Ուսումնասիրութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՄՈՒԷԼ ՄՈՒՐԱՏԻ ԿՏԱԿՆ ՈՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԷՆՔԻ ԱՌՋԵՒ

Ա.

Մուրատեան վարժարանի խնդիրը այն խնդիրներէն չէ որ ժամանակ անցնելով կը մոռցուին. պատմութիւնը սերունդէ սերունդ պիտի կտակէ զայն ամեն խղճի տէր մարդոց։

Մեզմէ վերջը չի պիտի հաւատան որ հայ հասարակութիւնը իր ամենէն անժխտելի իրաւունքները պահպանելու համար ամենափոքրիկ ջանք մ’անգամ ըրած չէ։

Պատճառը ուրիշ բան չէ բայց եթէ այն յարգանքն ու համակրանքը զոր ունինք Մխիթարեան Միաբանութեան համար։

Վենետիկի վանքը սովորական մենակեացներու հաստատութիւն մը չէ. մեր լուսաւորութեան գործին գլխաւոր վառարանն եղած է Ադրիականի այդ կղզեակը եւ դժնդակ ու անհանդուրժելի տեսարան մը պիտի ըլլայ այն որուն մէջ հայ հասարակութիւնը դատախազ եւ Մխիթարեան Միաբանութիւնը ամբաստանեալ պիտի ներկայանան դատարանի մը առջեւ։

Պէտք է խորհիլ նաեւ թէ Մխիթարեանց դատապարտութիւնն նոյն իսկ ազգին դատապարտութիւնը ըսել չէ՞ միթէ. կրթական ու կրօնական կրկին նուիրագործումով սրբացած այս մարդոց ալ, բարոյական թերութիւնները, տկարութիւնները հռչակելով՝ մեր ազգին յատկանիշ եղող դժբաղդութիւնները աշխարհի ծանօթացուցած չե՞նք ըլլար արդեօք։

Ահա այս կարգի նկատողութիւններ են որ արգիլած են հայ հասարակութիւնը Մխիթարեանց դէմ դատական ձեռնարկ մը ընելէ. յետոյ, գաղտնի յոյս մը, ժամանակ անցնելով Մխիթարեանց մէջ աւելի արդարախոհ ոգիի մը, պարտականութիւններու ուղիղ ըմբռնումի մը վերադարձի յոյսն, բոլորովին չէր լքած մեր հասարակութիւնը։

Բայց այս բարեացակամ տրամադրութեանց, այս դժբաղդաբար անհիմն եղող լոյսերուն մէջ յամառելով մեր հասարակութիւնը՝ ծաղրելի դառնալու վտանգին ենթակայ է. եւ Մխիթարեանց մէջ՝ այս երկարատեւ լռութիւնը՝ մեր իրաւանց անստոյգ ու երկբայելի ըլլալուն վերագրուած է միշտ։

Յիշելու ենք նաեւ որ պարտաւորութիւն մը ունիք ազգին բարերարին հանդէպ. Մուրատեան վարժարանին վերահաստատութիւնը՝ բռնադատիչ միջոցներով եւ ի հարկին արժանաւորագոյն խնամակալներու ձեռքով, երախտագիտական տապանաքար մը պիտի ըլլայ Սամուէլ-Մուրատի գերեզմանին վրայ, իբրեւ անոր վերջին կամքին իրագործումը։

Այս կտակի գործադրութեան եղանակը Մխիթարեան Միաբանութիւնը սովորական մահկանացուներու պէս չըմբռներ բնաւ։

Նախ վարժարան մը կը հաստատէ Բարիզի մէջ, շատ չանցած ի վաճառ հանելու համար. իբրեւ թէ վարժարանի շէնքին վրայ կալուածական շահադիտութիւն մը ըլլար Սամուէլ-Մուրատի գերագոյն կամքը. յետոյ Իտալեան հողերու անվերջանալի առուծախի մը մէջ ի հանդէս կը բերէ իր առեւտրական ճարտարութիւնը։

Հիմա, ի շնորհս Մուրատեան կտակին, Մխիթարեան միաբանութիւնը Իտալիոյ ամենէն հարուստ ագարակատէրներէն մին է. գդակը գլուխը ու ձեռքը գրպանը դրած, հերկելով, ցանելով, մանաւանդ թէ հնձելով ու քաղելով շարունակ, արօրի ու մանգաղի մէջ բաժնուած հիւանդագին ու տագնապեալ գործունէութիւն մը. ահա ինչ կերպով Վենետիկի Ս. Հարք ըմբռնած են բարերարին իրենց պարկեշտութեան վստահած մշակութեան գործը։

