Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՐՄԱՆԵՐԷՆԸ ՄԵՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Քանի մը տարի առաջ գրուած խմբագրականով մը մօտան ջատագովեր էի, խիզախում մը ընելով մեր մէջ այս մասին տիրող հանրային կարծիքին դէմ։

Ըսեր էի որ մօտան չէ վերաբերիր միայն կանանց արդուզարդին կամ պերճանքին, շրջազգեստ մը հանգրիճելու ձեւէն. ծանօթի մը հետ փոխանակուելիք բարեւի մը եղանակին. ատկէ աւելի խորունկ ու աւելի էական երեւոյթ մըն է մօտան. հարեւանցի դէտողի մը համար՝ սին եւ ունայն բան, բարեշրջման եւ յառաջդիմութեան յայտաբար ու ստոյգ նշաններէն մէկն է խորհողի մը աչքին։

Մենք իբրեւ թէ արդէն բաւական պահպանողական հասարակութիւն մը չը ըլլայինք, ահա ամեն կողմէ մեր նախնի աւանդութիւները, բարքերը, տոհմանիշները կորսնցնելուս համար ցաւակցութեան աղաղակներ կը բառնան։

Ես մեր հին բարքերուն սուգը պահողներէն չեմ, եւ ժամ առաջ անոնց աներեւութանալուն կ’սպասեմ անհամբեր։

Գիտութիւնը ու արուեստը ամեն վայրկեան կը նորոգեն ու կը վերաշինեն այս աշխարհը, բնութիւնը ինքը յամր ու դանդաղ բարեշրջումներովը միեւնոյն աշխատութիւնը կը կատարէ, մարդկային մարմնին վրայ եւ քաղաքակրթութիւնը պէտը չէ որ ներհակ ուղղութեամբ մը քալէ։

Եթէ ամեն վայրկեանի փոփոխութիւնն է մօտան, հետեւինք անոր առանց վարանելու, բուն իսկ կեանքն է ան։

* * *

Տեսէք անգամ մը որքան սխալ պահպանողականութիւն մը կը տիրէ մեր վարժարաններուն ուսուցման մէջ։

Յիսուն տարի առաջ հայերը եւրոպական քաղաքակրթութիւնէն Ֆրանսայինը ճանչնալու պատեհութիւնը ունեցան. իցի՜ւ թէ ոչ մէկուն ճանչնայինք եւ հիմակուան խակակութ պտուղները չըլլայինք։

Ֆրանսերէն լեզուն մայրենի լեզուին մօտ տիրապետեց մեր դպրոցներուն մէջ եւ անկէ ի վեր կը տիրապետէ միօրինակ։

  Ատեն մը երբ Միացեալ Ընկերութեան դպրոցներուն ծրագիրները աչք է կ’անցընէինք, այս լեզուին ուսումը բառնալու պէտքը պաշտպանած եմ։ Իսկ մայրաքաղաքիս վարժարաններուն համար շատոնց ի վեր ֆրանսերէնը գերմաներէնովը փոխարինելու հարկը կը դաւանիմ։

Նախ որ ֆրանսական բարքերը պէտք եղածէն աւելի թափանցած են մեր մէջ որ վերջապէս լեռնցի եւ ասիական ժողովուրդ մըն ենք։ Կը կարծեմ որ գերմանացւոց ծանրութիւնը ու անժպիտ դէմրը աւելի կը պատշաճի մեզի։

Յետոյ չի կայ գիտութեանց ու արուեստից մէջ ճիւղ մը ուր գերմանականը ետ մնացած ըլլայ ֆրանսականէն. գեղարուեստներու մէջ անգամ. միայն նկարի ու արձանագործութեան մէջ Ֆրանսա կը գերազանցէ իր յամառ ու կորովի ախոյանը, բայց երաժշտութեան մէջ ո՜րքան ետ կը մնայ անկէ։

* * *

Իսկ գործնական կեանքի, առուտրի եւ ուրիշ տեսակէտներով մանաւանդ պոլսական կեանքի պահանջումներուն համար գերմաներէնը ոչ թէ օգտակար, այլ անհրաժեշտ լեզուն է այսուհետեւ։

Այստեղ վաճառականութիւնը գերմանացւոց ձեռքը անցնիլը շատոնց ի վեր լմնցած կատարուած իրողութիւն մըն է։ Գերմանացին իր ճկուն աշխատասիրութեամբ ամեն տեղ, ամեն անկիւն մտաւ, ճանչաւ ու հաստատուեցաւ։

