Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՐՑՈՒՄ ՄԸ ՀԱՅ ՓԱՍՏԱԲԱՆՆԵՐՈՒՆ

1. Խառն ժողովը, որուն իրաւասութիւնները ծանօթ են, ըստ օրինի կարո՞ղ է կտակային խնդրոյ մը մէջ իրաւախոհութեան ձեւով հասարակութեանց մէկ իրաւունքը թողուլ եւ շնորհել։

2. Եթէ կարող է ու ձեռնահաս է ասոր, ներելի՞ է բուն կտակը վերադարձնել Գարակէօզեան ժառանգորդաց եւ անոր տեղ Գարակէօզեան Գրիգոր էֆ. քսան հազար ոսկինոց մէկ պարտամուրհակը վար դնել։

3. Եթէ Գարակէօզեան Գրիգոր է. վաղը այդ քսան հազար ոսկինոց պարտամուրհակի մէջ նշանակուած պարտքը ճանչնալ չուզէ եւ յայտնէ թէ ինքը ո եւ է դրամ չէ ստացած ազգէն, քսան հազար ոսկի առնելիքին վիճակը ի՞նչ կ’ըլլայ։

 

Կը խնդրենք որ մինչեւ մէկ շաբաթ ամեն հայ փաստաբան, որ իր հասարակութեան շահուց եւ իրաւունքին նախանձախնդրութիւնը ունի, հաճի այս մասին իր կարծիքը մեզի հասցնելու։