Այս՝ այն Միաբանութիւնն է որ երկար տարիներ հայ հասարակութեան մտաւոր զարգացման անուրանալի առաջնորդն, հայ դպրութեան մէկ հատիկ ռահվիրան ըլլալէ վերջը, չէ գիտցած, չէ կրցած ժամանակի հետ յառաջադիմել, որոյ դուն ուրեք անունը կը լսուի ա՛լ բարձրագոյն գիտութեանց ու դպրութեանց վաստակաւորներուն մէջ ուր յետախաղաց վերջապահի մը դերը ստանձնած է, որ գլուխ ըլլալէ դադրած է ստամոքս դառնալու համար։

Բ.

Քանի որ Սամուէլ-Մուրատի կտակի վրայ է խնդիրը անհրաժեշտ որ նոյն իսկ անոր պատճէնը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն.

«Ես իմ հաշուագրքումն մին որբոց աղքատաց եւ տնանկաց հաշիւ ունեմ. իմ ստացուածքիցն մին հարիւր եւ յիսուն հազար հուն հանեն եւ տանեն նոյն հաշիւն. եւ յետ ասացեալ հարիւր յիսուն հազար հունն ասացեալ հաշիւն տանելէն, զոր ինչ որ ասացեալ հաշուումն տալիքս գումարի՝ ասացեալ գումարի բոլորն թողման ամ Հայոց ազգի որբ եւ աղքատ մանկանց դպրատան շինութեան համար, որ ըստ խորհրդոյ եւ միջնորդութեան Վենետիկի Հայոց միանձնաց՝ որ մի կողմն Եւրոպիոյ որ աջողակ համարեն գետին գնեն, եւ ասացեալ գետնի եկամուտն քանի մանկանց տարեկան ծախուցն որ բաւական առնի, այնքան Հայոց ազգէն որբ եւ աղքատ մանկունք ասացեալ դպրատանն ձրիապէս ուսումն եւ լեզուք ուսանեն եւ դառնան իւրեանց հայրենիքին։

Եւ պարտականութիւն չլինի ասացեալ դպրատանն ուսանողաց վերայ քահանայ լինելոյ. բայց եթէ ոմանք իւրեանց ազատ կամաւն յօժարեսցին քահանայութեան, լինիցին։

Եւ եթէ ոմանք հարուստ անձինք եւս ազգէն Հայոց կամեսցին զմանուկս իւրեանց վերոյասացեալ դպրատանն ուսուցանել, կարողան՝ զծախսն հատուցանելով. քանզի դիտաւորութիւն իմ վասն այս դպրատան շինութեան է աղքատ մանկանց ուսուցանելոյ. այսինքն վասն նոցա որոց հարքն չքաւորք են. վասն չկարելոյ նոցա զծախսն դպրատան հատուցանել՝ զանց առնեն ուսմամբ մանկանց իւրեանց, եւ անմեղ մանկունք այնոքիկ մնան զուրկք ի յամենայն ուսմանց եւ գիտութեանց, եւ որոյ վասն գրեթէ ըստ մեծի մասին անտէրունչ ազգս Հայոց տգէտք են։

Եւ յուսամ յԱստուած, զի ու այլք հարուստ անձինք յազգէս Հայոց՝ յետ ճաշակելոյ զքաղցրութիւն ուսման դպրատանն զորս իմով միջնորդութեամբ սկսանի, եւ նոքա իմոց շաւղացն հետեւեսցէն, եւ այնու կարելի լինիցի սփռել ի մէջ ազգիս, եթէ որ բոլորովին՝ դոնէ ըստ մասին, զլոյս գիտութեան ու իմաստութեան. եւ անտէրունջ ազգս զարթնուցու ի քնոյ թմրութեան եւ անհոգութեան։

Եւ վասն կառուցանելոյ զդպրատունն եւ ի գործ դնելոյ զտարեկան եկամուտ գնեցեալ գետնոցն, եւ յաղագս տեսակաց ուսման ու լեզուաց զորս կանիմ զի ուսանիցին մանկունքն ի յիշեալ դպրատան, եւ վասն որպիսի կարգաւ եւ կանոնիւ առաջացուցանելոյզդպրատունն եւ որպիսի վարելոյ ընդ նա, զկարծիս իմ յատուկ գրեցեալ ներփակեցի ի յայսմ, թողեալ հպատակ ուղղութեան՝ եթէ սղալացեալ լինիցիմ՝ կտակակատարացն իմոց եւ Հարց Մխիթարեանց, որոց միջնորդութեամբ կամիմ զի կառուսցի դպրատունն, զսխալանս կարծեաց եւ կարգաւորութեան իմոյ ուղղել. իսկ եթէ կարծիս ի կարգաւորութիւնն իմ ուղիղ դատեսցեն, այնու ձեւով առաջասցեն։ Եւ այսքան առ այս»։

