Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՉ-ԿԱԹՈՒՂԻԿԷ

Ֆրանսացիները Հայր Լօրիգէօն ունին։

Այս տարօրինակ մարդը, եռանդուն կրօնաւոր մը, հեղինակն է յանդուգն կերպով խեղաթիւրուած ֆրանսական պատմութեան դասագրքի մը։ Բաւական ատեն այս յերիւրած դասագրքին վրայէն կ’աւանդուէր պատմութեան դասը կղերական վարժարաններու մէջ։ Մեր մէջ Հայր Լօրիգէօները շատուոր են, ամբողջ միաբանութիւն մը կը ձեւացնեն եւ Ադրիականի մէկ կղզեակին մէջ հաստատուած՝ մեր եկեղեցական պատմութիւնը անդրլեռնական տոգորումներով սրբագրելու կ’աշխատին։

Առաջուց ի վեր չէի անգիտեր Մխիթարեան միաբանութիւնը բանասիրական հետազօտութեանց քով կամ անոնմէ առաջ բրօփականտայի մունջ դիտումներ ունի եւ լուռ իղձեր կը տածէ։

Միայն գիտութեան սիրով վառուած վանականներ չեն ասոնք, այլ ճարպիկ ու հաշուագէտ մարդիկ որոնք պապականութիւնը տարածելու համար ազգային գրականութեան մէջ իրենց ստացած հեղինակութիւնը կը շահագործեն, եւ քիչ շատ հայ եկեղեցականի փակեղին նմանող իրենց գլխու ծածկոյթին տակ բաթերայի գլխարկներ կը կրեն։

Գիտէի, բայց մոռցեր էի այս ամենը երբոր Բազմավէպի վերջին թիւին մէջ հետաքրքիր նամակագիր մը, որ այս միաբանութեան անդամներէն դուրս մէկը ըլլալու չէ, պատարագէն վերջը մեր եկեղեցիներուն մէջ մաս բաժնելու սովորութեանը վրայ խօսելով, մեր եկեղեցին ոչ-կաթուղիկէ եկեղեցի, եւ հայ պապական եկեղեցին ոչ- ազգային անուանելէ չի քաշուիր։

Ուրեմն միեւնոյն մարդիկ են ասոնք, նոյն մարդիկը որոնք ատեն մը հերձուածող ու հերետիկոս կը կոչէին զմեզ եւ մեր եկեղեցին ոտք կոխելու կը վախնային՝ դժոխք չերթալու համար. մարդիկ՝ որ Լուսաւորչին պապական հայ մը ըլլալու առասպելին պատմական ճշմարտութեան գոյն մը տալու համար ջանք չէին խնայած, եւ որոնք բան գործ ըրած են տարածել ամեն տեղ՝ թէ հայ Եկեղեցին պապական եկեղեցի մըն էր ատենով եւ անկէ անջատումները մենք ենք Լուսաւորչականներս, զատ ու տարբեր եկեղեցին անեղծ պահած են միշտ, ու Թարթիւֆին պէս չեն քաշուիր հրապարակաւ մեզի ըսել.

C’est à vous d’en sortur, vous qui parlez en mairtre [1].

Հարկաւ ողբալի բան մըն է որ անդրլեռնականութիւնը մեր ամենէն նուիրական էութեան վրայ ալ յարձակի, մեր եկեղեցւոյն տիրանալու ճիգեր ընէ, եւ ամբողջ միաբանութիւն մը իր դարեւոր աշխատութիւնը այս ամուլ ու ծիծաղելի ճիգերուն յատկացնէ։

Հռովմէականութիւնը մեր մէջ առջի անգամ մուտ գտնելուն պատմութիւնը ժամանակակից բան մըն է, եւ շատ ետ դառնալու պէտք չունինք այս առթիւ եղած բոլոր շփոթութիւնները մտքի առջեւ բերելու համար։ Շատ կանուխ է դեռ այս նորեկներուն համար մեր ազգային Եկեղեցին իրենց սեպհականացնելը եւ Հայր Լորիգէոյի պատմութիւններով չէ որ մեր եկեղեցիին վաղեմի ինքնագլուխ գոյութիւնը պիտի ուրացուի։

Բայց որքան ալ անզօր են այս ջանքերը ու արգահատելի նայուած մը հրաւիրելէ աւելի բանի մը անարժան, հարկաւ կը մնան մեր սիրտերուն մէջ մեր Եկեղեցւոյ համար ոչ-կաթուղիկէ եկեղեցի ըսելու պէս խօսելու վիրաւորանքը։ Ի զուր պիտի առարկեն որ կրօնական դաւանանքնին կ’արգելէ Վենետիկի վարդապետները կաթուղիկէ ճանչնալ մեր եկեղեցին. ուղղափառ՝ իրենք են եւ իրենք պիտի մնան ու մենք՝ հերձուածող ու հերետիկոս։ Թող այդպէս ըլլայ. քսաներորդ դարուն լուսաւորութիւնը չենք կրնար անարգել այն աստիճան որ կրօնական վէճի մը բռնուինք ասոր կամ անոր հետ։ Հաւատաքննութիւնը էապէս պապական եկեղեցիին յատուկ առաքինութիւն մըն է եւ պէտք է որ իրը մնայ։

Եւ եթէ մեր Եկեղեցւոյն համար Բազմավէպի գործածական լեզուն մատնանիշ ըրինք մեր ընթերցողներուն, միայն յիշեցնելու համար է անոնց թէ Վենետիկի միաբանութիւնը այն յետամնաց ու կաշկանդեալ միտքերու օրրան է, որոնց նմաններուն համար իրաւամբ ըսած են.

Jes n’ont rien appries, rien oublité. [2]



[1]            Դուք որ խօսում էք այդպէս տիրաբար, պէտք է դուրս գաք այս դրութիւնից։

[2] Նրանք ոչինչ չեն սովորել եւ ոչինչ չեն մոռացել։