Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՊԱՏՈՒԻ ՀԱՄԱՐ»

Վայելքը իր չափը ունի, որոշ սահմանէ մը անդին հեշտութիւնը՝ տուայտանքի, մահացումի մը պէս ցաւագին բան մը կ’ըլլայ, անսովոր ճիչեր, աղաղակներ արձակել կուտայ մարդուս։

Արուեստի գերագոյն արտայայտութիւնները այս կարգէն են։ Այդ վերնագաւառներուն մէջ՝ ուղեղային դրութեան պարտասումի աստիճան գրգռումը, արեան շրջաններու համախուժումը, ջիղերու տարապայման պրկումը կը միանան մղձաւանջային, քնաշրիկի, էսրարի ծուխերով ծանրացած մթնոլորտի մը, իրականէն, ապրուածէն աւելի վեր գոյութիւն մը եթէ ներելի է ինծի ալ նոր բառ մը կերտել –Գերակեանքը ստեղծելու համար։

Այդ Գերակեանքը ապրեցանք մենք ուրբաթ գիշեր երեք ժամ շարունակ Վարիէթէի թատրոնին մէջ Պաքուի Աբէլեան-Արմէնեան տռամադիկ խումբի կողմէ տրուած ներկայացումին առթիւ։

Երեք չորս օր ի վեր Թօքաթլեանի սրահին կիսակործան սիւներուն վրայ փակցուած համեստ ծանուցումներ այս խումբին գալուստը իմացուցեր էին մեզի։ Պզտիկ խմբակ մը որուն մէջ անսովոր դէմքեր, ձեւեր կը նշմարուէին, քանիցս նիստ կազմած էր այս սրահին մէջ։

Ովքե՜ր էին ասոնք, պիտի ըսէր Ռուսահայ մը։ Պարզապէս Պաքուի տռամադիկ խումբն էր ասիկա որ ուրբաթ գիշեր Շիրվանզադէի ամենէն խորունկ եւ ամենէն դառը մէկ բիէսը՝ Պատուի համարի ներկայացումով սկսաւ։

Ամփոփեմ նիւթը։

Պ. Անդրէաս Էլիզպարեան ջոջ վաճառական է։

Չքաւորութենէ ճամբայ ինկած անձ որ ինքնիրեն դիզած է իր հարստութիւնը եւ օր մը պիտի պոռայ իր զաւակներուն երեսին.

- Ես իմ հօրից փող ե՞մ ստացել, թուքումուքով, զրկանքներով, քաղցած փորով եմ ես մարդ դարձել։

Դրամապաշտ պուրժուազիի թիբն է ան, մարդկութեան վախճանը միմիայն դրամի մէջ փնտռող։

Իր գործի մարդու տաղանդը առուտուրի կեանքին սովորական խորամանկութիւններովը ու նենգութիւններովը ձեւացած է։ Սողոսկող ու ամբարտաւան, կտրիճ ու վատասիրտ միանգամայն։

Իր պարտամուրհակները բրօթէստ եղած չեն. պատուաւոր մարդ ուրեմն. իր շահատակութիւնները յայտնուած չեն. ուստի յարգելի եւ ազնիւ անձնաւորութիւն, ազնուաշուք մը, թէ որ անպատճառ փափաքիք. ի հարկին կարող իր յափշտակութիւններէն մաս նուիրել ազգային ուսումնարան մը հիմնելու համար. ազգային բարերար մը, թէ որ կ’ուզէք։

Արդեօք Շիրվանզատէ Պոլի՞ս ապրած է։ Հաստատութեան հիմանական մասը իր առեւտրական ընկերոջը մահուընէն օգտուելով կողոպտած բաժինն է եւ այս պիտի ըլլայ բոլոր բիէսին առանցքը։

Այս ազնուաշուքը իր թալանած ընկերոջը որբերուն ողորմութիւն տալով մեծցուցած օ զանոնք։ Չըսի՞ ձեզի թէ բարերար մըն է։

Այս է մարդը։ Զզուելի հարկաւ, բայց ոչ վճռական չարագործը։ Ահաւորը՝ անոր կնոջ եղբայրն է. Սաղաթէլը՝ իր գործերուն օգնականը ու չար ոգին անոր. այն կը մղէ զինքը միշտ դէպի չարը, դէպի ապիրատութիւնը. Իակօն՝ այս դրամապաշտ Օթէլլօին։

Տեսարանը իսկապէս զարհուրելի է երբոր երկու չարագործները իրենց թալանին փայ ու բաժինին մէջ իրարու դէմ կ’ելլեն։