Այս տողերը կարդալով չեմ կրնար չի հիանալ բարերարին ամեն կրօնական խտրութենէ վեր եղող ազգասիրութեանը վրայ. օրինակելի՜ դաս ուրկէ դար մը ետքը եկած մենք՝ դեռ պէտք ունինք օգտուելու եւ Միաբանութիւնը՝ մեզմէ աւելի։

Պէտք է նաեւ անմիջապէս մեր ընթերցողներուն աչքին առջեւ դնել այն դաշնադրութիւնը որով Միաբանութեան գործակալը, բարեյիշատակ Հ. [այր] Սարգիս Թէոդորեան 26 Մարտ 1827ին կ’ընդունէր կտակը Սամուէլ-Մուրատի ժառանգորդաց ձեռքէն, դաշնադրութիւն որ ապա կը վաւերանայ Միաբանութեան Ընդհ. Աբբայէն եւ բոլոր միաբաններէն 14 Նոյեմբեր 1828ին.

Ահաւասիկ այդ դաշնադրութեան կարեւոր հատուածները.

«Կտակին մէջ բացայայտ կերպով ճշդուած չըլլալով կտակեալ դրամին մեր Միաբանութեան յանձնուիլը, ես՝ այդ Միաբանութեան գործակալը եւ յանուն այդ Միաբանութեան խորհուրդ տուի Սամուէլ-Մուրատի ժառանգորդաց որ վստահելով մեր առ ազգն Հայոց ունեցած սիրոյն, դպրատան բովանդակ դրամն, եւ կառավարութեան, եւ վարժարանին մշտնջենաւոր հաստատութեան, կալուածոց պահպանման վերաբերեալ ամեն հոգը մեր փորձառութեան յանձնեն եւ ես կը խոստանամ յանուն Միաբանութեան կառուցանել, կարգել եւ հաստատել դպրատունն եւ ըստ ամենայնի կատարումն տալ վերջին կամաց հանգուցեալ աղա Սամուէլ Մկրտիչ Մուրատի, եւ ժառանգորդք ալ բոլորովին հաւատ ընծայելով ինծի եւ իրենց բացարձակ իրաւունքն ի գործ դնելով, ամեն ինչ յանձնեցին իմ Միաբանութեանս»։

Քիչ մը անդին.

«Կտակեալ դրամը ամբողջապէս կամ մասամբ ստանալուս հետ անմիջապէս գործադրութեան ձեռնարկել կը խոստանամ»։

Եւ աւելի անդին.

«Դպրատան ամեն կալուածները պիտի գնուին յանուն բարերարին ժառանգորդաց եւ յանուն Միաբանութեան, իբրեւ վարժարանին մշտնջենաւոր կառավարիչն ու խնամակալը, որպէսզի ապագային ոչ ոք կարող չըլլայ կալուածները սեպհականացնել ձեռքէ հանել որ կալուածները եւ ոչ անոնց եկամուտները ո եւ է պատճառաւ եւ ո եւ է ժամանակի մէջ, ոչ հանգուցելոյն ժառանգորդք, ոչ մեր Միաբանութիւնն, ոչ անոր յաջորդք եւ ոչ Ազգն մեր ողջոյն»։

Յետոյ.

«Կը խոստանամ յանուն Միաբանութեան որ ուսանողաց թիւը միշտ եկամուտին չափով պիտի ըլլայ. այսինքն որքան որ եկամուտը թոյլատրէ այնքան մանկունք պիտի ուսանին»։

Ու վերջապէս.

