Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՌԱ՛Ւ

Արեւելքի տարեգրութեանց է՛ն մեծ եղելութեան եւ է՛ն մեծ թուականին առջեւ ենք։

Սուգ մը չէ այս մահը. աւելի մեծ բան մը որ անուն չունի ծերունի եւ դողդոջուն Արեւելքի վերջին մարող լոյսը։

Եղերական չէ այս կորուստը. այնքան փառահեղ է. արցունքի, լացի, կոծի չի կարօտիր. ապշութիւն ու հիացում կը պատուիրէ. լացի, կոծի չի կարօտիր. ապշութիւն ու հիացում կը պատուիրէ. սեւերու մէջ չի պլլուիր. վասն զի Շիրազի վարդերով ծածկուած է։

Երեք կանգուն հո՞ղ. երբե՛ք. այլ ամբողջ կայսրութեան մը չափ մեծ գերեզման մը. ալեզարդ Պարսկաստանը իր ծոցին մէջ պահելով տաքցնելով այն կտրիճին մարմինը։

* * *

Արկածախնդիր զինուորն է ան. Հին ատենները իր հաշւոյն երկիրներու պիտի տիրանար. Կայսրութիւն մը պիտի հիմնէր։ Քսաներորդ դարուն մէջ՝ գաղափար մը տարածելու համար կը մեռնի ան։ Բաղդը կը գգուէ, կը շոյէ անոր երազը. յաջողութիւններու երկար շարք մը իր իղձերը կը պսակէ եւ իր անունը Արեւելքէն մինչեւ Արեւմուտք կը տանի կը հասցնէ։

Եւ զյաղթութիւն լծեալ ի կառս իմ գերի։

Ի Հայաստան զուարթաճեմ բերէի։

Ամեն բան իր լրումն ունի. փառքն ալ. Եփրեմ իր փառքի լրումին մէջ կը մեռնի։

 

* * *

Ո՞ւր էք, կախաղան բարձրացած, բանտերուն խորքերը մեռած, կռուի մէջ ինկած Դաշնակցականնե՛ր, յեղափոխականնե՛ր։ Եփրեմ ձեր մօտն է ահաւասիկ, ձեզի պէս՝ յանուն մեր ցեղին իր Պարտքը եւ Աւելին հատուցանելէ ետքը Մարդկութեան, անմիտ ու ապերախտ Մարդկութեան։

Այո՛, յանուն մեր ցեղին որ իր տառապանքին մէջ միջոց կը գտնէ ուրիշներու հետ միասին տառապելու. որ ինքը ողորմելի՝ ուրիշներու հետ միասին տառապելու. որ ինքը ողորմելի՝ ուրիշներուն կ’ողորմի. որ անձնուրացութեան, կտրիճութեան եւ ազնուութեան գիտցուած սահմանները կ’ընդլայնէ՝ նոր առաքինութիւններ ստեղծելու աստիճան։

Եփրեմի փառքը անոնցմէ է որ չեն կրնար գերազանցուիլ։