Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԸ.
ՑԱՒԵՐ, ԴԱՐՄԱՆՆԵՐ

Ֆրանսացի հռետոր մը տեսնելով օր մը զիրար չի հասկնալէ յառաջ եկած պառակտումը իր ազգակիցներուն՝ կ’ըսէր անոնց.

- Պարոննե՛ր, նախ ճշդենք այն կէտերը, որոնց վրայ համաձայն ենք եւ սա միւս կէտերը՝ որոնց վրայ համամիտ ըլլալէ կը դադրինք. պիտի տեսնէք իսկոյն՝ որ համաձայնութեան նիւթերը անհամեմատ կերպով բազմաթիւ են միւսներէն. ինչո՞ւ ուրեմն ատոնց վրայ գոնէ իրարու ձեռք չի կարկառել։

Որչա՜փ պատշաճութեամբ այս խօսքերը մենք Հայերս ալ կրնանք կրկնել։

Անցած ուրբաթ օր Ազգային Ժողովի մէջ խօսելով կ’ըսէի որ բոլոր երեսփոխաններուն ազգասիրութեանը վրայ չեմ տարակուսիր։ Համոզուած եմ ո՛չ միայն երեսփոխաններուն ազգասիրութեանը, այլ առ հասարակ բոլոր Հայերուն։ Հարուստ թէ աղքատ, մշակուած միտք կամ անուս. վաճառական կամ գրչի մարդ, պատուաւոր կամ սրիկայ, իր ազգը կը սիրէ բայց… իր ազգակիցը կ’ատէ։

Ասիկա փարատօքսալ երեւոյթ մըն է հայերուն միայն յատուկ։

Տեսէ՛ք զզուելի պայքարը որ երկու ամիսէ ի վեր Պոլսոյ Հայերուն մէջ կը տիրէ։ Տեսէ՛ք մինչեւ ո՛ւր կը տանի. մինչեւ ո՛ւր կ’իջեցնէ զմեզ ատելութեան ոգին. միչեւ մեր յեղափոխական գործունէութիւնը անուանարկելու ստորութիւնը. անգիտական ստորնութիւն մը թերեւս։ Երբոր մեր Թուրք հայրենակիցները կը պատուեն քսան տարուան արիւնաթաւ զոհաբերութիւնը հայ յեղափոխականներու, Հայեր, եւ ափսո՜ս միայն Հայեր գտնուեցան, ու գուցէ պիտի գտնուին այսուհետեւ ալ, զայն վարկաբեկելու, արհամարհելու համար։

Պէտք չէ սակայն կանգ առնել այս գարշանքին քովը։ Պոլսոյ հայութեան մակարդակը չէ ան ապահովապէս։ Ազգային Ժողովին ուրբաթ օրուան նիստը հաստատեց այս ճշմարտությունը։ Այն ծափերը, որոնցմով ողջունեցան Վռամշապուհ էֆէնտիին խօսքերը, ծանրաբեռնուած հանրային խղճմտանքի վրայ թեթեւացում մը բերին։ Երեսփոխանները, կղերական թէ աշխարհական, առանց վերապահութեան՝ Հայ յեղափոխականներուն հանդէպ արդար յարգանքի ցոյցի մը մէջ միաբանւեցան։

* * *

Դժուա՞ր է արդեօք համաձայնութեան նիւթերը գտնել, անոր գլխաւոր գիծերը ճշդել։ Իս կարծիքովս անկարելի է չի միաբանիլ այն պայմաններու մասին, որ հայ տարրի գործունէութեան ասպարէզը կ’որոշեն Օսմանեան հայրենիքին մէջ։

Մենք քաղաքականութեան հետեւելէ աւելի՝ հիմա տնտեսական վերականգնումի մը հետամտելու հաստատամտութեամբ յառաջ վարելու ենք զայն։ Ի՜նչ արդիւնաւոր կռուան համաձայնելու համար։ Ո՞րն է այն Հայը, որ անոր դէմ պիտի ելլէ։

Փճացած հայ գիւղացիին, արհեստաւորին, վաճառականին վերականգնումին գործը ամենէն ազգաշէն եւ այս մօմէնթին ինչպէս կ’ըսեն Ռուսահայերը, ամենէն պարտադրիչ գործն է։

Միաբանինք ուրեմն ասոր շուրջը. կազմակերպուինք՝ զայն յաջողութեամբ վարելու համար։ Սահմադրութեան հռչակման վրայ Պոլիս վերադարձիս յաջորդ օրն իսկ, այդ տրամադրութիւնը, այդ հասկացողութիւնը Պոլսոյ հայութեան մէջ տիրապետող էր։ Սահմանադրական Հայ Ակումբ մը հիմնելու գաղափարը, զոր իրականացնելու համար իմ կարողութեանս չափով աշխատեցայ, առանց սակայն յաջողելու, ատոր ամենէն բացայայտ նշանն էր։ Քանի մը օր վերջը Սահմանադրական Հայ Մարմնին կազմութիւնը, աւելի փօլիթիքի ձգտող, նորէն այդ գաղափարը իր մէջ կը պարունակէր։

