Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԵԱՆՔԸ ԲԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Բարիզ, 13/26 Մայիս

Աւելի ուղիղ չէ՞ր ըլլար ըսել «Մահը Բարիզի մէջ», քանի որ Ֆրանսայի մեծագոյն քերթողին Ֆրանսուա Գօբբէի մահը ծանուցանելով կ’սկսիմ այս տողերը։

Ատենով իմ Մասիսին մէջ, - ի՞նչ յիշատակներ կը քրքրեմ, - իր պատկերը զետեղեր էի, չեմ գիտէր ի՛նչ առիթով, եւ քանի մը տողէ բաղկացած յօդուածի մը մէջ՝ փորձ մը ըրեր էի շատ պզտիկ հարկաւ ծանօթացնելու զինքը մեր ազգակիցներուն որ ժամանակակից Ֆրանսայէն շատ բան չի գիտեր։

Կորուստը մեծ է այդ մեծ ազգին եւ ընդհանուր Գրականութեան համար։ Խոնարհներուն եւ Մտերմութիւններուն քերթողը նոր դարձուածք մը երկնած էր, նոր լեզու մը իր քերթուածներուն յատուկ՝ որուն բարձրութիւնը, խոնարհութիւնը, նրբութիւնը մտերմութեանը մէջն է միշտ։ Շնորհ ու վայելչութիւն էր համակ՝ ամեն սեթեւեթէ հեռու մնալուն։

Դժուարի՜ն արուեստ։

Գօբբէ ամենէն դժուարապահանջ արուեստագէտներուն եւ ամենէն անուս բայց ոչ գռեհիկ դասակարգերուն սիրտերը միեւնոյն աւիւնով թրթռացուց միշտ։ Ճշմարիտ գեղեցկութիւնը ո՛չ թիւլերու, ո՛չ բեհէզի մէջ փաթթուելու, ո՛չ իսկ ներկի ու շպարի կը կարօտի, ամեն աչքերը իսկոյն գրաւելու համար։

Անոր մահովը համայն Ֆրանսան սուգը կը մտնէ, Ակադեմիէն սկսելով մինչեւ համեստ դարբինը, մեծերէն իջնելով մինչեւ է՛ն պզտիկները, որոնց ամենուն երգիչը եղաւ անիկա։

Եւ իմ միտքս կ’երթայ հէք Ադամեանին որ այս Գօբբէին Դարբինները կ’արտասանէր այնքան պերճութեամբ, իր անզուգական բերնին թռչող ամեն ներդաշնակութեանց պէս։

Ու քիչերը գիտցան որ քերթող մըն էր ան ալ՝ որ ուրիշ քերթողի մը գրածին վրայ կ’զմայլէր, բերնուց սորվելու եւ աննման արտասանութեամբը աւելի եւս պանծացնելու համար զայն։

Անոր սուգը չպահեց մեր հասարակութիւնը։ Շատեր չիմացան իսկ անոր մահը, Ժողովները ու Թաղականները իրար չանցան եւ կ’ուզէ՞ք որ իմ բոլոր գաղափարս յայտնեմ, աղէկ ըրին։ Ջահերը, ծածկոյթները ու փառաբանութիւնները որոնք ո եւ է խանութպանի մը դագաղին կը շռայլուին, որովհետեւ անիկա չի գիտցուիր ինչ կերպով շահուած, դրամ կը թողու իր ժառանգորդներուն, անոնք պէտք չէ որ շրջապտեն այն մեծ մեռեալները որոնք բոլոր ցեղի մը մտաւորական ու քաղաքակրթական հանճարը կը կրեն իրենց անձին վրայ ու անոր տեւական փառքը կը կազմեն իրենց մահուընէն վերջը։ Այդ փառքը իր մեծավայելչութեան մէջ պէտք է թողուլ եւ չնսեմացնել սակագնուած պատիւներով։

Գօբէին յիշատակէն չեմ կրնար զատուիլ առանց խորհուրդ մը, չըսելու համար խրատ մը, տալու մեր երիտասարդներուն, խրատ որուն տարիքս՝ իրական եւ գրական՝ կարծեմ թէ կրկնապէս կ’արտօնէ զիս։

Ըսեմ ուրեմն մեր երիտասարդներուն, անոնց որ մեր տեղը բռնելու եկած են, թէ գրականութիւնը ու հրապարակագրութիւնը մեծ պարտականութիւններ կը դնեն ինքզինքը անոնց տուողին վրայ։ Անիմաստ ու անշնորհ գրուածքներու կուտակումով չէ որ անոնց դերը կը ճանչցուի։

Իրաւունք ունինք ըսելու որ պատուոյ աւանդ մը ձգեցինք իրենց, արեւին չափ պայծառ, բիւրեղի պէս ջինջ ու անոր պէս երփներանգ լեզու մը թողլով իրենց, լեզու որ ասկէ քառորդ դար առաջ գոյութիւն չունէր գոնէ գրականութեան մէջ։