«Այս բոլոր դաշինքով, պայմաններով կտակին գործադրութիւնը, կարգաւորութիւնը, խնամակալութիւնը կալուածոց պահպանութիւնն Մխիթարեան Միաբանութեան ձեռքը պիտի մնայ միշտ այն դաշամբ որ արդարապէս այս պայմաններու համեմատութեամբ վարուի Միաբանութիւնն»։

Այս կրկին ու կրկին հաւաստեաց, այս բացորոշ ու մեկին յանձնառութեանց խոստմանց, պարտաւորութեանց հակառակ Մխիթարեան Միաբանութիւնը հաստատած չէ Մուրատեան վարժարանը։

Իզուր պիտի առարկեն թէ Մուրատեան վարժարանը Ռափայէլեան վարժարանին հետ միացած՝ գոյութիւն ունի, եւ այս միացումը կատարելով Մխիթարեանք՝ իրենց լիազօր խնամակալի իրաւունքով շարժած են։

Եւ ո՞ւր մնաց ձեր խոստումը որուն համեմատ Մուրատեան եկամուտի ամբողջութեան չափ աղքատ աշակերտներ պիտի ընդունէիք վարժարանին մէջ։ Գոնէ այդ երկու վարժարանները միացնելով, աշակերտաց թիւը կրկնապատկեցաւ աւելացա՞ւ երկու կտակներուն եկամուտին համեմատութեամբ. գէթ աւանդուած կրթութեան աստիճանը բարձրացուցի՞ք այդ ողորմելի դպրոցին մէջ։

Եթէ ոչ, միամիտ ու տղայական հնարքէ մը անդին չանցնիր այդ առարկութեան արժէքը։

Ռափայէլեան վարժարանը՝ Մուրատեանէն անկախ եւ անջատ, իր գոյութիւնն ապահովող կրակ մ’ունի եւ այդ ծախքով հոգացուող վարժարանին անուան վրայ Սամուէլ-Մուրատի անունն աւելցուելով, չարաչար կերպով եղծեցիք նոյն իսկ աղա Եդուարդ Ռափայէլի դէմ ունեցած պարտաւորութիւննիդ, այդ բարերարին մարդասիրական գործին մէջ, յետ մահուան բռնի ընկեր մը տալով իրեն որուն պէտք չունէր բնաւ։

Ռափայէլեան դպրոցը առաջուց ի վեր 40-50 աշակերտէ աւելի չէր հիւրընկալեր եւ այս թիւը չէ աւելցած։

Դպրոցին ուսումնական ողբալի վիճակը, ծրագրին նախնական ու մանկական հանգամանքը նոյնպէս անփոփոխ մնացած են մինչեւ ցարդ։

Ներելի՞ է արդեօք հարցնել Մխիթարեանց թէ ամեն տարի ո՞ւր կը վատնեն Մուրատեան կալուածոց եկամուտները. եւ ի՞նչ պատճառ կար Սամուէլ Մուրատի անունն աւելցնելու այն վարժարանին անուան վրայ, որու սեմէն Սամուէլ-Մուրատի կտակած եկամուտը երբեք ներս չէ մտած։

Եթէ Մուրատեան դրամները վայելողներն պարտին այդ անուամբ յաջորջուիլ ու ճանչցուիլ, Մխիթարեան Միաբանութիւնը շատոնց իր անունը պէտք էր փոխել, եւ այդ պայմանով չի պիտի վրդովէինք իր արդար ու բարի վայելումը։

Բայց պէտք է վեր առնեն պատրուակը, ջնջեն Ռափայէլեան վարժարանի ճակատէն Սամուէլ-Մուրատի անունը, որ այդ galére [1] ին մէջ գործ չունի, եւ Մուրատեան կտակը Վանքին ստացուածքը յայտարարելու քաջութիւնն ունենան։

Եւ եթէ վաղը նոր պարզամիտ մը, շլացած Մխիթարեաններու անունէն, նոր հաստատութիւն մը յանձնէր իրենց միեւնոյն պայմաններով, Միաբանութիւնը ի՞նչպէս պիտի գործադրէր իր պարտաւորութիւնը. այդ մարդուն անո՞ւնն ալ պիտի աւելցնէ պարզապէս Ռափայէլեան վարժարանին անունին վրայ ու կտակը գործադրա՞ծ պիտի հռչակէ նորէն. եւ այսպէս շարունակելով, ազգին բարերարները՝ որոնք ՀԱՒԱՏ ընծայած պիտի ըլլային Միաբանութեան, (26 Մարտ 1827ի դաշնագրին բառերով), պիտի գային հետզհետէ, իրենց հարստութիւնները Վանքին, եւ անունները՝ Ռափայէլեան վարժարանին շէնքին վրայ զետեղելու, այնպէս որ վարժարանին ճակատը տեսակ մը Քաւարան ըլլար կամ Արքայութիւն ուր ազգին բարերարները միանալու եւ զիրար գտնելու ժամադիր եղած պիտի ըլլային առաջուց։

Գ.