Ֆրանսացի ու անգլիացի վաճառականները, նոյն իսկ այս քաղքին մէջ քսան տարի ապրելէ վերջը, բառ մը թուրքերէն չկրնար խօսելնուն համար կը պարծենան. իրենց պէտք ունեցողներուն հարկ է որ ասոնց լեզուն խօսին եթէ կ’ուզեն գործ ընել հետերնին։ Այս չզիջանողներուն հիմա ալ առուտուր չմնաց Պոլսոյ մէջ։

Ասոնց քով ու ասոնց դէմ գերմանացին եկաւ հաստատուիլ. մի խաբուիք անոր գլխարկէն, շատերնէս աղէկ կը խօսին թուրքերէնը եւ յունարէնը, եւ եթէ հայերէնը չի խօսիր աղէկ, ապահով եղէք որ իր առուտուրին հարկաւոր բառերը քաջ կը հասկնայ։

Ֆրանքօ-գերմանական պատերազմին հետեւանքովը չէ ուրեմն առեւտրական աշխարհին մէջ յաջողութիւննին, այլ այն պատրաստականութեան եւ զիջողութեան սկզբունքներուն, որոնք գործի մարդոց համար անհրաժեշտ են եւ պիտի մնան։

Թուրքիա, ահա մօտիկ քսան տարիներէ ի վեր, նոր շահասէր մը եղաւ գերմանական արտադրութեանց համար ու գերմանացիները չվարանեցան սորվելու ոչ միայն թուրքերէն լեզուն, այլ մինչեւ անգամ քրիստոնեայ հասարակութեան յատուկ բարբառները։

* * *

Մենք ի՞նչ ըրինք այս միջոցին. ինչ որ կ’ընենք մեր վաղեմի սովորութեան համաձայն. գլուխնիս շուրջերնիս անգամ չդարձուցինք. ո՛չ արուեստի, ո՛չ վաճառականութեան մէջ չնայեցանք հզօր նորեկին, այլ գլուխնիս կախ, շարունակեցինք ինչ որ յիսուն տարի առաջ Բարիզէն դարձող հայ երիտասարդներու սերունդ մը իբր կանոն հաստատած էր մեր վարժարաններուն մէջ։

Ֆրանսերէն լեզուն եւ այդ լեզուն միայն շարունակեցինք սորվեցնել հոն, առանց փոյթ ընելու թէ ժամանակին փոփոխութեանց հանդէպ պէտք չկա՞ր աւելի պիտանի լեզուի մը դասը հաստատելու:

Ուսումնական Խորհուրդները, որ եկան գացին այս երկար տարիներուն մէջ, ընկալեալ կանոնները յեղափոխելու ծայրայեղութիւնը չէին կրնար գործել եւ յետոյ, մտածեցէ՛ք անգամ մը, ահագին ձեւակերպութիւններ, մեր վարժարաններու ծրագրին մէջ գերմաներէնը հաստատելու համար. ժողովները ու դիւանները իրար անցնելու, Խառն ժողովը անհանգիստ ընելու է: Աւելին կայ. ֆրանսերէն լեզուի ուսուցիչներուն բողոքը ի՞նչ պիտի ընենք. անգո՞րծ պիտի թողունք խեղճերը։

Եւ ըսել, որ չի կայ հոգաբարձու մը, կտրուկ ու վճռողական մարդ, որ մէկու մը բան մը չհարցնելով, ինքնագլուխ ելլէ գերմաներէն լեզուն յանկարծ հաստատէ այն դպրոցին մէջ որ իրեն յանձնուած է. թող Ուսումնական Խորհուրդը իր դպրոցա­կան ծրագրին այլափոխումէն գանգատի ուզածին չափ. որու փոյթ. թող Կրթական տեսուչը, տեղեկագիր շինէ ու այս նորելուկ մօտան մատնանիշ ընէ Պատրիարքարանին, որի՞ն հոգը։

Այն օրը որ այդ հոգաբարձուն ծնի, այն օրը որ ձեւակերպութիւնները չսիրող ու պատասխանատուութեան արիութիւնը ունեցող հոգաբարձու մը երեւան գայ ու գերմաներէնի դասախօսութիւնը սկսել տայ, այն օրը իրօք մեր դպրոցներուն մէջ օգտակար բան մը մտած պիտի ըլլայ։

Բայց ատիկա մեր մեծազբաղ Պատրիարքարանէն սպասել, յուսալ որ մինչեւ ասանկ չնչին մանրամասնութիւններուն խոնարհի, ո՛չ, ատիկա մեր մտքէն չենք անցըներ։