ անոր բոլորովին։ Եւ երբ այսպէս հանրային համակրութիւնը ու ողորմութիւնը իրաւամբ կը խոտորին, եւ հասոյթները եւս քան զես կը պակսին, մարդ կ’ստիպուի ինքնիրեն արցնել թէ այս հնարուած անկողինները գթութեան մահիճնե՞ր թէ դաիճներ եղան Հիւանդանոցին համար, եւ նորէն տառասխա՞լ մը կայ գործին մէջ։