Օրէնքին տեսակետով մեր յաջորդաբար քննելիք խնդիրներն են. ա. Այս արդար տեսնելու եւ վճռելու ձեռնահաս ատենն ո՞րն է. բ. Ո՞վ պէտք է դատախազ կանգնի Մխիթարեանց դէմ. գ. Ի՞նչ պիտի պահանջուի դատական իշխանութենէն դ. Ի՞նչ վճիռ կ’ակնկալուի։

ա. Ձեռնահաս ատեան ճշդել՝ ամեն դատական ձեռնարկի առաջին անհրաժեշտ պայմանն է։

Կտակը ինքնին Անգլիական հպատակի մը կտակն է, Անգլիական օրինաց ենթակայ. Անգլիական դատական Ատեանը մը ձեռնահաս է վճիռ արձակելու մր պահանջին վրայ, բայց որովհետեւ պէտք է այժմէն ի հաշիւ առնուլ Միաբանութեան ամեն խուսափողական հնարքները, հաւանական պէտք է նկատել որ Մխիթարեանք անգլիական Ատենին իրաւասութիւնը մերժեն եւ այս պարագային մէջ, որովհետեւ անգլիական արդարութիւնը իր վճիռը չի պիտի կրնայ գործադրել Միաբանութեան դէմ որ իր հողին վրայ հաստատուած չէ, Ատեանը ակամայ ինքզինքը անձեռահաս պիտի ճանչնայ։

Միաբանութեան՝ Բրիտանական Ատեաններէն խուսափիլը այնքան աւելի հաւանական է որքան այդ Ատեաններուն առջեւ դատապարտուիլն ստոյգ ու բացահայտ է։

Անգլիոյ դատական մարմինը կատակ չըներ իրենց պարտականութեանց մէջ այսքան երկար թերացող խնամակալներու հետ ու չի պիտի վարանի անարժան հռչակել զանոնք Սամուէլ-Մուրատի կտակած հարստութիւնը մարտակարարելու այսուհետեւ։

Հոն՝ ժողովրդական դատախազութեան եղանակն ընդունելի է եւ ամեն ոք աներկբայ պիտի կարենայ դատախազ կանգնիլ Միաբանութեան դէմ։

Մեր այս բոլոր յաջողութեան պայմաններուն դէմ Միաբանութեան թաքթիքը պիտի ըլլայ չի ներկայանալ անգլիական արդարութեան առջեւ, երեսը պահել այն արդարութենէն որու շնորհիւ ձեռք անցուց Հնդկաստանի մէջ Մուրատեան կտակին դրամները։

Բարոյախօսները պիտի այպանեն այս փախստական անձնապաշտպանութիւնը բայց Միաբանութիւնը, ամեն բանէ առաջ, իր մեծագումար շահերը չի վտանգելու պիտի նայի։

Ուրեմն Անգլիական Ատեաններու դիմելու տեղի չի կայ։

Միաբանութիւնը՝ թէեւ Իտալիոյ մէջ հաստատուած բայց Օսմանեան հպատակ է եւ ըստ այնմ ենթակայ Օսմանեան դատարաններու իրաւասութեան։ Քանիցս վճռվուած է թէ Օսմ. հպատակի մի օտար երկիրներու մէջ հաստատուիլը՝ զինքը Օսմ. դատարանաց իրաւասութենէն զերծ չի կացուցաներ (տես վճռաբեկ Ատենի վճիռն Զօղրաֆօս էֆ. ի ի դէմ հաստատեալ ի Բարիզ)։

Ուրեմն Օսմանեան դատարանք Սամուէլ-Մուրատի կտակի խնդիրն վճռելու ձեռնհաս են ոչ միայն պաշտպանող այլեւ պահանջող կողմին հպատակութեան տեսակէտով, քանի որ հայ հասարակութեան մեծամասնութիւնը, որ իրաւունք ունի օգտուելու այդ կտակէն, Օսմ. հպատակ է եւ Թուրքիոյ մէջ հաստատեալ։

Վախնալու կէտը այն է միայն որ Օսմանեան կալուածական օրինաց համաձայն, Միաբանութեան կալուածները անհատական անուններով արձանագրուած են անշուշտ եւ դատարանէն տրուելիք վճռոյն գործադրութիւնն՝ որ միայն Միաբանութեան Թուրքիոյ մէջ ստացուածքը եղող կալուածներուն վրայ պիտի ըլլայ, դժուարւթեանց կրնայ բաղխիլ։

