Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶՆՈՒԱՇՈՒՔ ԵՒ ԳԵՐԱՊԱՏԻՒ

Ծերունի վարդապետ մը զոր Պոլսեցիները քաջ կը ճանչնան իր համեստութեանը ու քաշուած կեանքին համար, պարզուկ եկեղեցական մը՝ սա Գարեգին վարդապետ Թաթարեան որուն յուղարկաւորութեանը՝ իր գերապատիւ ու արժանապատիւ եղբայրները չհաճեցան ներկայ գտնուիլ. խարիպի յուղարկաւորութիւն որ, ինծի համար, յուղարկաւորութեան շքեղագոյնն է։

Պոլիս թափառող եւ ամենօրեայ ձեռնադրութիւններով շարունակ ստուերացող եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն այս եկեղեցականին յուղարկաւորութենէն խուսափումը, - այն պատճառով հարկաւ որ ձրի ու անվճար պիտի մնար իրենց ներկայութիւնը, - երբոր մօտեցնենք իրենց հռչակուած փութկոտութեանը որով վազն ի վազ, հեւալով վաճառականի մը կամ սեղանաւորի մը թաղումին ներկայ գտնուելու կ’երթան, մեր հոգեւորականութեան նիւթապաշտութիւնը անգամ մըն ալ երեւան կ’ելլէ։

Միամիտները կը կարծեն թէ եկեղեցական մը աշխարհականէ մը աւելի յարգանք պիտի գտնէր գոնէ եկեղեցականներու կողմէ, եւ գերապատիւ ազնուաշուքին պիտի յաղթէր։

* * *

Այս կարծիքը ազնուաշուք բառին նշանակութիւնը չգիտնալէ յառաջ կուգար։ Նախ պէտք է գիտնալ որ ազնուաշուքը սովորական տիտղոս մը կամ ածական մը չէ, այլ Պոլսեբնակ Հայերուն ստորնացած բարքերը մէկ բառով ճշդող ու սահմաող երեւոյթ մը. ազնուաշուքըյատկապէս այն դասակարգին համար գոյացաւ որ առանց վսեմաշուք տիտղոսը արդարացնող ըամ պաշտօնական վիճակ մը ունենալու, մեծապատիւ բառն ալ անբաւական կը գտնէր իր յակակնոտ ու ծիծաղելի անձնասիրութեան համար։

Նախ, լրագիրները՝ որ մարդկային տկարամտութիւնները շահագործելու մէջ առաջին եղած են միշտ, եւ յետոյ Պատրիարքարանի դիւանը նուիրագործեցին այս բառը եւ ազնուաշուքը ստեղծուեցաւ։

Ազնուաշուքները անոնք էին գլխաւորապէս որ քանի մը հազար ոսկի հնչուն դրամ ունէին կամ ունենալ կ’ենթադրուէին։ Անոնցմէ դուրս, մասնաւորներու համար ազնուաշուք եղողներ կային. օրինակի համար թերթի մը բաժանորդը՝ անոր համար ազնուաշուք էր, ցորչափ բաժանորդ մնար։ Պատրիարքական ժողովներու անդամ մը, Պատրիարքարանի դիւաններուն համար ազնուաշուք էր որչափ ատեն որ պաշտօնի վրայ ըլլար. ասոնց նայելով վաճառականի գրագիրներն ալ իրենց առեւտրական նամակագրութեան մէջ մտցուցին ազնուաշուքը. կանոնաւոր վճարում ընող յաճախորդ մը, թէեւ պարզ խանութպան, ազնուաշուք կ’ըլլար. մինչդեռ հաշուի մէջ դժուարութիւն յարուցանող պանքերը մեծապատիւ մնալու կը դատապարտուէր։

* * *

Այս պզտիկ փառասիրութեանց անձուկը զուգահեռական շարժումով մը մեր մէջ եկեղեցական դասին մէջ կը կրկնուէր. արժանապատիւը որ աշխարհական մեծապատիւին կը համապատասխանէր, սկսաւ ժամկոչներու յաւակնութիւններուն անգամ գոհացում չի տալ։

Գերապատիւ ըլլալու տենչանքը հանրային տանջանք մը կ’ըլլար տակաւ. կային որ նախամեծար սեպեցին որ իրենց բնաւ տիտղոս եւ պատուանուն չտրուի քան թէ արժանապատիւ բառին ընկերանայ իրենց անունը։

Դժբաղդ ու արկածեալ բան մը եղաւ արժանապատիւը, որ սակայն ինքնին պարկեշտ բառ մըն է։

Ու գերապատիւները շատցան, բուսան, չորս կողմէն խուժեցին վրանիս։

Յայտնի էր սակայն որ ազնուաշուքները գերապատիւներուն վրայ նախապատուութիւն պիտի ունենային, քանի որ իրենց ընծայուած յարգն ու պատիւը միշտ նիւթական ակնկալութիւններով լծորդուած էին։

Անոր համար է որ երբ օր մը առաջ կատարուած հարսանիքներու առթիւ վեղարաւորներ գլխով ոտքով կը փութային Բերայի եկեղեցին ողողելու, իրենց ներկայութեան շուքը աւելցնելու պսակի արարողութեանց վրայ, հետեւեալ օրը ծայրագոյն վարդապետի մը, Կրօնական Ժողովոյ անդամի մը գերեզմանին վերջին պատիւ մը ընելու շնորհը կը զլանային։ Ննջեցեա՜լ մը, եւ ննջեցեալ մը որ դրամ վճարելու յոյսը չի տար. եկեղեցականութիւնը, դարավերջիկ եկեղեցականութիւնը Հայերուն չէր կրնար այս անօգուտ դագաղին ընկերանալու նեղութիւնը յանձն առնել։

* * *

Այս բոլորը հանրային բարքերու խնդիր մըն է. ամեն ատեն եւ ամեն բանի մէջ միմիայն շահու ակնկալութեամբ շարժիլ, անհատի մը ընծայուելիք հանրային յարգանքը չչափել իր հասարակութեան ըրած օգտին վրայ, այլ անձնական ակնկալութիւններու, ճղճիմ ու փոքրոգի հաշիւներու համեմատ շռայել պատիւը. պզտիկնալ, քամակը ծռել դիմացինին առջեւ, ազնուաշուքացնել, եթէ երբեք կարելի է։

Եւ հո՛ն ուր նիւթական բան մը չի կայ ակնկալելիք, դիմացինին անձնական դիրքին կամ արժանիքին չնայիլ. բարեկիրթ վարմունք մը անգամ զլանալ անոր, արհամարհոտ ու ամբարտաւան ըլլալ։ Երբ այդ դիմացինը մեռնող մըն է, ինչէս սա Գարեգին վարդապետին համար եղաւ, չնայիլ անոր ո՛չ եկեղեցական կարգին ու աստիճանին, ո՛չ ազգային վարչութեան մէջ ունեցած պաշտօնին այլ ճամբել զինքը այն պարզ ու համառօտ ձեւով, որ, ապաքէն, իր բոլոր կեանքին մէջ ցոյցէ չախորժող այս վարդապետին կը պատշաճէր։