- Խոստումդ կատարէ՛. բաժինս տուր թէ ոչ գիտեմ ընելիքս, կը գոչէ Սաղաթէլ։

- Յետոյ կուտամ։

Այս «յետոյ կուտամ»ը չէք գիտեր որքան հոգեբանապէս ուղիղ է։ «Յետոյ կուտամ»ը կը նշանակէ որ խօսքէն պրծելու պատրաստուող անձը դեռ չի համարձակիր դիմակը վար անել, կը նշանակէ ժամանակ վաստակիլ, որպէսզի վարժուի իր դրժումին ու անոր քաջութիւնը ունենայ։

Անդրէաս Էլիզպարեան չորս հասուկ զաւկի տէր է։ Բայց անոնք որքա՜ն նկարագրով տարբեր են իրարմէ։

Բագրատ էնժէնիէօրէ. դրամական ու նիւթական փիլիսոփայութեամբ սնած երիտասարդ. մին անոնցմէ որոնք սրտի խղճահարութիւնները չեն ճանչնար։

Իր Աստուածը բանականութիւնն է, ուրիշ բառով օգուտը միայն։ Այս թիբը Պուրժուայի զաւակն է, պատրաստ ուրիշի վրայ նետուելու, բայց թոյլ չի տալով որ ուրիշ մը համարձակի իրմէ փող կորզել։ Այսպէս, տեսնելով որ Սաղաթէլ ծախսի հաշիւներու վրայ վերադիրներ, խամիներ կ’ընէ, Բագրատ կը գոչէ անոր երեսին.

- Իմ գործերու մասին ձեռներդ մաքուր պահէ՛։

Իր քոյրը Ռօզինա հարուստ շփացած ու փճացած աղջիկն է. արդուզարդի ունայնութեանց եւ իր պատկանած դասակարգին իրաւունքները խստութեամբ պահպանելու հետամուտ։ Չի ներեր որ ծառան Վարդանը՝ ես ու դուն որ խօսի հետը։ Ազգային զգացումն ալ բացակայ է սրտէն։ Քարացած աղջիկնէ որ օր մը ռուս սպայի մը կին կրնայ ըլլալ, բայց ոչ հայ յեղափոխականի մը։

Միւս եղբայրը, տանը անառակ որդին, Սուրէնն է, մսխող, խաղամոլ ու զուարճասէր տղայ, որուն սակայն հոգիին մետաղը ազնիւ ու մաքուր է։ Իրենց հարստութեանը աղտոտ ծագումին վերահաս եղածին պէս, իսկոյն կը պատրաստուի անկէ հրաժարելու, մինչդեռ Բագրատ, հօրը արժանի զաւակ, ամեն նենգութեան աջակից ըլլալու պատրաստ է այդ հարստութիւնը ձեռքէ չի հանելու համար։ Ասոնց աչքին պատիւը դրամն է ու ամեն բան ընելով կարող են այս պատուին համար։

Իսկ հերոսուհին կրտսեր քոյրերնին է. Մարգարիտը սրտի ու մտքի տէր աղջիկը, մռայլ խորհուրդներով ծանրաբեռնուած այս տան մէջ միակ լուսաւոր դէմքը։

Յետոյ՝ մայրերնին Երանուհին պարզամիտ ու աստուածավախ կին որ իր աղուորութեանը համար, Անդրէասին հետ ամուսնացած էր։

Ահա ընտանիքին բոլոր անդամները, անոնց վրայ թէ որ աւելցնենք Արտաշէս Օթարեանը, կողոպտած ընկերոջը որդին որ Մարգարիտը կը սիրէ, բիէսին անձինքը կ’ամբողջացուին։ Գործողութիւնը կ’սկսի անով որ Օթարեան ձեռք կ’անցընէ կարգ մը Անդրէասին ստորագիրը կրող հին վաւերագիրներ որոնք այս վերջինին հարստութեանը՝ Օթարեանին պատկանիլը կը հաստատեն։ Օթարեան կ’ուզէ որ իր իրաւունքը ճանչցուի ոչ այնքան դրամի համար, քան թէ վերցնելու համար իր վրայէն Անդրէասի ողորմութեամբը ապրած լինելու նախատինքը, որ զինքը Մարգարիտին առջեւ նուաստացուցիչ դիրքի մը մէջ կը պահէ։