Ասկէ զատ հաւանական է որ դատաւարութեան մէջ իրենց թեւ ու թիկունքին խորտակուիլը տեսնելով, Մխիթարեանք՝ բոլոր կալուածները վաճառեն, ու Թուրքիայէն հեռանան, ինչ որ անգամ մը յաջողեցաւ իրենց երբ Ֆրանսիայի մէջ դատի ենթարկեալ էին արդէն։

Այս հաւանական փախստական առաջքն առնելու համար, երբ Օսմանեան դատարանաց առջեւ դատական սկզբնաւորութիւն մը ըլլակ, հարկ է որ Մխիթարեանց կալուածքները անմիջապէս արգելքի տակ առնուին։

Այս պայմանով, Օսմ. դատարանք (Շէրիի անշուշտ) ձեռնահաս կերպով կրնան վճռել կտակարաններուն պարտաւորութեանց եւ մեր պահանջին իրաւացի ըլլալուն կամ չըլլալուն վրայ մինչ քաղաքային (Հուգուգի) դատարանք Մխիթարեան կալուածոց արգելքի վաւերացումը պիտի վճռեն։

Օսմանեան դատարաններէն ի զատ Իտալական Ատեաններէն ալ ձեռնհաս են Մխիթարեանց դէմ յարուցուած դատերն վճռելու. Միաբանութիւնը Իտալիոյ հողին վրայ բնակեալ է եւ ենթակայ իտալեան արդարութեան վճիռներուն, թէեւ ինքնին իտալեան հպատակ չըլլայ։

Իտալեան արդարութիւնը տարբերութիւն չի դնէր իր հպատակներուն եւ օտար հպատակներու քաղաքային իրաւանց մէջ, կը բաւէ որ պաշտպանուող կողմն Իտալօոյ հողին վրայ բնակի։

Ուստի թէ՛ այս պատճառաւ եւ թէ՛ Մուրատեան կալուածոց Իտալիոյ մէջ գտնուելուն համար, Իտալեան դատարանաց ձեռնահասութիւնն անժխտելի, եւ տրուելիք վճիռներուն գործադրութիւնն ամեն դժուրութիւններէ զերծ կը նկատենք։

Այս ամեն խորհրդածութիւններէն կ’եզրակացնենք թէ՛ Օսմանեան եւ թէ՛ Իտալեան դատարաց ձեռնհասութիւնն այս դատին մէջ. եւ մեր կարծիքն այն է թէ երկու դատարանաց առջեւ միանգամայն պէտք է հրաւիրել Միաբանութիւնը իր խնամակալի պաշտօնին ըմբռնումը մեզի բացատրուելու։

Պէտք չէ կարծել որ այս կրկին դատերը երկու տարբեր դատարաններու առջեւ զիրար կախակայեն (litispendence)։

Շէրիի դատարանը օտար դատարանի մը ձեռնհասութեան հաւանականութիւնը չընդունիր եւ պիտի շարունակէ իր առջեւ յարուցուած դատը, ինչպէս Իտալական դատարանն ալ իր կողմէ պիտի շարունակէ իրեն ներկայացուած դատին քննութիւնը, վասն զի նախ՝ երկու օտար երկիրներու դատարանաց մէջ չի կրնար litispendence գոյանալ եւ երկրորդ՝ որ Թուրքիոյ եւ Իտալիոյ դատարանաց առջեւ ներկայացուելիք դատերն պիտի տարբերին իրարմէ։

բ. Ո՞վ պիտի դատախազ կանգնի Վենետիկցւոց դէմ. հայ անհա՞տ մը. հայ հասարակութիւնը Թուրքիոյ թէ Ռուսաբնակ հայերն ալ մէկտեղ. եւ եթէ հասարակութիւնն է որ պիտի շարժի, Տաճկահայոց համար Վարչութի՞ւնն է եւ Ռուսահայոց համար Ամենայն Հայոց Կաթողիկո՞սն է որ պիտի պահանջեն դատարանի առջեւ։

Այս զանազան հարցումներուն պատասխանելով դատավարական եղանակն ճշդած պիտի ըլլանք ահա։