Ստուերամած ու խաւարչտին բան մը ըրին զայն հիմա, եւ, ափսո՜ս, նոյն իսկ ուղիղ քերականութեան մը կանոններուն յանգամանքը վտարեցին անկէ։ Եւ ոչ թէ անոր համար որ այս ստորնացումը գրական դաւանութիւն մըն է, այլ պարզապէս՝ որովհետեւ գաղափարի ու իմաստի չգոյութենէն, մանուածապատ ձեւերու ու վերջակէտներու հետ անհաշտ պարբերութիւններու ապաւինեցան։ Ֆիլիքի մէջ կ’ըսեն թէ Բնութիւնը պարապութենէ կը զարհուրի. գրականութեան մէջ՝ դատարկութիւնը շատ աւելի զարհուրելի է ընթերցողներուն համար։

* * *

Ինծի այնպէս կը թուի որ «մէկ երեսը կուլայ եւ միւս երեսը կը խնդայ» զրուցուածքը՝ ամենէն շատ ֆրանսական այս մեծ ոստանին կը պատշաճի։

Երեւակայեցէք որ այս պահուս հասարակութիւնը՝ թատրոններուն չափ ու թատրոններէն աւելի Revueներուն կը վազէ, հոն ուր այս ցեղին սրամտութիւնը ամեն գիշեր իր գանձերը կը շռայլէ։

Չկայ եղելութիւն մը, մտաւորական, քաղաքական կամ գեղարուեստական, անձնաւորութիւն մը որով Բարիզը զբաղած չըլլայ վայրկեան մը, որ անմիջապէս օրուան ծիծաղին նիւթ չմատակարարէ. ոչ այն ծիծաղը սակայն՝ մաղձով ու դառնութեաբ լեցուած՝ որ դիւային բան մը ունի, այլ այն որ՝ զուարթութեան վճիտ ակերէն կը բղխի, որ բղխի, որ զեղուն է ներողամտութեամբ եւ որ իր մէջը միշտ բարի խրատ մը կը ցայտեցնէ։

Եկամուտին վրայ տուրքը, նամակատան ու հեռաձայնի մէջ աշխատող աղջիկներու վիճակը, Քասթէլանի կոմսէն արձակուած ամերիկացի միլիառատիրուհին, երկաթուղիներու անկանոն երթեւեկը, Թէաթր-Ֆրանսէի դերասաններուն իրենց դերերը արտասանելու հանդիսաւոր ձեւգպը, ու ասոնց բոլորին վրայ ծածանող կնոջական անհաւատարմութեանց զուարճալիքը, ամեն կերպ պերճութեան, շողացումներու, ադամանդներու, ոսկեզօծումներու, բեհէզներու, հոլան լանջերու ու սրունքներու աշխարհի մը կամ կիսաշխարհի մը մէջ, եթերային երաժշտութեան մը նուագներով ընդելուզուած։ Ահա՛ Օլիմբիայի, Մառինյիի Ռըվիւները, ու գետիները թափուած նրբամտութիւններէն, կատակներէն, զուարթութիւններէն կոխելու տեղ չկայ։

Եւ ասոնց վրայ իշխող Երաժշտութիւնը եւ Արուեստը, Շալիաբին ռուսիացի երգիչը բէրայի մէջ ուր Պոռիս Կօտունով ռուսական օբէրան չեմ գիտեր իր կատարելութենէ՞ն թէ ֆրանքեւռուս դաշնակցութեան բերմունքովը ծափեր կը խլէ. հոն՝ դուռներուն ու լայն աստիճաններուն վրայ մարած, հատած, սպառած դէմքեր, Սլաւ ուսանողներու եւ ուսանողուհիներու երեսներ ելեկտրական լոյսի ողողումին տակ յանկարծ կը պայծառանան ու իսկոյն լոյսի ողողումին տակ յանկարծ կը պայծառանան ու իսկոյն կը շիջանին, նորէն պայծառանալու ու նորէն շիջանելու համար։ Անդին՝ Օբէրա Քօմիքին մէջ՝ նորէն ռուսական օբէրա մը, Սնէկուռոչքա, միեւնոյն խանդը եթէ ոչ տաղանդը, միեւնոյն ծափերը, ողջոյնները։

Ու քիչ մը հեռուն՝ ծանրախոհ Թէաթր Ֆրանսէն, ալեւոր հաւը՞ թոռմած երեսներով քիչ մը, ալիքով ու պատիւով ծածկուած, քիչ մը տրտմած, եւ Միրօպի Ֆուայյէն ներկայացնելու վճիռին տակ ճզմուած։ Ֆուայյէն՝ որ կեղծիքին դիմակը մարդուն երեսէն վար քաշող, գետին նետող ու կոխկռտող շարժումն է, որուն՝ ընկերական պայմանադրութեանց ժամադրավայրը եղող այս թատրոնին մէջ՝ այսպէս բռնի մուտքը՝ այնքան ապշեցուցիչ է որքան պատուաբեր ֆրանսական դատարաններուն համար որ այս վճիռը արձակեցին, ամեն նախապաշարումները մէկդի ընելով։