Այդ ժողովներուն մասնակիցները գիտեն թէ ո՛րքան մաքառեցայ զայն տեւական դարձնելու համար։ Առաջարկութիւնս ընդունուեցաւ, բայց ո՛չ ոք զայն իրականացնելու ջանք մը ըրաւ։

Եւ սակայն Սահմանադրական Մարմինը այնպիսի կազմակերպութիւն մը ունէր որ արդարեւ Պոլսոյ եւ քիչ մըն ալ գաւառներու Հայութեան հեղինակաւոր ներկայացուցիչը պիտի ըլլար. ո՛չ մէկ դասակարջ կարվտարուած. իսկ Պոլսոյ Հայութիւնը տիրող էր հոն։ Ազգին բոլոր իղձերը ու դիրքերը հոն պիտի քննուէին նախ, հետեւուելիք ուղղութիւնը հոն պիտի ճշդուէր։ Միեւնոյն առթիւ, ամեն դասակարգի հայերուն իրարու քով, իրարու մօտ աշխատելուն իբրեւ հետեւանք, մասով մը գոնէ, պիտի պակասէին այն հակառակութիւնները որոնք շատ անգամ զիրեր չի ճանչնալէ կը ծագին քան թէ հիմնական տարբերութիւններէ։

Այն պզտիկ փորձն անգամ զոր փորձեցինք որքա՜ն արդիւնաւոր եղաւ։ Յեղափոխական կազմակերպութիւնները միթէ անմիջապէս չի բոլորուեցա՞ն քաղաքական ծրագրի մը շուրջը, որ իր բոլոր հիմնական գիծերուն մէջ՝ Պոլսոյ Հայութեան ծրագիրն էր եւ ոչ աւելի։ Գործն անաւատ մնաց, ինչպէս սովորութիւն է մեր մէջ. ո՛չ մէկ հեղինակաւոր Մարմին՝ որ ցունէ այն ճամբան՝ որուն պէտք է միաբանութեամբ հետեւինք։ Չէ՞ մի որ այսօր ամեն Հայ անհատ իր խելքին հասածին չափ, իր սեպհական ոյժերովը, նոյնպէս ամեն կուսակցութիւնները իրենց մասնաւոր ուղղութեամբը կը քալեն։ Չէ՞ք կարծեր որ Օսմանեան հայ երեսփոխանները կառավարութեան մօտ եւ պաշտօնակիցներու մօտ աւելի կորովով, աւելի արդիւնաւորութեամբ կրնան աշխատիլ. եթէ զգան իրենց ետին միաբանած կամքը եւ քաջալերութիւնը բոլոր Հայութեան։ Ինչո՞ւ ուրեմն յապաղեցնել հաստատութիւնը ասանկ քաղաքական ակումբի մը՝ որուն համար դրամական պէտքն իսկապէս խիստ չնչին բան մըն է։ Մէկ օրուան, մէկ վայրկեանի յապաղումն անգամ անդարմանելի կորուստ մըն է մեզի քանի որ անդին միւս բոլոր ազգութիւնները իրենց ակումբներովը զօրացած, միաբանած՝ կը վարեն իրենց շահերը։

* * *

Տնտեսական վերականգնում ըսի. ահաւասիկ ինչպէս կ’ըմբռնեմ զայն։

Հայ գիւղացին, մանաւանդ Հայաստանի մէջ, նիւթական քայքայումին յետին եզրը հասած է. հողային հարցին գոհացուցիչ լուծումովը պէտք է շունչ առնել տալ այդ ոգեսպառ տարրին։

Հայ արհեստաւորը, էսնաֆը, ո՛չ նուազ փճացած է, թէեւ իր թշուառութիւնը գիւղացւոյն չի հաւասարի դեռ։ Հայ արհեստաւորը ամենէն օգտաջան դասակարգը կը կազմէ այս երկրին մէջ. իր կործանման պատճառները գլխաւորը արհեստներու մէջ մտցուած գիտական ոգիին անհաղորդ մնալն է. այդ ոգին Եւրոպայէն պէտք է առնել։ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ ուրիշ երկրներու մէջ երկու տարուան դասընթացքներ կան։ Technicumներ, արհուեստական յատուկ վարժարաններ։ Բացի ասկէ, գործարաններն ալ մէյմէկ վարժարան են արհեստի։ Հարկ է մեծ թիւվ ուսանողներ խրկել այդ գործնական դպրոցներուն եւ մեծ թիւով գորաւորներ ընդունիլ տալ եվրոպական Իւզիներու մէջ։ Ջանանք տասը տարուան շրջանի մը մէջ, եթէ կարելի է, ուսած երիտասարդ արհեստաւորներ ունենալ. եւ պիտի տեսնէք թէ ի՛նչ զարկ պիտի ստանայ էսնաֆութիւնը հայերուն համար։ Մինչեւ որ Թուքիոյ միւս ազգերը փութան մեր ուղղութեան հետեւելու, ամենամեծ նիւթական առաւելութիւնը ձեռք անցուցած պիտի ըլլանք, ճիշդ ինչպէս ասկէ արիւր, նոյն իսկ յիսուն տարի առաջ ունէինք։