Շէրիի դատարանաց առջեւ ասոնցմէ եւ ոչ մին է դատախազը. այլ այն խնամակալը զոր պիտի անուանէ դատաւորը ինք, յատկապէս Միաբանութիւնը ի դատ հրաւիրելու համար։ Շէրիի կանոնաց համաձայն խնամակալներու մատակարարութեան առթիւ բացուելիք դատերն, դատարանին կողմէն նշանակեալ յատուկ խնամակալին կողմէ կը ներկայացուին. եւ այդ նոր խնամակալն վասի լիէճյիալ խուումէ (curateur ad hoc [2] է որ բուն խնամակալին, վասիի մուխթարին դէմ կը դատավարէ եւ անոնց պաշտօնանկութիւնը կը պահանջէ։

Դատավարութեան համար յատուկ խնամակալի կարգումը տեղի կ’ունենայ դատաւորին տրուած տեղեկութեանց իխպար վրայ։

Ուրեմն Շէրիի առջեւ դատաւորին որոշած անձն է օրինաւոր դատախազը։

Իտալեան դատարանաց առջեւ խնդիրը կը տարբերի եւ իրաւաբանական նրբութիւններով միայն կարելի կ’ըլլայ ճշդել թէ իրօք ո՞րի կը պատկանի այդ հանգամանքը։

Յայտնի է որ անհատի մը կողմէ յանուն հասարակութեան դատավարելու եղանակն՝ այն զօր Հռովմէական օրէնքը կ’անուանէ action populi, Իտալական արդի օրէնսդրութեան չի պատշաճիր անշուշտ. կրնա՞յ ըսուիլ թէ վերցած է բոլորովին. այս կէտին վրայ իրաւաբանները համաձայն չեն. ամեն պարագայի մէջ ընդունուած է որ գեթ անհատ մը կրնայ դատավարել հասարակութեան իրաւունքէն իրեն բաժինը պահանջելու համար. այս կերպով պարզ անհատը չի պիտի շարժի յանուն հասարակութեան, այլ իր իրաւանաց բաժնին եւ այն օգուտին համար զոր կ’ակնկալէ անձնապէս հասարակութեան օգուտէն։ Այս ձեւին եւ այս սեղմումին տակ կը կարծեմ որ Իտալական դատարանները կը ճանչնան պարզ անհատի մը դատավարելու իրաւունքը (տե՛ս Հռովմի Վճռաբեկ Ատեանի վճիռները վերջին տարիներու մէջ)։

Ուրեմն առաջին դատախազն այն պարզ անհատն է, ազգաւ հայ, զաւկի տէր, անկարող հոգալու այդ զաւկին դաստիարակութեան ծախքերը, իր անձին վրայ միացնելով. վերջապէս այն հանգամանքը որ աղա Սամուէլ Մուրատի բարերարութենէն մասը ու բաժին ստանալու իրաւունքը կը շնորհէ, եւ որ իզուր փնտռելէ յետոյ այն Մուրատեան վարժարանը որուն մէջ իր զաւակը հիւրընկալելու հաւանականութիւնը պէտք է գտնուի, դատարանին կը դիմէ այդ վարժարանի խնամակալներէն պահանջելով որ ցոյց տան իրեն այդ հաստատութիւնը։

Քիչ մը աւելի հեռուն երթալով, կը կարծենք որ Թուրքիոյ հայ հասարակութիւնը, Օսմանեան օրինաց համեմատ ունենալով ուրոյն անհատականութիւն մը եւ ներկայացուած իր Պատրիարքովը, դատարանին առջեւ դատավարելու իրաւունքը կը վայելէ։

Հայոց Պատրիարքին՝ հայ հասարակութեան օրինաւոր ներկայացուցիչը եւ մասնաւորապէս աղքատ հայ մանկըտւոյն դաստիարակութեան խնամակալը ու վերատեսուչը լինելու հանգամանքը (տես Ազգային Սահմանադրութիւն) շատ բացայայտ կերպով Օսմանեան կառաւավարութեան կողմէ հաստատւած ու շնորհուած բան մ’է եւ Իտալական Ատեանը Օսմ. օրինօք պիտի ճշդէ այդ հանգամանքը, միջազգային իրաւաբանութեան սկզբմանց համեմատ։

Եւ եթէ Հայոց Պատրիարքին իրաւասութիւնն ալ անբաւական դատուէր Թուրքիոյ հայ հասարակութիւնը ներկայացնելու, կը կարծենք որ Օսմանեան կառավարութիւնը՝ բոլոր հպատակ հասարակութեանց իրաւունքը ամփոփող անժխտելի Իշխանութիւնը՝ չի պիտի զլանայ հաւատարիմ հայ հպատակացը իրաւունքները պաշտպանելու համար, իր հզօր ազդեցութիւնը ու հովանաւորութիւնը շնորհել։