Կ’երեւակայուի Անդրէասին սարսափը երբ այս վաւերագրերուն գոյութիւնը կ’իմանայ։ Ամեն թուղթ ոչնչացած կը կարծէր։ Երիտասարդ Օթարեանի քանի մը հազար մանէթ տալով ձեռքէն ստորագրութիւն մը կորզելու կը ջանայ ու չի յաջողիր։ Դատի սպառնալիք կայ։ Իր հարստութիւնը 700. 000 րուպլը, երեւակայեցէք, կորսուելու վրայ է։ Այն ատեն երիտասարդին Մարգարիտին համար ունեցած սէրէն օգտուելու գարշելի գաղափարը կը յղանայ, բայց Մարգարիտ իրեն գործակից չի կրնար ըլլալ. զայն խաբելէ ուրիշ հնար չկայ։ Սուտ զայրոյթով մը իր աղջկանը դէմ կը բարկանայ ըսելով որ Օթարեանը զրպարտիչ մըն է եւ իր աղջիկը դատաւոր կ’ընէ այս մասին ըսելով. «Դո՛ւն ուզէ, առ Օթարեանին փաստերը ու վաւերագիրները. պիտի տեսնես որ ոչ իսկ թուղթի կտոր մը ունի»։

Մարգարիտ այս նենգաւոր խօսքերէն կը խաբուի։ Օթարեանէն կը պահանջէ այդ թուղթերը տեսնել ու այս վերջինը առանց վարանելու, թուղթերը իր սիրուհւոյն կը յանձնէ։ Մարգարիտ զանոնք հօրը կը ցուցնէ որ անոնց ճշդութիւնն ճանչնալու կը պարտաւորի։

Բայց գիշերը Սաղաթէլին հետ համախորհուրդ, իր աղջկան սենեակէն թուղթերը կը գողնայ ու կը վառէ։ Այսպէսով կը պահէ իր հարստութիւնը ու պատիւը։ Իսկ Մարգարիտ այդ թուղթերու փճացումին մասին իր սիրողին իր դէմ ինքզինքը արդարացնելու անկարող՝ կեանքին վերջ կուտայ։ Անդրէաս երկու ձեռքը գլխուն կը զարնէ, որդեսպան մըն է տիքը այսուհետեւ։

* * *

Այս է նիւթը զոր հարկաւ շատ թերի, շատ անզօր կերպով ուրուագրեցի այստեղ։ Հատոր մը պէտք է ամբողջ այս հրաշակերտը վերլուծելու համար։ Այս բոլոր դէմքերէն ամեն մին Շիրվանզատէ իր սուր ու անողոք գրոցով փորագրած է։ Շոբէնհաուէր կ’ըսէ որ թատերագիրը՝ ճակատագիր ըսել է, որովհետեւ ինքն է որ իր ստեղծած անձերուն բաղդը կ’որոշէ. ճակատագրին պէս ալ անողոք ըլլալու պարտաւոր է։ Շիրվանզատէ Պատուի համարին մէջ մեր ժամանակակից պուրժուազիէն բոլոր թիբերը լիաբուռն սփռած է։ Բիէսին կազմուածը իր պարզութեանը մէջ հոյակապ է եւ հիւսիսի գրականութեան յօրինուածը կը յիշեցնէ։ Ռուսահայ թատերագիրը շատ բարձր է Օքթաւ Միրպօէն որ սակայն Ֆրանսայի փառքերէն մէկն է, իր տարազն Հանրի Պէքի դաժան՝ բայց անկեղծ նկարագրութիւնն է իրական կեանքի դրուագներէ վերցուած։

Եթէ դասական տեսակէտէ դատուէր, Շիրվանզատէի գործը այն տեէն ալ իր մեծ նշանակութիւնը պիտի ունենար։

Մարգարիտին շուարումը՝ մէկ կողմէ աւանդ դրուած այս թուղթերը գողցուցած ըլլալու պատասխանատուութենէն, միւս կողմէ իր հայրը մատնելու պարտաւորութեանց առջեւ, զոր իր մահուամբը կը քաւէ, այնպիսի շքեղ տեսարան մըն է որ հին ողբերգութեանց ցնցումը կ’ուտայ։

Իր խօսակցութիւնը dialogue [1] որ ո եւ է թատերական բիէսի յաջողութեան առջի պայմանն է, երբեք այսքան ժողովրդականպարզութեամբ եւ խիզախութեամբ չէր փայլած որչափ այս բիէսին մէջ։ Մէկ ծայրէն միւսը սուրերու բաղխում մըն է կարծես, լոյսեր ու բոցեր արձակելով շարունակ։ Ամեն բառ գնտակի հարուածի պէս ուժգին ու սաստիկ է։

Պոլսահայ հասարակութիւնը այս Ռուսահայ բարբառը իմանալու համար դժուարութիւն չունեցաւ, նոյն իսկ ամեն մէկ բառին բովանդակ ոյժը զգաց ու հասկըցաւ։