Բժիշկ ու փաստաբան ըլլալու համար Եւրոպա ուսանող խրկելու տեղ, քիչ մը ատեն գիտնական արհեստաւորներ ունենալու համար ուսանող խրկենք եւ հաւատացէք՝ որ այդ կարգի արհեստաւոր մը բժիշկէ եւ փաստաբաէ նուազ դրամ չպիտի շահի, սա առաւելութեամբ՝ որ իր արհեստովը գործ պիտի հայթայթէ իր ազգակիցներուն եւ արհեստի դպրոց մը պիտի ըլլայ իր խանութը։

Հայ վաճառականին վիճակը հարկաւ բաղդատութեան չի կրնար դուիլ գիւղացւոյն, երհեստաւորին հետ, բայց ամեն ոք գիտէ՝ որ Հայ վաճառականութեան օրերը անցած են այլեւս. կրնա՞ն միթէ վերադառնալ։ Այ՛, եթէ հոն ալ ներմուծենք գիտնական միտքը. առեւտուրը ուսում մըն է. հարկաւ փորձառութիւնը իր արժէքը ունի անոր մէջ՝ ինչպէս ամեն տեղ. բայց փորձառութիւնը ամեն բան չէ. մեր վաճառականները գիտնականօրէն վաճառականութիւն չեն ըներ. հոն խանութներու empirique [1] հնարքներու տուած են մտքերնին. այդ հնարքները անօթի մնալը կ’ապահովեն, բայց հարստանալու չեն բաւեր այսուհետեւ։

Գերմանական, աւստրիական վաճառականներուն քով՝ որոնք հետզհետէ լեցուելու վրայ են այս երկրի մէջ, մրցման եւ յաջողութեան միակ պայմանը նորէն գիտնական մտքի ներմուծումն է։ Վաճառականութիւնը եւ ֆինանսական գիտութիւնները պէտք է սորվիլ յատուկ դպրոցներու մէջ. պէտք է տեսել Եւրոպան, եւրոպական կարգերն ու կանոնները վարկի միջոցներէն, ռէքլամի ճարտարութիւններէն օգտուիլ՝ մէկ բառով հնութիւնը թօթափել։

* * *

Դեռ ինչե՜ր կան ըսուելիք, գործուելիք։ Կարգով, ու թէ որ կարելի է շնորհքվ սկսինք։ Չեմ ըսեր որ դիւրին ձեռնարկութիւններ են ասոնք. Կը պնդեմ ատոնց ո՛չ մին անգործադրելի է, եթէ… եթէ միաբանինք քիչ մը։ Եւ միաբանելու համար գիտէ՞ք ինչ պէտք է։ Ոչ շատ մեծ բաներ. քիչ մը ներողամիտ ու թոյլատու ոգի ու քիչ մը ալ բարեկրթութիւն։ Մի՛ զարմանաք եթէ բարեկրթութիւնը անհրաժեշտ պէտք մը համարիմ մեզի։ Ամչնալով խոստովանելու ենք՝ որ մեզի չափ անբարեկիրթ ազգ մը չի գտնուիր աշխարհիս երեսին վրայ։ Տեսէք մեր Թուրք հայրենակիցները. տեսէք մեր Յոյն հայրենակիցները. կարելի չէ՞ միթէ գոնէ ատոնցմէ օրինակ ու դաս առնել։

Դիւրին չէ գուշակ մը ըլլալ, այս Կայսրութեա ապագան այժմէն գիտնալ. այսուհետեւ կառավարական արգելքներ չի կան մեզի դէմ։ Հարկաւ ասոր անոր մտքին մէջ քրիստոնեայ տարրերու դէմ տարակոյսներ, երկմտութիւններ կա ու կը մնան. դիւրին չէ այդ ամենքը. կատարեալ հաւասարութիւնն ու կատարեալ եղբայրսիրութիւնը մէկ օրուան մէջ ձեռք չի բերւիր. բայց հիմակուան կացութիւննիս կը բաւէ տնտեսական վերականգն ումնիս ձեռք բերելու։

Հայերուն այնքան հռչակուած խելացիութիւնը նշանակութենէ զուրկ բան մըն է, եթէ այս ակներեւ ճշմարտութիւնները չըմբռնենք։



[1]            փորձառական, փորձապաշտ