Եւ ասոնց ամենուն հետ պիտի միանայ, եթէ ոչ ինքնակամ պիտի շարժի, Իտալեան Ընդհանուր դատախազն իբրեւ պարտաւոր հասարակային օգուտի վերաբերեալ դատի մը մէջ իր գաղափարը ու պահանջումը ներկայացնելու Ատենին։

Ամփոփելով այս ամենը, կը հետեւցնենք որ Իտալեան դատարանի առջեւ առաջին դատախազը պէտք է Հայոց Պատրիարքն ըլլայ, ներկայացուցիչ իր հասարակութեան նիւթական շահուց եւ իրաւանց, որուն պիտի գան միանալ Իտալիոյ մէջ հայ անհատներ, իրենց անհատական իրաւանց բաժինը պահանջելով, որուն գայ պիտի միանալ նաեւ Իտալիոյ Ընդհ. դատախազը՝ գէթ իր ներկայութեամբը զօրացնելւ դատավարող կողմին հանգամանքը, եւ ի վերջոյ նոյն իսկ Օսմ. Կայսրական Կառավարութիւնը՝ պաշտպան կանգնելով իր հպատակ հասարակութեան իրաւունքներուն։

գ. Դատարանէն պահանջուելիք բանը պիտի ըլլայ Մխիթարեանց բռնադատուիլը Մուրատեան վարժարանը հաստատելով ընդունելու հոն՝ այնքան ձրի աշակերտք, որքան Մուրատեան կտակի արդի եկամուտը կը թոյլատրէ, եւ հակառակ պարագային, ուրիշ խնամակալներու անուանումը կտակին գործադրութեան համար։

Դատը՝ այս ձեւին տակ՝ որոշ եւ օրինական կռուանի մը վրայ հաստատուած, Մխիթարեանց համար անխուսափելի կ’ըլլայ թէ՛ անցեալ համարատուութիւնն եւ թէ արդի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարան կոչուած կտակին բացատրութիւնը։

դ. Եւ հուսկ ուրեմն հասնելով ուսումնասիրութեանս վերջի սահմանին կ’ակնկալեմ, կատարեալ հաւատքով կ’ակնկալեմ Իտալիոյ, իրաւունքի գաղափարին մարմնացումը եղող այդ երկրին արդարութենէն՝ մեր հասարակութեան անուրանալի իրաւանց հռչակումը։

Մեր աղքատ տղոց բողոքի ձայնը մեծ ուժով պիտի հնչէ ամեն տեղ, եւ օրէնքը կը պարտաւորէ, կը բռնադատէ Միաբանութիւնը իր յանձնառութիւնները, իր խնամակալի պարտաւորութիւնները ի գործ դնելու իբրեւ ընտանեաց բարի հայր մը (bon pere de famille), նոյն իսկ եթէ լիազօր խնամակալ մը ըլլար. եւ Միաբանութեան դաշնադրութիւնը հոս է ցոյց տալու որ ինքը հեռի, շատ հեռի է ազատ ու անկախ խնամակալ մը լինելէ։

Եւ ասով, միայն հայ հասարակութիւնը չէ որ պիտի շահի իր դատը։ Միաբանութիւնը կամայ կամ ակամայ վերագառնալով իր պարտաւորութեանց ուսկից հարկ էր երբեք չի հեռանալ, իր բարոյական իշխանութիւնը պիտի վորստանայ աշխարհի մէջ, եւ մեր իմացական զարգացման աշխատութեանց մէջ ստանձնէ նորէն այն պատուաբեր առաջնորդութեան յոգնութիւններն որք իր մեծ կոչումէն անբաժան են մեր աչքին։

Մեր այս ուսումնասիրութեան արդիւնաւոր ըլլալուն համար կ’առաջարկենք որ ազգային իշխանութիւնը Մասնախումբ մը կազմէ դատավարական եղանակը վերջապէս ճշդելով գործի սկսելու համար. մեծ ծախքերու պէտք չի կայ զմեզ ահաբեկելու չափ. բարի կամեցողութենէ զատ բանի մը կարօտ չենք եւ համոզուած ենք որ, ամեն կրօնական խտրութիւնները թողլով, Հայերն միահաղոյն իրենց համակրութեան ծափերովը պիտի ողջունեն դատավարութեան սկսելուն լուրը։



[1]            շարք

[2]            այդ գործի հսկիչ