* * *

Պաքուի տռամադիկ խումբը որ ներկայացուց Շիրվանզատէի բիեսը, յայտնութիւն մը եղաւ ամենուս համար, ապշեցուցիչ, հիացուցիչ յայտնութիւն մը։

Այս վերջին մէկ քանի ամիսներու մէջ թէ՛ տեղական եւ թէ՛ դուրսէն մեծադղորդ ծանուցումներով զինուած խմբակներ, հայերէն լեզուով կարգ մը ներկայացումներ տուին ու պէտք է խոստովանիլ որ հայ լեզուով թատերական ներկայացումներ տեսնելու եռանդնիս ցրտացուցին։ Համբակներ ու թերուսներ կամ հինցած ու փճացած ոյժեր՝ կեանքի ըմբռնումէ ու գրական զարգացուէ զուրկ էին։ Եւ ի՞նչ եղաւ մեր զարմանքը, երբոր ուրբաթ գիշեր Պաքուի տռամադիկ խումբը Շիրվանզատէի ոյակապ գործը նոյնքան հոյակապ արուեստագիտական տաղանդով մը ի հանդէս բերաւ։

Պ. Աբելեան, Անդրէաս Էլիզպարեանի ճշդիւ դերին մէջ, անստգիւտ կատարելութեամբ մը ցոյց տուաւ որ լիովին ըմբռնած է Շիրվանզատէի գծած վաճառականի դէմքին բոլոր գիծերը, ամենէն նուրբերէն սկսելով մինչեւ ամենէն թանձրները, այդ նկարագրին հոգեկան ազդակները, ընկերական ըմբռնումները, առուտուրի մարդու բարոյականը, խորամանկութիւններն ու ճարտարութիւնները։ Այս ամենը այնքա՛ն հարազատ կարպով պատկերացած էր իր դէմքին վրայ, այնքա՛ն ճշգրիտ կերպով խտացած իր շարժուձեւին մէջ, որ մտքովս ըսի թէ մի՛ գուցէ Պ. Աբէլեան առուտուրի աշխարհէն վտարեալ մըն ըլլայ եւ ո՛չ աննման արուեստագէտ մը։ Յիշեմ այստեղ երկրոր արարուածին մէկ տեսարանը ուր իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն վրայ իր ցասումը կը թափէ, կը վռնտէ զանոնք։ Ականջիս մէջն է իր ձայնը.

- Դե՛հ, կորէ՛ք, հայտա՛…

Պարզապէս հիանալի է այն դիմափոխութիւնը որով նոյն վայրկեաննին Օթարեանի թուղթերը ձեռք անցնելու համար կը հաշտուի իր աղջկան՝ Մարգարիտի հետ, շոյելով անոր գլուխը.

- Ա՜յ օրհնեալ լինիս, աղջի՛կ, դու բարի սիրտ ունիս։

Ու երբ Մարգարիտ Օթարեանէն առած թուղթերը ցոյց կուտայ իրեն, իր անմեղութեանը վստահ արարածի մը ամբարտաւանութեամբ, ըսելով անոր.

- Քննի՛ր ու տես։

Իսկ հոն ուր ինքզինքը գերազանցեց, չորրորդ արարուածին այն տեսարանն է ուր Օթարեանին փաստերը գողութեամբ ձեռք անցունելէ յետոյ՝ անոր դէմ լրբութեամբ կը կանգնի ու մարդ ճամբայ դնելու սովորական բանաձեւովը Սաղաթէլին դառնալով կ’ըսէ.

- Ելիր կլուպ երթանք, բռէֆէրանս խաղալու. կլուպ երթանք։

Տիկին Արմէնեան Մարգարիտի դէրը ունէր։ Միմիայն իր «դուրս գաը» սէնային վրայ յաջողութիւն մը եղաւ, անոր համար որ նախ ամեն շնորհալի կնոջ դէմքը ինքնին յաջողութիւն մըն է արդէն։ Տիկին Արմէնեանինը յաղթանակ մըն դարձաւ, երբ իր խաղը տեսանք. երբե՛ք այսքան շնորհ, այսքան նուրբ ու այսքան արտայայտիչ դէմքի մը վրայ միացած չէր։ Իր ձայնին քաղցրութիւնը ու արտասանութեան վճիտութիւնը, ճշմարիտ հրապուրանք մըն էր. ամենէն խորունկ տպաւորութիւնը թողուց, երբ թուղթերու գողութեան պահուն քունէն սթափելով, ճերմակներու մէջ փաթթուած, վրէժխնդիր ոգիի մը պէս հօրը ետեւէն խոյացաւ, ու աւելի առաջ երթալու անկարող, գետինը փռուացաւ։

Իսկ պարզապէս հրաշալի էր չորրորդ արարուածին մէջ, երբ իր հօրը աղաչգց որպէսզի ետ տայ գողցուած թուղթերը։

«Հայրի՛կ, հայրի՛կ» աղաղակը բոլոր սրտերկ դղրդեց։ Ու, թուղթերուն կրակի մէջ նետուելով փճանալու պահուն իր դէմքին զարհուարած արտայայտութիւնը, իր քարացումը, արձանացումը, կապկպուած լեզուին տեղ՝ մեծ մեծ բացուած գեղեցիկ աչքերուն նայուածքը, այն mimigue [2] ի գլուխգործոցներէն օ որոնց իրականացումը մեծ տաղանդներու վերապահուած է։

Միւս բոլոր դերակատարներուն առթիւ ալ իմ զմայլանքս յայտնելու համար դեռ շատ էջեր լեցնելու եմ։ Բաւականանամ միայն շնորհաւորելով Պ. Արմէնեանը որ Սուրէնի դերով ճշդիւ պատկերացուց «Անառակ Որդւոյն», բայց առակութեանը հետ՝ հոգեկան ազնուութիւնը պահող երիտասարդի նկարագիրը որ կերպով մը Ռիւ Պլասի մէջ Տոն Սէզարտը Պազանը կը յիշեցնէ։

Պ. Բէրոյեան ոչ նուազ յաջողութեամբ երեւան բերաւ Բագրատի դերին մէջ դրական իմաստասիրութեամբ ախտավարակ սերունդի մը չոր ու ցամաք սիրտը. տարիքնուն առած ծերացած տղաքներ՝ որոնք բանաստեղծութեան սփոփանքէն ու վայելքէն իսպառ հրաժարած են. մռայլամած մարդիկ որ շարունակ տրտմութեան քօղ մը կը նետեն մարդկութեան երեսին վրայ։

Պ. Ազեան՝ Սաղաթէլի տարապայման կերպով դժուարին դերին, Ոսկանեան՝ Օթարեանի, Տիկին Պուրժալեան՝ mondaine [3] աղջկան, Տիկին Զապէլ՝ աւազակ էրկան մը ձեռք ինկած նկուն եւ ջերմեռանդ կնկան մը դերերնուն մէջ ճշմարիտ արուեստագէտներ հանդիսացան։ Բիէսը այնպիսի մաէսթրոյով մը ներկայացաւ որ անպատմելի հմայք մը գործեցբոլոր սրահին վրայ։ Ադամեանի մահուընէն ի վեր Պոլիս ասանկ արուեստական ներկայացում տեսած չէր. ֆրանսական մեծ tournee [4] ներու ներկայացումներն անգամ այս տպաւորութիւնը չկրցան ձգել, այն պատճառավ որ անոնց մէջ մէկ-երկու առաջնակարգ դերասանի շուրջը բոլորուած են անհաւասար ու աններդաշնակ կարողութիւններ. իսկ հոս բոլորը ներդաշնակապէս կցուած, հաւանականաբար, երկար արուեստակցութեամբ մը միեւնոյն զարգացումը ու ըմբռնումը ստացած են։ Այս խումբը, հակառակ պայմանադրական կանոններու, ռէքլամներ չըրաւ թերթերուն մէջ, իր ծանուցումը այս ներկայացումը եղաւ եւ ասկէ աւելի շքեղը ու հզօրը չէր կրնար ըլլալ։ Առանց վերապահութեան կրնամ յայտարարել որ այս տռամադիկ խումբը Հայոց գեղարուեստական փառքն է։ Ցաւեցայ միայն որ Ռուսահայերը թատերական ասպարէզին վրայ ալ գերազանցութիւնը խլեցին մեր ձեռքէն, անիրաւնե՜րը։ Այս խումբին յաջողութեան մէկ մեծ բաժինը կը վերաբերի տրուած բիէսին ինքնին հոյակապ գրուածք մը ըլլալուն, անոր համար վերջին կեցցէներուն մէջ Շիրվանզատէի անունը կցեցի իր դերակատարներուն անունին։ Երկուշաբթի գիշեր խումբը Շիլլէռի Աւազակները պիտի ներկայացնէ, կ’րեւայ թէ սէռին աւազակներու յատկացուցած է. Պուրժուաներու աւազակներէն վերջը՝ Շիլլէռինները։



[1]            երկխօսութիւն

[2]            դիմախաղ

[3]            աշխարհիկ կին

[4]            շրջագայութիւն